Որոնել

Փանամայի մէջ պաատուատումներ Փանամայի մէջ պաատուատումներ 

Քահանայապետին մօտիկութիւնը Փանամայի ժողովուրդին

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող նամակով մը ուզեց իրՔահանայապետը հոգեւոր մօտիկութիւն արտայայտել Փանամայի բնակչութեան ու Տիրոջմէ հայցեց որ թիկունք կանգնի անոնց ու բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք կը գործեն սփոփանք եւ մխիթարութիւն տալու համար ժողովուրդին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փանամայի մէջ Առողջապահութեան հերոսներուն նուիրուած յատուկ նախաձեռնութեան մը ընթացքին, որ  յատկապէս նուիրուած էր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին քովիտ19 ժահրի պատճառաւ, Ֆրանչիսկոս Պապը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող նամակով մը ուզեց իր հոգեւոր մօտիկութիւնը արտայայտել Փանամայի բնակչութեան ու Տիրոջմէ հայցեց, որ թիկունք կանգնի անոնց ու բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք կը գործեն սփոփանք եւ մխիթարութիւն տալու համար զոհերուն։ Քահանայապետը ապա բոլոր ննջեցեալները յանձնեց Աստուածային ամենողորմ նախախնամութեան ու Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան։

Առողջապահական գործիչներուն հերոսութիւնը

Քահանայապետին գրութեան ընթերցումը կատարեց  Փանամայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա, որ իր կարգին ընդգծեց առողջապահական գործիչներուն հայրենասիրութիւնը, որոնք «յառաջ կը տանին իրենց գործունէութիւնը մարդկային կեանքեր փրկելու համար», ըսաւ Ան երախտագիտութիւն արտայայտելով նաեւ բոլոր այն անանուն հերոսներուն, որոնք նուիրումով աշխատեցան ի սպաս իրենց հայրենակիցներուն։

Փանամայի մէջ կան 6.046 Քովիտ19 ժահրի զոհեր

Ի տես այս աներեւելի թշնամիին որ մինչեւ օրս Փանամայի մէջ  պատճառեց 6.046 մեռեալ, որոնց շարքին նաեւ 111 առողջապահական գործիչներ Կարդինալ Ուլլոա նշեց, թէ «վախ չունինք մենք մեզ ճանչնալու կարեկից Աստուծոյ ու յոյսով դիմելու Անոր։ Մահին դիմաց կը բացայայտենք թէ ինքնաբաւ չենք, թէ կարիքը ունինք Տիրոջ», հաստատեց Փանամայի առաջնորդը անցեալ 24 Մարտին կայացած Քովիտ 19 ժահրին հերոսներու յիշատակին նուիրուած օրուան առթիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2021, 08:26