Վատիկան Նիուզ
Քահանայապետական արարողութիւններու գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ յառաջիկայ երկուշաբթի 3 Մայիս 2021ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ Դահլիճին մէջ նախատեսուած է Երրորդ Ժամու ժամասացութեան արարողութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ, որուն կը հետեւի Կարդինալական ընդհանուր սովորական ժողովը վաւերացնելու համար հետեւել Երանելիներուն սրբադասումը.
- Տեվասահայամ կոչուած, աշխարհական ու մարտիրոս Երանելի Լածարօ։
- Երանելի Սեզար Տէ Պուս, Քահանայ եւ հիմնադիր Քրիստոնէական Վարդապետութեան հայրերու միաբանութեան։
- Երանելի Լուիճի Մարիա Փալացցոլօ, քահանայ ու հիմնադիր Աղքատներու Քոյրեր հաստատութեան որ ճանչցուած է նաեւ որպէս Փալացցոլօ հաստատութիւն։
- Երանելի Ճուսթինօ Մարիա Ռուսսոլիլլօ, քահանայ եւ հիմնադիր Աստուածային Կոչումներու ընկերութեան եւ Աստուածային Կոչումներու քոյրերու միաբանութեան։
- Երանելի Շառլ տէ Ֆուքօ, թեմական քահանայ։
- Երանելի Մարիա Ֆրանչեսքա Տի Ճեզու, Լոանոյի Քաքփուչին աշխարհական քոյրերու միաբանութեան հիմնադրուհին
հուսկ Երանելի Մարիա Տոմենիքա Մանթովանի, համահիմնադիր եւ առաջին մեծաւոր Սուրբ Ընտանիքի փոքրիկ քոյրերու հաստատութեան։