Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը 2021-ի Աստուածային Ողորմութեան տօնին օրուան առիթով։

Այսօր օրն է մենք մեզի հարց տալու «ես` որ շատ անգամ ընդունեցայ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, Անոր ներումը, Անոր ողորմութիւնը, իմ կարգիս ողորմա՞ծ եմ ուրիշներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 11 ապրիլ 2021-ին Եկեղեցին կը տօնէ Աստուածային Ողորմութեան տօնը, որուն առթիւ Սրբազան Պապը անցեալ տարուայ պէս եւ ի տես համաճարակի կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած դրոյթներուն, պատարագը մատոյց «Santo Spirito in Sassia» Վատիկանի մօտակայքը գտնուող եւ Աստուածային Ողորմութեան ուխտավայր հանդիսացող եկեղեցւոյ մէջ շատ փոքր թիւով հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ, որոնց շարքին էին գաղթականներ, բանտարկեալներ եւ առողջապահական մարզի գործիչներ։

Սրբազան Արարողութեան ընթացքին իր ներկայացուցած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ Քահանայապետը յատուկէն անդրադարձաւ օրուան տօնի նշանակութեան ներշնչուելով ու մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը ուր կը պատմուի Յիսուսին յարութենէն ետք Անոր աշակերտներուն երեւնալուն դրուագը։

Յիսուս կը վերականգնեցնէ ողորմութեան միջոցաւ 

«Յարուցեալ Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛երեւնայ բազմաթիւ անգամներ։ Ան համբերութեամբ կը մխիթարէ անոնց յուսալքուած սրտերը, գործելով ի նպաստ անոնց յարութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը քարոզին սկիզբը դիտել տալով, թէ Տէրը իր աշակերտներուն տուաւ օրինակներ եւ փոխանցեց խօսքեր, որոնք սակայն չի կարողացան զանոնք փոխակերպել եւ ահա այժմ Զատկուան առթիւ Յիսուս զանոնք կը վերականգնեցնէ ողորմութեան միջոցաւ եւ անոնք ողորմութիւնը ընդունելէն ետք կը դառնան ողորմածներ։

Երեք պարգեւներ. խաղաղութիւն, Սուրբ Հոգին ու վէրքեր

«Անոնք առաջին հերթին ողորմութիւն կ՛ընդունին երեք պարգեւներու միջոցաւ. Նախ եւ առաջ Յիսուս անոնց կը նուիրէ խաղաղութիւնը, ապա Սուրբ Հոգին եւ ի վերջոյ վէրքերը», յայտնեց Քահանայապետը նշելով, որ Յիսուսի մահէն ետք աշակերտները, որոնք լքած եւ ուրացած էին Յիսուսը, իրենք զիրենք զգացին անկարող եւ սխալի մէջ։ Յիսուս կը հասնի ու անոնց երկու անգամ կը կրկնէ «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Ան չի բերեր խաղաղութիւն մը, որ հարցերը կ՛անհետացնէ այլ խաղաղութիւն` որ վստահութիւն կը ներշնչէ ներքնապէս։ Ոչ թէ արտաքին խաղաղութիւն. այլ սրտի խաղաղութիւն։

Յիսուս կ՛ըսէ «խաղաղութիւն ձեզի. Այնպէս ինչպէս հայրը զիս ղրկեց ես ալ ձեզ կը ղրկեմ» (Յովհ. 20, 21)։ Կարծես ըսել կ՛ուզէ «ես ձեր վրայ կը վստահիմ» յարեց Սրբազան Պապը։

Յիսուսին խաղաղութիւնը առաքելութիւն է

«Այդ յուսալքուած աշակերտները այդ պահուն կը գտնեն սրտի անդորրութիւնը։ Յիսուսին խաղաղութիւնը հանգստութիւն չէ այլ առաքելութիւն է, մենք մեզմէ դուրս ելլել է։ Յիսուսին խաղաղութիւնը մեզ կ՛ազատէ մեզ անշարժացնող փակումներէն, կը կոտրէ մեր սիրտը բանտարկող շղթաները։ Եւ աշակերտները իրենք զիրենք կը զգան ողորմուածներ, կը զգան` թէ Աստուած զիրենք չի դատապարտեր, այլ կը վստահի անոնց վրայ» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Աստուած մեզ կը սիրէ մեզմէ աւելի։ Աստուծոյ համար ոչ մէկը անարժէք է, ոչ մէկը բացառուած է»։

