Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը Վատիկանի մէջ պատուաստ ստացող տնանկներուն։

Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Վատիկանի Քովիտ19-ի կանխարգիլման կեդրոնին ողջունելով առողջապահական գործիչները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մինչ Վատիկանի մէջ կը շարունակուին  աղքատներու եւ տնանկներուն տրամադրուած պատուաստումները,  ուրբաթ 2 ապրիլ 2021-ի առաւօտեան ժամը 10-ի շուրջ, աւագ ուրբաթ օրը, Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճի մուտքի սրահին մէջ կազմակերպուած Վատիկանի Քովիտ19-ի կանխարգիլման կեդրոնին, ուր տեղի կ՛ունենային աղքատներուն եւ տնանկներու վերապահուած պատուաստումները։

Սրբազան Պապը ողջունեց բժիշկներն ու հիւանդապահները ապա զրուցեց պատուաստը ստանալու կարգ սպասող անձանց հետ։

Պատուաստ 1200 կարիքաւորներու

Յայտնենք թէ մինչեւ օրս նախատեսուած 1200 կարիքաւորներէն 800-ը արդեն ստացան պատուաստը իսկ մնացածները զայն պիտի ստանան շաբթուայ ընթացքին։ Այս կարիքաւորներու խումբին պատուաստ մատակարարելու նախաձեռնութիւնը կազմակերպած է Քահանայապետի Ողորմաբաշխութեան գրասենեակը, որպէս շօշափելի նշան Քահանայապետի զանազան կոչերուն, որոնք կը հային քովիտ19 պատուաստի անհրապուրութիւնը ընծայելու բոլորին,  առանց բացառութեան կամ խտրականութեան։

Քրիստոսի խաչը սէր կ՛արտայայտէ

Այս առթիւ նշենք նաեւ թէ աւագ ուրբաթ օրուան առթիւ Քահանայապետական թուիթրեան կայքին վրայ հրապարակուած մէկ գրառումով Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ «Քրիստոսի խաչը սէր կ՛արտայայտէ, անվերապահ անձնանուիրում. Ան իսկապէս Կեանքի ծառն է, յորդառատ կեանքին»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2021, 12:00