Որոնել

2021-ի Ճանապարհ Խաչիի մտածականները պատրաստուած պատանիներու կողմէ։ 2021-ի Ճանապարհ Խաչիի մտածականները պատրաստուած պատանիներու կողմէ։  

Քահանայապետի 2021-ի Ճանապարհ Խաչիի մտածականները պատրաստուած պատանիներու կողմէ։

«Դուն ով Յիսուս, միշտ մեզի մօտիկ ես ու երբեք մեզ չես լքեր» կը գրեն պատանիները խնդրելով Յիսուսէն որ օգնէ իրենց, որպէսզի կարենան իրենց ամենօրեայ խաչը շալկել, «այնպէս ինչպէս դուն կրեցիր քու խաչդ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին այս տարի գլխաւորած Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչի արարողութեան դերակատարներն են պատանիները։ Արդարեւ անոնց յանձնուած է շարադրել վերոնշեալ յուզիչ եւ հոգեպարար արարողութեան 14 կայաններուն մտածականները։ Պատանիներ որոնք մաս կը կազմեն Հռոմի «Ուկանտայի մարտիրոսներ» ժողովրդապետութեան, ինչպէս նաեւ սկաուտական Աճեշի «Foligno I» խումբին եւ հռոմի երկու ընտանեկան ապաստանարաններուն։ Անոնց յանձնուած է նաեւ արարողութեան ընթացքին այդ մտածականներու ընթերցումը եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Քահանայապետին նախագահութեամբ ճանապարհ Խաչիի արարողութեան ընթացքին խաչին ընկերանալը։

Աշխարհի մանուկներուն խաչերը

Մանուկներու տառապանքները յաճախ թերագնահատուած են։ Այս առթիւ պատրաստուած գրքոյկի նախաբանին մէջ Պատանիները Յիսուսին դիմելով կը գրեն. «Սիրելի Յիսուս, Դուն գիտես, որ մանուկներս եւս ունինք մեր խաչերը, որոնք այնքան ալ թեթեւ կամ աւելի ծանր չեն մեծ մարդոց խաչերէն, բայց իսկական եւ իրական խաչեր են, որոնց ծանրութիւնը զգալի է նաեւ գիշերուայ ընթացքին։ Միայն դուն գիտես այդ խաչերը նկատի առնել։ Միայն դուն։ Խաչերը` մթութեան, առանձնութեան եւ լքումի վախերն են, նաեւ համաճարակի պատճառաւ։ Անոնք մեր սահմանափակ կարողութիւններու փորձառութիւնն են, ուրիշներէն ծաղրանքի ենթարկուելու, մենք մեզ աւելի աղքատ զգալու մեր հասակակիցներէն ու ընտանիքին մէջ վէճերու համար ցաւ զգալն է»։

«Սակայն աշխարհին մէջ կան նաեւ այլ մանուկներ, որոնք կը տառապին, որովհետեւ «ուտելիք չունին, կրթութեան պակասը կայ, չարաշահուած են եւ ստիպուած պատերազմելու»։

«Դուն ով Յիսուս, միշտ մեզի մօտիկ ես ու երբեք մեզ չես լքեր» կը գրեն պատանիները խնդրելով Յիսուսէն, որ օգնէ իրենց, որպէսզի կարենան իրենց ամենօրեայ խաչը շալկել, «այնպէս ինչպէս դուն կրեցիր քու խաչդ»։

Անմեղի մը մեղադրանքը եւ քաջութեան պակասը

Առաջին կայան։ Յիսուս մահուան կը դատապարտուի։ Այս դէպքը մեկնաբանելով պատանիները կը մատնանշեն Մարկոս անունով մանուկի մը, որ անարդար կերպով կ՛ամբաստանուի իր ընկերոջ համադամը գողցած ըլլալուն համար։ Ոմանք գիտէին թէ ան անմեղ էր բայց չմիջամտեցին զայն պաշտպանելու համար։ Այս կայանը շարադրող պատանին կ՛ամչնայ քաջութեան պակասէն ու կը նկատէ թէ ինք եւս վարուեցաւ Պիղատոսի նման, թէեւ այժմ զղջացած է աւելի դիւրին ճամբան ընտրած ըլլալուն համար։ «Շատ անգամ կը հետեւինք ձային անոր, որ կ՛ուզէ չարը գործել եւ կը գործէ, մինչ արդարութիւնը, զառիվեր ճանապարհ է, դժուարութիւններով եւ խոչընդոտներով» կը գրեն պատանիները ու կը հաստատեն «մենք մեր մօտ ունինք Յիսուսը, որ միշտ պատրաստ է մեզի թիկունք կանգնելու եւ օգնելու»։

