Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստանին նուիրեց Քովիտ19 ժահրի դէմ պայքարի համար բժշկական գործիքներ։

Քանաքեռի հայ-կաթողիկէ Առաջնորդարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ օրհնութեան կարգը որուն ընթացքին օրհնուեցաuւ գործածութեան յանձնուեցաւ շտապ օգնութեան գերարդիական նոր մեքենայ մը, որպէսզի անիկա օգտակար դառնայ եւ ծառայէ բոլոր շրջանի կարիքաւորներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի, 25 ապրիլ 2021-ին ՀՀ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ գերապայծառ Խօսէ Ավելինօ Պեթանքուրը, Աշոցքի  «Ռետեմթորէս Մաթեր » կաթողիկէ հիւանդանոցի տնօրէն՝ Հգշ. Հ. Մարիօ Քուքքարոլլոյի հետ, Երևանի հայ կաթողիկէ Համայնքի մասնակցութեամբ, օրհնեցին Քովիտ-19-ով վարակուած հիւանդներու խնամքին յատկացուած բժշկական մի քանի սարքեր։

Սուրբ Պատարագ եւ օրհնութեան կարգ

Նախ քան օրհնութեան կարգը Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ և անմահ Պատարագ, զոր մատոյց Ճեմարանի փոխ տեսուչ Հ. Պետրոս վրդ. Մարաշլեանը։

Պատարագի աւարտին, Պապական Նուիրակը շնորհակալական խօսքով մը հանդէս եկաւ ներկայ հաւատացեալներուն, անոնց փոխանցելով Սրբազան Պապին ողջոյնները ու վստահեցնելով անոր աղօթքները հայ ժողովուրդին համար։

Ուստի Քանաքեռի հայ-կաթողիկէ Առաջնորդարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ օրհնութեան կարգը, որուն ընթացքին օրհնուեցաւ և գործածութեան յանձնուեցաւ շտապ օգնութեան գերարդիական նոր մեքենայ մը, որպէսզի անիկա օգտակար դառնայ եւ ծառայէ բոլոր շրջանի կարիքաւորներուն։

Նշենք թէ Հիւանդանոցի կաթողիկէ Տնօրինութիւնը ձեռքբերեց նաեւ բժշկական յաւելեալ պարագաներ՝ Քովիտ-19 ժահրով վարակուած բազմաթիւ հիւանդներուն փորձաքննելու և բուժելու համար։

 «Բարի Սամարացի» Հիմնադրամը

Նոր գործիքներու ձեռքբերումը հնարաւոր դարձաւ Վատիկանի «Մարդկային համապարփակ Զարգացման Խթանման ծառայութեան» գերատեսչութեան ենթակայութեամբ գործող «Բարի Սամարացի» Հիմնադրամի և Առաքելական Նուիրակութեան համատեղ ջանքերուն շնորհիւ։

2020 թուականի սկզբին  Հիւանդանոցն արդեն ստացած էր արհեստական շնչառութեան գործիքներ, որոնք նուէր էին Հայաստանի և Վրաստանի Քարիդասին։

 «Բարի Սամարացի» Հիմնադրամը, որ Սուրբ Աթոռի հիմնարկներէն  մին է, մաս կը կազմէ  կաթողիկէ բազմաթիւ ու հանրածանօթ հիմնադրամներուն, որոնք, եկեղեցային ա՛յլ հիմնարկներու հետ ներդաշնակ համագործակցութեամբ, իրենց ուշադրութիւնը կը կենդրոնացնեն մարդասիրական կարիքներուն վրայ։

Սուրբ Քամիլլոօ տէ Լելլիսի Միաբանութեան Հայրերը

Աշոցքի « Ռետեմթորէս Մաթեր - Մայր Փրկչի» Հիւանդանոցը ղեկավարուած  է Սուրբ Քամիլլոօ տէ Լելլիսի Միաբանութեան Հայրերու կողմէ, որոնք 25 տարիէ ի վեր կրօնական նուիրումով հոգ կը  տանին  և գրեթէ անվճար կը խնամեն հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կարիքաւոր հիւանդները։

Առաքելական Նուիրակութիւնը վերոնշեալ  նուէրը տրամադրեց հետեւելով Սրբազան Քահանայապետի ուսուցումներուն. շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ նուիրատուներու առատաձեռն վեհանձնութեան համար և ձեռք երկարելով կարիքաւորներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2021, 16:54