Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ  Հռոմի Ռաբունապետ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Հռոմի Ռաբունապետ

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին Հռոմի հրէաներու տաճար այցելութեան 35-րդ ամեակը։

Երկու կրօններու ներկայացուցիչներու ողջագուրումը գերազանցեց Աստուածաբանական բոլոր դժուարութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

13 ապրիլի 1986ին, քահանայապետերուն շարքին առաջին անգամուան համար Հռոմի հրէաներու տաճար այցելեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, հանդիպելով Ռաբունապետ Էլիօ Թուաֆին հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Պապին հրէաներու տաճար այցելութեան հիմքը կը գտնենք Nostra Aetate Վատիկանեան Տիեզերական փաստաթուղթին մէջ ինչպէս նաեւ իրեն նախորդ Պապերուն աղօթքներու մէջ։

Տաճար այցելութեան ընթացքին արտասանած ճառին մէջ ՅՊԲ պապը ընդգծեց քրիստոնէութեան կապերը հրէականութեան հետ, ապա յիշելով «եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները ոչ քրիստոնեայ կրօններու հետ» փաստաթուղթը նշեց թէ եկեղեցին կը ցաւի ատելութիւններու եւ հակասեմական դրսեւորումներու համար։

Սուրբ ՅՊԲ ապա օրհնեց տաճարի մէջ ներկայ գտնուողները յիշելով Յովհաննէս ԻԳ Պապին օրհնութիւնը հռոմի տաճարէն դուրս գտնուող հրէաներուն, որ կատարած էր շաբաթ օրով անցնելով տաճարի մօտակայքէն։

Մինչ Ռաբունապետ Թուափ իր արտասանած խօսքի մէջ յիշեց Վատիկանեան Տիեզերական փաստաթուղթն ու Յովհաննէս Իգ Պապը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ՅՊԲ պապին այցելութեան համար, սահմանելով զայն պատմութեան անցնող կարեւոր եղելութիւն։ Ռաբբունապետ ապա յիշեց Յովհաննէս ԻԳ Պապը որ շաբաթ օրով մը անցնելով Հռոմի հրէաներու տաճարի մօտակայքէն օրհնեց տաճարէն դուրս ելող հրէաները սոյն օրհնութիւնը նկատեց ժեսթ մը որուն հիմքը կը գտնենք nostra Aetate փաստաթուղթին մէջ։

Պատմական մեծ արժէք ունեցող եղելութիւն մը, որ յեղաշրջեց երկու աշխարհներու միջեւ գտնուող յարաբերութեան կապերը։ 

Հռոմի Ռաբունապետ Տի Սենյի Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրբ ՅՊԲ պապին հռոմի տաճար այցելութեան նշեց թէ այդ այցելութիւնը պատմական մեծ արժէք ունեցող եղելութիւն մըն է, որ յեղաշրջեց երկու աշխարհներու միջեւ գտնուող յարաբերութեան կապերը ընդգծելով նաեւ որ երկու կրօններու ներկայացուցիչներու ողջագուրումը գերազանցեց Աստուածաբանական բոլոր դժուարութիւնները։

Ռաբունապետը յիշեց նաեւ հինգ տարի առաջ ֆրանչիսկոս Պապին հռոմի տաճար այցելութիւնը ինչպէս նաեւ 2010ին Պենետկիկտոս ԺԶ պապին այցելութիւնը նշելով, որ քահանայապետերը ընդգծեցին հրէաներու հետ բարեկամութեան , երկխօսութեան, ուղիին վրայ ընթանալու կարեւորութիւն որուն մասին նշուած է Nostra aetate մէջ։

Խօսելով համաճարակի խնդիրներու մասին Ռաբունապետը նկատել տուաւ, որ այդ մարտահրաւէրներուն պէտք ենք պատասխանել արժէքներկրող կառոյցներով ընդծելով որ համաճարակի աւարտին դէմ յանդիման պիտի գտնուինք հարցերու եւ պիտի դիմագրաւենք փոփոխութեան ենթարկուած ընկերութիւն մը, որուն մէջ բոլոր սովորութիւնները փոխուած են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2021, 11:53