Որոնել

Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապը աղքատութեան եւ անհաւասարութեան դէմ. «Մարդկային հիմնարար իրաւունքները»

Աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն պայքարելով հիմնարար իրաւունքներուն ի սպաս, բռնատիրութիւններու, բռնարար վարչակարգերու եւ նոյնինքն ճգնաժամի մէջ գտնուող ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, որպէսզի անոնք կարողանան տեսնել իրենց զոհողութիւններն ու աշխատանքը առատ պտուղներ պարգեւել»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարդու հիմնարար իրաւունքները պաշտպանելը կը պահանջէ խիզախութիւն և վճռականութիւն:

Նկատի ունիմ` գործնական կերպով հակադրել աղքատութեան, անհաւասարութեան, հողի, տուներու, ընկերային և աշխատանքային իրաւունքներու բացակայութեան։

Մտածենք, որ բազմիցս մարդու հիմնական իրաւունքները բոլորին համար նոյնը չեն:

Կան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասակարգի մարդիկ ու մարդիկ որոնք «մնացորդ» նկատուած են։ Ոչ. Իրաւունքները պէտք է հաւասար ըլլան բոլորին համար։

Որոշ վայրերու մէջ մարդկանց արժանապատւութիւնը պաշտպանելը կարող է նշանակել բանտարկութեան ենթարկուիլ, նոյնիսկ առանց դատավարութեան: Եւ կամ կարող է զրպարտութիւն նշանակել։

Ամէն մարդ արարած իրաւունք ունի զարգանալու համապարփակ կերպով, եւ այս հիմնարար իրաւունքը չի կրնար ժխտուիլ որեւէ երկրի կողմէ։

Աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն պայքարելով հիմնարար իրաւունքներուն ի սպաս, բռնատիրութիւններու, բռնարար վարչակարգերու եւ նոյնինքն ճգնաժամի մէջ գտնուող ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, որպէսզի անոնք կարողանան տեսնել թէ ինչպէս իրենց զոհողութիւններն ու աշխատանքը առատ պտուղներ կը պարգեւեն»։

Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2021-ի Ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը զոր ան սովորութեան համաձայն ներկայացուց լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ «Քահանայապետին տեսերիզը» խորագիրով «Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի» նախաձեռնութեամբ։

Իւրաքանչիւր անհատ ունի համապարփակ զարգացումի իրաւունք

Ան իր այս դիտաւորութեամբ կ՛ուզէ անգամ մը եւս հաստատել ամէն մէկ անհատի համապարփակ զարգացումի իրաւունքը եւ կ՛աղօթէ յատկապէս անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն պայքարելով հիմնարար իրաւունքներուն համար։

Երբ կը խօսինք հիմնարար իրաւունքներու մասին նկատի կ՛առնուին այն իրաւունքները, որոնք կը պատկանին բոլոր անհատներուն, անկախ անոնց ազգութենէն, սեռէն, ցեղային կամ ազգային պատկանելիութենէն, գոյնէն, կրօնէն, լեզուէն եւ որեւէ այլ պայմաններէն։

Մարդկային իրաւունքի համընդհանուր հռչակագիրը

ՄԱԿ-ի կողմէ 1948-ին որդեգրուած «Մարդկային իրաւունքի համընդհանուր հռչակագիրը» եղաւ իրաւական առաջին փաստաթուղթը, որով որոշուեցաւ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Եկեղեցւոյ ուսուցումին մէջ եւս մարդկային իրաւունքները կը գրաւեն կեդրոնական տեղ եւ Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր կը մատնանշէ յատկապէս աշխատանքի, տունի, հողի եւ սնունդի անվտանգութեան իրաւունքներու մասին։

«Քահանայապետին հրաւէրը աղօթելու մարդոց ու կիներուն համար, որոնք կը պայքարին մարդկային հիմնարար իրաւունքներուն համար, հրաւէր է յիշելու այդ մարդիկն ու կիները ու զանոնք չի մոռնալու» նշեց այս առթիւ «Քահանայապետի աղօթքի միջազգային ցանց»ի տնօրէն Ֆայր Ֆրետերիք Ֆորնոսը իր կարգին հրաւիրելով միանալու այդ աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2021, 17:00