Որոնել

Քահանայական ձեռնադրութիւն Քահանայական ձեռնադրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ ինը նոր քահանաներ պիտի ձեռնադրէ Հռոմի թեմին համար

Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակը, երկուշաբթի, 19 ապրիլին հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ 25 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ձեռնադրէ նոր ինը քահանաները, հռոմի թեմի համար։

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնադրուելիք սարկաւագները ուսանած ու կազմաւորուած են իրենց թեմական հաստատութիւններէն ներս. 6 սարկաւագներ ուսանած են Հռոմի Հռոմէական Աւագ քահանայապետական նորընծայարանէն ներս, երկու սարկաւագներ ուսանած են Ռետեմթորիս Մաթեր նորընծայարանին մէջ իսկ այլ սարկաւագ մը Տիվինօ Ամորէ Տիրամօր նուիրուած նորընծայարանին մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իբրեւ քահանայապետ կը վերադառնայ քահանայ ձեռնադրելու իր թեմին համար։ Անցեալ տարի, Համաճարակի պատճառով, քահանայական ձեռնադրութիւնները յետաձգուեցան ու տեղի ունեցան ձեռամբ Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս, Կարդինալ Անճէլօ Տէ Տոնադիսին, Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան եկեղեցիէն ներս։

Ձեռնադրուելիք սարկաւագները ցարդ կը գտնուին հոգեւոր կրթութեան մէջ, պատրաստուելու համար քահանայական ձեռնադրութեան։ նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2021, 12:56