Մեր արարքները վիրաւորիչ կարող են ըլլալ

Յիսուս իր ուսերուն վրայ կը շալկէ խաչը։ Բ կայան։ Պատանիներու միջեւ պակաս չեն ծաղրանքները, նման Յիսուսին, որ ծաղրանքի ենթարկուեցաւ զինք կալանողներուն կողմէ։ Այստեղ եւս Մարթինա անունով աղջնակ մը, որ դժուարութիւն ունէր բարձրաձայն ընթերցանութիւն ընել դասարանին մէջ ծաղրանքի կ՜ենթարկուի իր դասընկերներուն կողմէ։ Անոնք այժմ զղջացած են ու կը նկատեն թէ մի գուցէ իրենց նպատակը զայն վիրաւորելը չէր բայց գիտակից են, որ մեծ ցաւ պատճառեցին անոր։ «Հալածանքը երկու հազար տարուայ հին յիշատակ մը չէ. Շատ անգամ մեր արարքները կարող են դատել, վիրաւորել եւ ոտնակոխ ընել եղբայր մը կամ քոյր մը» կը գրեն պատանիները.

Ձախողութեան փորձառութիւնը։

Երրորդ կայան։ Յիսուս կ՛իյնայ խաչին ծանրութեան տակ։ Տէրը իր վրայ կ՛առնէ մեր մեղքերը, Ան կը յայտնուի ծեծուած եւ նուաստացած. Այս կայանին մեկնաբանութիւնը ներկայացուած է շատ աշխատասէր մանուկի մը փորձառութեամբ, որ միշտ լաւ նիշեր ունէր դպրոցին մէջ բայց անգամ մը գէշ նիշ կը ստանայ։ «Մտածեցի, որ ոչնչութիւն եմ։ Զգացի անակնկալ ձախողութեան ծանրութիւնը, մինակ էի եւ ոչ մէկը եկաւ զիս մխիթարելու։ Բայց այդ պահը օգտակար եղաւ իմ աճումիս համար…. Այսօր գիտեմ, որ ամէն օր կարող ենք տատանիլ եւ կարող ենք նաեւ իյնալ, բայց Յիսուս միշտ այնտեղ է ու պատրաստ իր ձեռքը երկարելու մեզի»։

Մայրերուն սէրը։

Դ Կայան։ Յիսուս իր Մօր կը հանդիպի։ Պատանիներուն համար այս կայանը առիթ է մտածելու իրենց մայրերուն ու անոնց սիրոյ, որ իրենց կ՛ընկերանայ կեանքի իւրաքանչիւր պահի ընթացքին։ Մտածականը շեշտը կը դնէ մանուկներու սիրոյ պահանջին վրայ։ «Եթէ հարց մը ունիմ, տարակոյս մը կամ պարզապէս վատ մտածում, Ան միշտ տրամադիր է ժպիտով ունկնդրելու ինծի»:

Հիւրընկալութեան արարք. Յիսուսը տեսնել միւսին դիմագիծին մէջ։

հինգերորդ կայան։ Կիւրենացին Յիսուսին հետ խաչը կը շալկէ։ Շատ են առիթները մէկու մը օգնելու համար եւ այս կայանին մածականին առանցքը կը կազմէ օտարազգի ընկերոջ մը հիւրընկալութիւնը։ Արդարեւ ան իր ծնողաց հետ միասին նոր հաստատուած էր այդ թաղամասին մէջ ու մէկդի կայնած կը դիտեր միւս պատանիները որոնք միասին կը խաղային։ Անոնց մին կը մօտենայ անոր եւ կը հրաւիրէ իրենց միանալու եւ միասին խաղալու։ Այս օրէն ի վեր «Ուալիտը» դարձաւ իմ ամենալաւ բարեկամներէս մին, ու նաեւ մեր ոտնագունդի խումբին դռնապահակը» կը գրէ այս կայանի մտածականը շարադրուած պատանին հաստատելով, որ «միայն երբ այլ անձի մը մէջ կը ճանչնանք եղբայր մը, այ պահուն մենք մեր սիրտը բացած կ՛ըլլանք Յիսուսին»։

Շատ անգամ շատ քիչ բան բաւարար է մենք մեզ միայնակ չի զգալու համար

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ամէն այն բաները որ ըրիք այս փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ինծի ըրիք» Յիսուսին Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած այս խօսքերը մեզ կ՛առաջնորդեն վեցերորդ կայան ուր կին մը կը սրբէ Յիսուսին դէմքը։