Սուրբ Հոգին ու մեղքերու թողութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ Սուրբ Հոգիի պարգեւին։

Յիսուս Սուրբ Հոգին կը պարգեւէ մեղքերու թողութեան համար։ Մենք միայնակ կարող չենք ջնջել մեր մեղքերը։ Միայն Աստուած կարող է ընել այդ մէկը իր մեծ ողորմութեամբ։

Մենք ալ աշակերտներուն նման կարիքը ունինք թոյլ տալու որ ներում ընդունինք։ Սուրբ Հոգիին մէջ ներումը արդարեւ զատկական նուէրն է, որպէսզի մենք յարութիւն առնենք ներքնապէս» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով հայցել Սուրբ Հոգին ընդունելու շնորհքը եւ ողջագուրել խոստովանանքի խորհուրդը։

«Մենք յաճախ կ՛իյնանք մեղքի մէջ, սակայն Հօր Աստուծոյ ձեռքը միշտ պատրաստ է մեզ դարձեալ ոտքի կանգնեցնելու եւ այդ վստահելի ձեռքը Խոստովանանքն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ անիկա յարութեան խորհուրդն է , որ է բիւրեղ ողորմութիւն։

Վերականգնող խաղաղութենէ եւ վերակենդանացող ներողութենէն յետոյ Յիսուս իր աշակերտներուն ողորմութիւն կը շնորհէ անոնց նուիրելով իր վէրքերը։ Վէրքեր որոնց միջոցաւ մենք ապաքինեցանք։ Անոնք մեզ բուժեցին ողորմութեան շնորհիւ։ Այդ վէրքերուն մէջ մենք գիտակից կը դառնանք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ մինչեւ վերջ, թէ Ան իրը դարձուց մեր վէրքերը։

«Այդ վէրքերը բաց անցքեր են Անոր ու մեր միջեւ», որոնք ողորմութիւն կը զեղուն մեր թշուառութիւններուն վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Յիսուսին լուսաւոր վէրքերը կը փառատեն մեր ներաշխարհին մէջ գտնուող խաւարը եւ Սուրբ Թովմասի նման կը վերագտնենք Աստուած ու Անոր կ՛ըսենք «Տէր իմ եւ Ասուած իմ»։

Ողորմութիւնը ընդունիլ ու դառնալ ողորմած

«Այս բոլորը սկիզբ կ՛առնէ ողորմութենէն» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը, որ քարոզին վերջին մասին մէջ դիտել տուաւ թէ ինչպէս աշակերտները, որոնք ընդունեցան Տիրոջ ողորմութիւնը իրենց կարգին դարձան ողորմածներ կիսելով իրենց բոլոր ունեցուածքները։

Անոնք փոխակերպուեցան, բացայայտեցին թէ ունին միասնական առաքելութիւն մը` անոնց վախերը անհետացան դպչելով Տիրոջ վէրքերուն եւ այժմ անոնք այլեւս վախ չունին խնամք տանելու կարիքաւորներու վէրքերուն, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնեն Յիսուսը, որովհետեւ Յիսուսը այնտեղ է։

Քոյր, եղբայր, եթէ կարիքը ունիս փաստի մը գիտնալու համար թէ Աստուած դպաւ կու կեանքիդ զննէ եթէ կը հենուս ուրիշներու վէրքերուն վրայ։ Այսօր օրն է մենք մեզի հարց տալու «ես որ շատ անգամ ընդունեցայ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, Անոր ներումը, Անոր ողորմութիւնը, իմ կարգիս ողորմա՞ծ եմ ուրիշներուն հետ։

Անտարբեր չմնանք։ Կիսատ հաւատք մը չապրինք։ Մենք ընդունեցանք ողորմութիւնը, ուրեմն դառնանք ողորմածներ։ Որովհետեւ եթէ սէրը կը վերջանայ մեր մէջ, հաւատքը կը չորնայ։ Առանց ողորմութեան գործերուն ան կը մեռնի։

Թոյլ տանք յարութիւն առնել խաղաղութեան, ներումին ու ողորմած Յիսուսին վէրքերուն միջոցաւ։ Խնդրենք շնորհքը դառնալու ողորմութեան վկաները։ Միայն այդպիսով հաւատքը կենդանի կը դառնայ եւ կեանքը կը միաւորուի։ Միայն այդպէսով մենք կը հռչակենք Աստուծոյ Աւետարանը որ ողորմութեան Աւետարան է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2021, 11:05