Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը «Յիսուս մեզի սորվեցուց աղօթել»։

Ամենէն յուզիչ եւ աղքատ  աղօթքը ծաղկած է հռոմէացի հարիւրապետին շրթներունվրայ, որ Յիսուսէն խնդրեց որ բուժէ իր հիւանդ ծառան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 3 մարտին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Վատիկանի Առաքելական պալատին մատենադարանէն ներս հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց որուն նիւթը եղաւ աղօթքի կարեւորութիւնը, աղօթելու ձեւը, ինչպէս նաեւ Յիսուսի մարդկութւնը որուն միջոցաւ կարողացանք հասկնալ Աստուծոյ անհուն սէրը մարդկութեան նկատմամբ։ Հրապարակայի ունկնդրութեան մէջ սրբազան հայրը ըսաւ. 

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս կը բանայ երկինքի դուռը՝ Աստուծոյ հետ հանդիպելու համար։ 

Աղօթքի մասին քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ, այսօր եւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի տեսնենք, որ  շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսին, Աղօթքը մեզի կը բանայ  Երրորդութիւնը, Աստուծոյ անհուն սէրը։  Յիսուսն է ,որ մեզի բացած է երկինքը եւ դրած Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ։  Յովհաննէս առաքեալը իր Աւետարանին մէջ գրած է  «Աստուած, ոչ մէկը զինք տեսած է, Միածին Որդին , Աստուած է, եւ կը գտնուի Հօր ծոցին մէջ,  ինքն է  որ յայտնեց։  Յովհ, 1,18։ Մենք իսկապէս չէինք գիտեր ինչպէս աղօթել, եւ որ մէկ բառերը , զգացումները եւ լեզուները յարմար էին Աստուծոյ։ 

Ոչ բոլոր աղօթքները հաւասար են, եւ ոչ բոլոր աղօթքներ հարմար են։ Նոյնինքն Սուրբ գիրքը մեզի ցոյց կու շատ մը աղօթքներուն վատ արդիւնքը, որոնք կը մերժուին։ Թերեւս, Աստուած երբեմն գոհ չէ մեր աղօթքներէն եւ մենք ոչ իսկ կ՝անդրադառնանք։ Աստուած կը նայի աղօթողին ձեռքերուն , զանոնք մաքուր պահելու համար, կարիքը չկայ լուալու, այլ պէտք է զուրկ մնալ գէշ արարքներէն։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս համոզուած կերպով կ՝աղօթէր ըսելով ոչ մէկ մարդ արժանի է  անունդ տալու։

Ամենէն յուզիչ աղօթքը Հռոմէացի հարիւրապետին աղօթքն է ։Տէր արժանի չեմ որ տունս մտնես

Ամենէն յուզիչ եւ աղքատ  աղօթքը ծաղկած է հռոմէացի հարիւրապետին շրթներուն վրայ, որ Յիսուսէն խնդրեց որ բուժէ իր հիւանդ ծառան։ Ան ըսաւ Տէր, ես արժանի չեմ որ իմ տունս մտնես միայն բառ մը ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բուժուի։  

Երկխօսիլ Աստուծոյ հետ, շնորհք մըն է, մենք արժանի չենք,Յիսուսն է որ դուռը կը բանայ։

Ինչո՞ւ համար մարդը պէտք է սիրուի Աստուծմէ։ Ակնայայտ պատճառներ չկան։ Առասպելներուն մէջ չկայ Աստուած մը որ մարդկային արարքներով կը զբաղի։ Նաեւ Արիսթոթելին համար, Աստուած միայն իր մասին կը մտածէ։ 

Առանց Յիսուսը ճանչնալու, երբբեք պիտի չհաւատայինք, որ Աստուած մարդը կը կը սիրէ։ Գայթակղութիւն պիտի գտնէինք , Ողորմած հօր առակի մէջ,  կամ  ալ բարի հովիւին մէջ, որ կորսուած ոչխարը կը փնտռէ։ Այդպիսի առակները երբեք պիտի չհասկնայինք, եթէ Յիսուսի չհանդիպէինք։ Որ մէկ Աստուած պատրաստ է մեռնիլ մարդու համար։  Յիսուս մեզի իր կեանքով կը պատմէ թէ Աստուած ինչպիսի հայր է։ 

Մենք դժուարութեամբ եւ շատ հեռու կ՝երեւակայենք սուրբ Երրորդութեան սէրը։ Արեւելեան սրբապատկերները թոյլ կու տան գուշակել բան մը  այս խորհուրդի մասին, որ ամբողջ տիեզերքի ծագումն ու ուրախութիւնն է: Մեզի համար հեռու էր հաւատալ, որ այս աստուածային սէրը ընդարձակուելու էր, վայրէջք կատարելով մեր մարդկային ափին վրայ։

Աստուած մօտեցաւ Յիսուսի միջոցաւ։

Քրիստոնէական վարդապետութիւնը կ՝ըսէ , Յիսուսի սուրբ մարդկութիւնը ուղին է, որուն միջոցաւ Սուրբ Հոգին կ՝ուսուցանէ աղօթել հօր Աստուծոյ։ Մեր հաւատքի շնորհքն է։ Իսկապէս չէինք կրնար յուսալ աւելի բարձր կոչում մը, Յիսուսի մարդկութիւնը մեզի հասանելի դարձուց միեւնոյն Երրորդութեան կեանքը։ Աստուած մօտեցաւ Յիսուսի միջոցաւ, հասանելի դարձուց միեւնոյն Երորդութեան կեանքը, բացաւ դուռը Հօր, Որդիի եւ Սուրբ Հոգիին սիրոյ խորհուրդի դուռը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2021, 10:00