Մանուկները եւս իրենց առօրեայ կեանքի ընթացքին կ՛ապրին դժուարութիւններ ու տխրութեան պահեր եւ կարիքը ունին մէկու մը, որ զիրենք մխիթարէ։ Այդ կը պատահի նաեւ պարզապէս երբ կարեւոր մրցում մը կորսնցնեն։ «Երբ խաղէն ետք լոքանք կ՛առնէի տխուր եւ յուսախաբ էի, բայց հազիւ դուրս եկայ գտայ բարեկամ մը որ ինծի կը սպասէր նարինջով մը։ «Անոր ընկերութեան շնորհիւ պարտութիւնը դարձաւ նուազ դառնութեամբ յիշողութիւն»։

Բան մը կորսնցնել մտածելով կարիքաւորներուն։

Յիսուս երկրորդ անգամ կ՛իյնայ խաչի ծանրութեան տակ։ Եօթներորդ կայան։ Մտածականը կ՛ակնարկէ մանուկի մը փորձառութեան, որ կը պատրաստուէր տարեվերջի ասմունքին եւ ամէն քնով կ՛ուզէր առաջին դերակատարի դերը խաղալ։ Ուսուցչուհին սակայն կ՛ընտրէ Յովհաննէսը, մեկուսացուած դասընկեր մը։ Վրդովումի առաջին պահէ մը ետք պատանին կը հասկնայ իմաստը եւ կ՛ուրախանայ։ Յովհաննէսը այդպիսով աւելիով ներգրաւուեցաւ դասարանի կեանքին մէջ։ «Իմ յուսախաբութիւնս ծառայած էր օգնելու այլ անձ մը, ուսուցչուհիին ընտրանքը հնարաւորութիւն ընծայած էր անոր, որ իրապէս կարիքի մէջ էր» կը գրէ պատանին։

Օգնել սխալի մէջ եղբայրը։

Ութերորդ կայան։ Յիսուս կը հանդիպի Երուսաղէմի իներուն։ «Երուսաղէմի դուստրեր մի լաք իմ վրաս այլ լացէք ձեր ու ձեր զաւակներուն վրայ» կ՛ըսէ Յիսուս Ղուկասի աւետարանէն քաղուած հատուածին մէջ։ Մեկնակէտը այն է` թէ «սխալի մէջ եղբայր մը սրբագրելը դժուար բայց անհրաժեշտ գործ է»։ Այս մէկը փորձարկեցին երկու եղբայրներ, որոնք սուտ խօսեցան իրենց մօրը ըսելով, թէ դպրոցական աւարտականութիւնները կատարած էին, մինչդեռ այդ օր բոլոր ժամանակը խաղով անցուցած էին։ Երկրորդ օրը անոնցմէ մին ինքզինք հիւանդ կը ձեւացնէ մերժելով դպրոց երթալ։ Միւսը կ՛երթայ բայց երբ տուն կը վերադառնայ եղբօրը կ՛առաջարկէ պարտականութիւնները կատարել, որովհետեւ սխալ եղաւ սուտ խօսիլը։

Համաճարակին յառաջացուցած առանձնութիւնը

Յիսուս երրորդ անգամ կ՛իյնայ խաչին ծանրութեան տակ։ Թ կայան։ Աւետարանական հատուածը մանանեխի հատիկին առակը պատմող հատուածն է, որ «հողին մէջ կ՛իյնայ եւ կը մեռնի ու շատ արդիւնք կու տայ»։

Քովիտ19 համաճարակը հետեւանքներ ունի նաեւ փոքրիկներուն վրայ եւ գերիշխող զգացումը առանձնութիւնն է։ Կարելի չէ այցելել մեծ հայրիկներուն ու մեծ մայրիկները, դպրոցները փակ են, կարօտը ունին դասընկերներուն ու բարեկամներուն։ «Առանձնութեան տխրութիւնը շատ անգամ կը դառնայ անտանելի – կը խոստովանի պատանի մը – մենք մեզ կը զգանք լքուած բոլորէն եւ անկարող ժպիտի։ Յիսուսին նման մենք մեզ կը գտնենք գետին ինկած»։

Ուրախութիւնը կը բխի նուիրումէն

Տասներորդ կայան։ Յիսուս կը մերկանայ։ “Փոքրիկ աղջնակ մը կը պատմէ թէ ինք իր սենեակին մէջ ունի «տիկնիկներու» հաւաքածոյ եւ օր մը կը լսէ թէ ժողովրդապետութիւն մը ձեռնարկած է խաղալիքներ հաւաքել զանոնք գաղթական մանուկներուն տրամադրելու համար։ Կը զատէ ամենահին խաղալիքները ու կը դնէ տուփի մը մէջ։ Գիշերը սակայն – կը գրէ աղջնակը – զգացի թէ ըրածս բաւարար չէր։ Որոշեցի բոլոր խաղալիքները դնել տուփին մէջ»։ «Աւելորդէն ազատուիլը կը թեթեւցնէ հոգին եւ նուիրելը ուրախութիւն կը պարգեւէ», կը հաստատէ Ան։

