Որոնել

Ափրիկէ, գաղթականներ Ափրիկէ, գաղթականներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Տիար Ֆիլիփօ Կրանտին. «Թող աշխարհը լսէ փախստականներու աղաղակը։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձ յանձնակատար Տիար Ֆիլիփօ Կրանտիմ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 16 ապրիլին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետ ընդունեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձր յանձնակատար Տիար Ֆիլիփօ Կրանտիմ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին, քննարկումի նիւթ հանդիսացան գաղթականութեան աղքատութեան, համաճարակի տագնապի հայող լուրեր։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Վատիկանի Ռատիոկայնաի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձր յանձնակատար, Տիար Ֆիլիփօ Կրանտիմ ընդգծեց որ համաճարակի տնտեսական տագնապի ամենէն շատ տուժուածներն են գաղթականներն ու տեղահանները, որոնց նկատմամբ մարդասիրական գործունէութիւնները նոյնիսկ՝ քաղաքական նիւթեր դարձան։

Ֆրանչիսկոս Պապն ու  ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձր յանձնակատարը անդրադարձած են կեդրոնական Ամերիկայի, հարաւային Ամերիկայի եւ Վենեզուելլայի գաղթականներու հայող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ զրուցած են Լիբանանի տագնապի խնդիրներու մասին շեշտելով, որ Եւրոպան անհրաժեշտ է որդեգրէ միջոցներ, ընդունելու համար գաղթականները։

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձր յանձնակատար, Տիար Ֆիլիփօ անդրադարձաւ անտարբեր, խուլ աշխարհի թերութիւններուն, որոնք չեն լսեր դժուարութեան մէջ գտնուող՝ գաղթականներուն, խոցելիներուն աղերսները։ Ան քաջալերեց ընդառաջել ֆրանչիսկոս Պապին աշխարհի բոլոր երկիրներու ուղղած զօրակցութեան կոչին, եղբայրութեան պատգամներուն։

Նշենք, որ գաղթականներու հարցով ՄԱԿի բարձր գրասենեակը հիմնուած է 1950 թուականին ունենալով երեք տարի ժամկէտ։ «Դժբախտաբար այդ գրասենեակը տակաւին անհրաժեշտ է ու  կը գործէ» ըսաւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձր յանձնակատարը աւեցլնելով, որ այս տարի՝ 2021 ին կը յիշատակուի գաղթականներու իրաւունքներուն  համաձայնագիրը, փաստաթուղթ մը, հակառակ իր տարիքին կը շարունակէ այժմէական ըլլալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ֆիլիփօ Կրանտի
Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ֆիլիփօ Կրանտի

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2021, 09:22