Որոնել

Քոլոմպիայի մէջ պատուաստում Քոլոմպիայի մէջ պատուաստում 

Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիայի նկատմամբ հոգատարութիւնը. շնչառութեան գործիքներ եւ դիմակներ որպէս նուէր։

Քահանայապետը Քոլոմպիայի մէջ Առաքելական Նուիրակութեան միջոցաւ Քոլոմպիային ուղարկեց քորոնավիրուսի հիւանդներուն բուժման յատկացուելիք բժշկական միջոցներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիտ19էն վիրաւոր Լատին Ամերիկայի մէջ, ուր անցեալ օրերուն համաճարակի պատճառաւ մահացածներու թիւը գերազանցեց 700 հազարը, Ֆրանչիսկոս Պապին բարեսիրութիւնը կը հասնի բալասանի նման։ Այս անգամ Քահանայապետական նուէրներուն հասցէատէրն է Քոլոմպիան, որուն Նորին Սրբութիւնը, տեղւոյն Առաքելական Նուիրակութեան միջոցաւ ուղարկեց` քովիտ 19 վիրուսէն վարակուած հիւանդներուն խնամքի յատկացուած բժշկական եւ վիրաբուժութեան միջոցներ. չորս թոքերու շնչառական գործիքներ, մեծ քանակով պաշտպանիչ դիմակներ և ակնոցներ:

Լուրը կը հաղորդէ Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կայքէջը նշելով, որ այս նուէրները յանձնուեցան Քուիպտօ թեմի եպիսկոպոսին, որպէսզի զանոնք բաժնէ տեղական հիւանդանոցներուն։

«Քահանայապետին այս ժեստը կը միանայ Ֆրանչիսկոս Պապի շարունակական մտահոգութեանը Քոլոմպիայի նկատմամբ անոր տարբեր ոլորտներուն մէջ» յայտնած են Քոլոմպիայի եպիսկոպոսները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ անգամ մը եւս ընդգծելով իրենց երախտագիտութիւնը Սրբազան Պապին գուրգուրանքի եւ հոգատարութեան համար։

Սրբազան Քահանայապետին հոգատար մօտիկութիւնը

Առաջին անգամը չէ, որ Սրբազան Պապը այսպիսի բարեսիրական հոգ եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք տակաւին մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իր տես առողջապահական ճգնաժամին։ Մէկ տարի առաջ եւս, Ան իր անուանակոչութեան տօնին առթիւ (23 Ապրիլին), շնչառութեան գործիքներ նուիրեց Իտալիոյ, Սպանիայի եւ Ռումանիայի մի քանի հիւանդանոցներուն, ապա տարբեր բուժարաններուն ուղարկած էր պաշտպանողական դիմակներ եւ ակնոցներ։

Նուէրներու բաշխումով կը զբաղի ընդհանրապէս Առաքելական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակը ու գրասենեակի ղեկավար Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, որ անցեալ տարի Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր թէ Քահանայապետին այդ ժեստը իւրայատուկ է ու թէ Ան իր «անուանակոչութեան օրը փոխանակ նուէրներ ստանալու ուզած էր ինք նուէր ընել ուրիշներուն»։

Ամառնային շրջանին եւս Նորին Սրբութիւնը Պրազիլ ուղարկած էր բժշկական կարեւոր գործիքներ, որպէս օժանդակութիւն եւ հոգատարութեան արտայայտութիւն, հանդէպ երկրի մը, որ համաճարակի հարուածին տակ կ՛ապրի շատ ծանր իրավիճակ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2021, 13:54