Որոնել

Երիտասրադ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ Երիտասրադ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ 

Երիտասարդ Պերկոլիոն` «Գիշերային երկրպագու»։

Սպանական "Alfa y Omega" շաբաթաթերթին ուղղած նամակով մը Քահանայապետը կը յիշէ իր եղբօր հետ կիսած գիշերային աղօթքի փորձառութիւնը Պուէնըս Այրէսի Ամենասուրբ Հաղորդութեան Պազիլիքային մէջ ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յուզուեցայ». Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Սպանական "Alfa y Omega" շաբաթաթերթին ուղղած իր նամակին մէջ Պուէնըս Այրէսի Ամենասուրբ Հաղորդութեան Պազիլիքայէն ստանալէ ետք գրանցամատեանի լուսապատճէնը, որուն մէջ արձանագրուած են «գիշերային երկրպագու»ներու անունները, այսինքն անոնց` որոնք երեկոյեան ժամը ինէն ետք, Սուրբ հաղորդութեան առջեւ երկրպագութեան աղօթք կը կատարէին հերթափոխութեամբ։ Անոնց շարքին էին նաեւ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն ու անոր եղբայրը Օսքարը, որոնք 1954-1955 թուականներուն կիսեցին այդ աղօթքի փորձառութիւնը, որ յատկանշուած էր հիմնական մէկ անձնաւորութեան մը ներկայութեամբ` Հայր Խօսէ Արիսթին, որ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ ապագայի Քահանայապետ ` Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի կեանքին մէջ։

Աղօթքի շաբաթ օրերը

"Venite adoremus – Եկէք երկրպագենք» նախադասութիւնն է զոր Ֆրանիսկոսը կը յիշէ յուզմունքով։ Նախադասութիւն` որ կ՛օգտագործէին «երկրպագու»ները։ Նամակին մէջ Քահանայապետը կը յիշէ թէ բազմաթիւ եղան այն շաբաթ օրերը որոնց ընթացքին ինք մասնակցեցաւ աղօթքին։ «Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդութիւնը սկիզբ կ՛առնէր երեկոյեան ինին Հայր Արիսթիին քարոզէն ետք» կը գրէ Սրբազան Պապը ատնանշելով նաեւ, թէ իր մէջ կոչումի բոցը արդեն վարուած էր ու թէ այս «գիշերային երկրպագութեան» փորձառութիւնը մեծ հետք թողուց իր վրայ։

Հայր Արիսթէին վարդարանը

Սրբազան Քահանայապետը կը պատմէ նաեւ թէ Հայր Արիսթին իր մահկանացուն կնքեց 1996-ի Զատիկին ու թէ ինք, որպէս օգնական եպիսկոպոս կը մօտենայ անոր դիակին ու անոր ձեռքին կը խլէ վարդարանը ու կը խնդրէ «ինծի քու ողորմութեանդ կէսը նուիրէ»։

Այդ օրէն ետք Հայր Արիսթիի վարդարանը անբաժան ընկերը դարձաւ այդ ժամանակուայ Պերկոլիոյ եպիսկոպոսին ապա կարդինալ եւ այժմ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Քահանայապետը կը նշէ թէ ինք այդ վարդարանը միշտ կը կրէ իր հետ, թէեւ Քահանայապետին կապան գրպան չունի «բայց ես հետս կը տանիմ կտաւէ փոքրիկ տոպրակ մը, որուն մէջ կը պահեմ վարդարանը» կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով. «Ես անով կը զգամ շնորհքը ողորմած քահանայի մը, քահանայի մը, որ մօտեցաւ մարդոց վէրքերուն եւ բարիք գործեց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2021, 12:00