Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուքի մահուան կապակցութեամբ։
Վատիկան Նիուզ
Հինգշաբթի 29 ապրիլ 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Սէուլի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անտրիու Եէոմ Սու – Եունկին որուն մէջ իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց եւ իր աղօթքները ապահովեցուց Անոր, կղերական դասին ու Սէուլի Աւագ Թեմի բոլոր հաւատացեալներուն Կարդինալ Նիքոլաս Շէոնկ Ժինսուքիի մահուան առիթով։
«Միացած ձեզի Կարդինալ Ժինսուքի տարիներու բազմավաստակ ծառայութեան համար Քորէայի Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռին ի նպաստ, կը միանամ նաեւ բոլոր անոնց որոնք կը մասնակցին յուղարկաւորութեան սուրբ պատարագին, ննջեցեալի հոգին յանձնելով Քրիստոսի` Բարի Հովիւի գթասիրտ սիրոյն» գրեց Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրին մէջ ապա բոլոր անոնց` որոնք կը սգան ննջեցեալ Կարդինալին մահը ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնները, որպէս մխիթարութեան եւ Յարուցեալ Տիրոջ մէջ խաղաղութեան գրաւական։