Որոնել

2021 Խաչի Ճանապարհ։ Մարդկութեան տառապանքը դիտուած մանուկներու հայեացքով։

Այս տարի Քահանայապետը աւագ ուրբաթ օրուայ ճանապարհ Խաչիի յուզիչ ու հոգեպարար արարողութեան մտածականներու պատրաստութիւնը յանձնեց մանուկներուն ու պատանիներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի բարի Յիսուս, դուն ալ ինծի նման մանուկ էիր, դուն ալ ինծի նման կը խաղայիր ու գուցէ ինկար եւ վիրաւորուեցար. Դուն ալ դպրոց գացիր ու գուցէ պարտականութիւններդ լաւապէս չի կատարեցիր։ Դուն ալ ունեցար մայր մը ու հայր մը եւ գիտես թէ շատ անգամ անոնց չեմ հնազանդիր երբ կը յորդորեն դպրոցական պարտականութիւններս կատարել, կամ աղբը դափել ու կամ անկողինս ու սենեակս կարգի դնել։ Դուն ալ հետեւեցար քրիստոնէականին եւ աղօթքին ու գիտես թէ միշտ չէ որ ուրախութեամբ կ՛երթամ այնտեղ։

Դուն սիրելի Յիսուս գիտես թէ աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ մանուկներ, որոնց կը պակսի սնունդը, կրթութիւնը, չարաշահուած են եւ ստիպուած պատերազմելու։

Օգնէ մեզի, որպէսզի ամէն օր կրենք մեր խաչը այնպէս ինչպէս դուն կրեցիր զայն։ Օգնէ մեզի, որպէսզի միշտ աւելիով բարի դառնանք, ըլլանք այնպէս ինչպէս դուն կ՛ուզես որ մենք ըլլանք։ Եւ շնորհակալ ենք քեզի,  որ միշտ մեր մօտ ես ու երբեք մեզ չես լքեր, մասնաւորապէս երբ վախի մէջ ենք։  Եւ շնորհակալ եմ, որ ինծի ուղարկեցիր պահապան հրեշտակը, որ ամէն օր զիս կը պաշտպանէ եւ կը լուսաւորէ։ Ամէն»։

Այս աղօթքով է, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած 2021-ի ճանապարհ խաչիի արարողութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։

Խաչի ճանապարհը

Աւագ Ուրբաթ օրուան յատուկ այս աւանդական արարողութիւնը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենար Հռոմի Քոլլոսէումի աշխարհահռչակ Ամփիթատրոնի տարածքին։  Սակայն Համաճարակի տարածումի կանխարգիլման ուղղութեամբ  որդեգրուած սահմանափակումներու բերումով որոշուեցաւ երկրորդ տարուայ համար զայն կատարել Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, շատ փոքր թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, որոնց մեծամասնութիւնը կազմուած էին մանուկներէ եւ պատանիներէ ու անոնց ծնողներէ։ Նոյն այն պատանիներն ու մանուկները որոնց Քահանայապետը յանձնած էր այս տարուայ խաչի ճանապարհին մտածականներու պատրաստութիւնը։

Մարդկութեան տառապանքները դիտել  մանուկներու անմեղ աչքերով

Աւելի քան 170 հաստատութիւններ կապ հաստատած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին հետ։Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն հայեացքները անգամ մը եւս կեդրոնացած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ու միացած աղերսական աղօթքներուն ու մտածականներուն զոր պատրաստած  էին  Հռոմի «Ուկանտայի մարտիրոսներ» ժողովրդապետութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական Աճեշի «Foligno I» խումբին պատանիները եւ Հռոմի երկու ընտանեկան ապաստանարաններուն մաս կազմող մանուկները։ Անոնք իրենց  հայեացքով ներկայացուցին աշխարհին ու մարդկութեան տառապանքը զոր արտայայտեցին ոչ միայն խորհրդածութիւններու միջոցաւ այլ նաեւ գծագրութիւններով։ 

Արդարեւ Քահանայապետը անոնց յանձնելով մտածականները հրաւէր ուզեց ուղղել մեզի մարդկութեան տառապանքները դիտելու անոնց անմեղ աչքերով։ Ան Տեսակէտով մը մեզմէ խնդրեց, որ մենք ալ մանկանանք ու աշխարհը դիտենք անոնց տեսանկիւնէն։

Յիսուսի չարչարանքներու 14 կայանները

14 կայաններու բացատրութիւններն ու մեկնաբանութիւնները արդարեւ տարբեր էին անցած տարիներու մեկնաբանութիւններէն։ Անոնք կը ներկայացնէին մանուկներու ամենօրեայի իրադարձութիւնները, ապրուած կեանքը, փորձառութիւնները, զանոնք պատշաճեցնելով Յիսուսին չարչարանքի 14 կայաններուն։

14 կայաններ որոնցմէ ամէն մէկուն սկիզբը կարդացուեցաւ Աւետարանական հաստուած մը, որ կը ներկայացնէր  կայանին իրադարձութիւնը։ Անոր հետեւեցաւ հակիրճ խորհրդածութիւն  մը ապա աղօթք մը, միշտ պատրաստուած պատանիիններ ու կողմէն։ Ամէն մէկ կայանի մտածականի եւ աղօթքի աւարտին Քահանայապետը արտասանեց յատուկ աղօթք մը որուն հետեւեցաւ Հայր Մեր աղօթքը։

Ամէն մէկ կայանին՝ խաչին ընկերացան խումբ մը մանուկներ չափահասներու առաջնորդութեամբ։

Եզրափակիչ  աղօթք

Արարողութեան եզրափակիչ  աղօթքը կատարեցին չափահասները Ամենաբարի Աստուծմէ հայցելով, որ օգնէ զիրենք, որպէսզի դառնան մանուկներ, վերագտնելով անոնց հայեացքին  ու սրտին մաքրութիւնը։

«Քեզմէ կը խնդրենք որ օրհնես եւ պաշտպանես աշխարհի իւրաքանչիւր մանուկ, որպէսզի աճի տարիքով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով, որպէսզի ճանչնայ  եւ հետեւի քու բարի ծրագիրիդ զոր դուն մտածեցիր իւրաքանչիւրի համար։

Տէր օրհնէ նաեւ ծնողները ու բոլոր անոնք, որոնք անոնց հետ կը համագործակիցն ի նպաստ մանուկներու դաստիարակութեան, որպէսզի միշտ աւելիով իրենք զիրենք զգան միացած Քեզի` կեանք եւ սէր պարգեւելու մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2021, 22:03