Աղքատներու ծառայութեամբ ապրուած Սուրբ Ծնունդը

Սուրբ Ծննդեան օրը սկաուտներու հետ այցելեցինք Գթութեան միաբանութեան քոյրերը ճաշը բաժնելու համար կարիքաւորներուն փոխան տօնական օրը մեր ընտանիքներուն մէջ անցնելու։ Տասնըմէկերորդ կայանին մէջ նկարագրուած զոհողութիւնը քիչ բան չէ։ Յիսուս կը քամուի Խաչին վրայ։

«Տուն վերադարձիս կը մտածէի այն դէմքերուն որոնց հանդիպեցայ եւ որոնց ծառայեցի, կը մտածէի անոնց ժպիտներուն եւ անոնց պատմութիւններուն» կը գրէ պատանիներէն մին։ «Մտածումը որ կարողացայ պահ մը անդորրութիւն նուիրել անոնց այդ Ծնունդը դարձուց անմոռանալի» կը հաստատէ ապա Ան աւելցնելով, որ «ուրիշները ծառայել սիրով ուսուցումն է ` զոր Յիսուս մեզի տուաւ խաչին վրայ»։

Յիսուս կը ներէ դարձի եկած մեղաւորին։

Տասներկուերորդ կայան։ Յիսուս կը մեռնի խաչին վրայ։ Յիսուսին օրինակը, որ կը ներէ անոնց` որոնք իրեն չարիք հասցուցին մտածումի առիթ է պատանիներուն համար, որոնք կը խորհրդածեն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող չարիքի մասին ինչպէս է մաֆիան` որ մանուկներ կը սպանէ։ «Ի՞նչպէս կարելի է ներել այդպիսի իրավիճակներուն մէջ», հարց կու տան անոնք ու կը գրեն « Յիսուս, խաչին վրայ մեռնելով, բոլորին փրկութիւն պարգեւեց։ Ան չեկաւ արդարներուն համար այլ մեղաւորներուն համար, որոնք խոնարհութիւնն ու քաջութիւնը ունին ապաշխարելու»։

Մեծ հայրս տարին ու չկարողացայ զինք տեսնել

Ամէն բան աւարտած է։ ԺԳ կայան։ Յիսուսին մարմինը վար կ՛առնուի խաչէն։ Այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ մանուկներ ու պատանիներ տառապեցան իրենց մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու անակնկալ մահուան պատճառաւ։ Անոնցմէ մին կը պատմէ «մարդիկ եկան, որոնք տիեզերագնացի հագուստով էին, ու տարին մեծ հայրս, որ մի քանի օրերէ ի վեր դժուարաւ շունչ կ՛առնէր։ Այդ մէկը եղաւ վերջին անգամը, որուն անոր հանդիպեցայ»։

Տառապանքը կը յառաջանայ մեծ հօրը մօտ գտնուելու անկարողութենէն։ «Ես ամէն օր աղօթեցի իրեն համար եւ այդպէս է, որ կարողացայ ուղեկցել անոր իր վերջին երկրային ճանապարհորդութեան ժամանակ» կը գրէ պատանին։

Շնորհակալ եմ Յիսուս որովհետեւ սիրել սորվեցուցիր

Տասնչորրորդ կայան. Յիսուսին մարմինը գերեզման կը դրուի։ Առաջարկուած մտածականը 12 ամեայ Սարային շնորհակալութեան խօսքն է Յիսուսին։ «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Քեզի, որովհետեւ ինծի սորվեցուցիր յաղթահարել տառապանքները քեզի յանձնուելով։ Սիրել միւսը իմ եղբօր նման, իյնալ եւ վերականգնել։ Այսօր շնորհիւ Քու անհուն սիրոյ արարքին գիտեմ թէ մահը ամէն բանի վերջը չէ» կը գրէ փոքրիկն Սարան։

Եթէ մանուկներու նման չի դառնաք….

Ճանապարհ Խաչիի եզրափակիչ աղօթքը յանձնուած է մեծերուն։ Յիսուս մանուկները ներկայացուց որպէս օրինակ, Երկնքի թագաւորութիւն մուտք գործելու համար։

Առ այդ չափահասները կը հայցեն Տիրոջ օգնութիւնը որպէսզի կարողանան դառնալ մանուկներ, ամէն ինչի կարիքաւոր ու բաց կեանքին։ Ապա Տիրոջ կը յանձնեն աշխարհի բոլոր մանուկները, որպէսզի կարենան «աճիլ տարիքով իմաստութեամբ եւ շնորհքով», հուսկ աղօթք կը կատարուի ծնողներուն եւ դաստիարակներուն համար, որպէսզի միշտ աւելիով իրենք զիրենք զգան միացած Յիսուսին` կեանք եւ սէր պարգեւելու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2021, 12:27