Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Ֆիլիփ իշխանին մահուան առիթով։

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ Թագուհիին ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի ամուսին, Ֆիլիփ իշխանին մահուան առիթով, Վատկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ Թագուհիին ։

Ունկնդրէ լուրը

Ցաւակացագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին նշած է որ ֆրանչիսկոս Պապ տխրութեամբ իմանալով Էտինպուրկի դուքս Փիլիփ իշանին մահուան լուրը, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ թագաւորական ընտանիքի անդամներուն։

Յիշելով Ֆիլիփ իշխանին նուիրուածութիւնը ընտանեկան եւ ամուսնական կեանքին, ինչպէս նաեւ անոր հանրային ծառայութիւնը ու յանձնառութիւնը ապագայ սերունդներուն կրթութեան եւ զարգացման ի սպաս, Նորին Սրբութիւնը զայն կը յանձնէ Քրիստոսի ողորմուած սիրոյն։

Կարդինալ Փարոլին ցաւակցագիրը աւարտած է նշելով թէ ֆրանչիսկոս Պապ Տիրոջ մխիթարութեան եւ խաղաղութեան օրհնութիւնները կը հայցէ, յոյսով եւ Քրիստոսի Յարութեան վստահութեամբ իշխանին մահը ողբացողներու եւ Թագուհի Էլիզապէթի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 13:00