Որոնել

Կարդինալ Քասիտի Կարդինալ Քասիտի 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Էտվարտ Կասիտիին մահուան առիթով։

Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահ կարդինալ Էտվարտ Քասիտին հոգին աւանդեց Աւստրալիոյ Նիւ Քասթէլ քաղաքին մէջ շաբաթ, 10 ապրիլին, լուրը հաղորդեց Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու համաւաք դասը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 14 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ ցաւակցագիր յղեց Աւստրիոյ մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ատոլֆօ Թիթօիլանային, Կարդինալ Էտվարտ Իտրիս Քասիտիին վախճանումին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Ցաւակցական գիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ տխրութեամբ իմացանալով Կարդինալ Էտվարտ Իտրիս Քասիտիին մահուան լուրը, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ , երախտագիտութեամբ յիշելով ծիրանաւորին վերջին տարիներու տածած աշխատանքները սուրբ Աթոռին ի սպաս ինչպէս նաեւ հանգուցեալին եռանդը աւետարանումի եւ քրիստոնեաներու միութեան զարգացման ի խնդիր։

Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնելով կարդինալ Էտվարտին հոգին երկնաւոր հօր սիրոյ ողորմածութեան, իբրեւ խաղաղութեան եւ մխիթարութեան նշան իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցէ բոլոր անոնց որոնք Յարութեան յոյսով կը ողբան կարդինալի մահուան լուրը։ նշուած է ցաւակցական գիրին մէջ։

Յայտնենք, թէ, քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահ կարդինալ Էտվարտ Քասիտին հոգին աւանդեց Աւստրալիոյ Նիւ Քասթէլ քաղաքին մէջ  շաբաթ, 10 ապրիլին, լուրը հաղորդեց Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու համաւաք դասը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2021, 13:13