Որոնել

Անչափահասի մը լուսանկար Անչափահասի մը լուսանկար 

Յանուն ֆրանչիսկոս Պապին, Կարդինալ Փարոլինի պատգամը սեռային չարաշահումի վեհաժողովի մասնակիցներուն

վեհաժողովի առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը յղեց Պոսթոնի թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Օ Մալէյին։

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

8էն-10 ապրիլին, տեղի կ՝ունենայ անչափահասներու սեռային չարաշահումի վերաբերեալ միջազգային վեհաժողով՝« Հաւատք եւ բարգաւաճում»նիւթով, «Հարվարտ» Համալսարանէն ներս։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ վեհաժողովի առիթով Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին պատգամ մը յղեց Պոսթոնի թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Օ Մալէյին։

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ուրախութեամբ իմացած է միջազգային վեհաժողովի մասին, որ ունի իբրեւ նիւթ «հաւատք եւ բարգաւաճում, որոնք անչափահասներուն սեռային չարաշահումի կանխարգիլման ու բուժման ռազմավարութիւններ են։

Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը վստահ է, որ կրօնապետերուն, ուսումնասէրներու եւ տարբեր մասնագէտներուն վեհաժողովը կիսելու համար՝ հովուական ծառայական եւ գիտական ուսումնասիրութիւնները վեհաժողովին պիտի նպաստեն սեռային չարաշահումի ծանրութեան իրազեկումը եւ պիտի խթանեն արդիւնաւէտ համագործակցութիւն հասարակութեան բոլոր մակարդակներէն ներս,  այդ խորին չարիքը արմատախիլ ընելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այն բոլոր ջանքերուն համար, որոնք կը գործադրուին բարեկեցութիւն ապահովուելու Աստուծոյ զաւակներուն եւ վերստին փոխանցելու յոյս ու արժանապատւութիւն այդ չարիքէն վերապրողներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ բարի աշխատանք կը մաղթէ եւ իր իր ողջոյնները կը փոխանցէ վեհաժողովի բոլոր մասնակիցներուն։ գրեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2021, 12:00