Որոնել

«Յիսուս բուժէ իմ սիրտս». «Յիսուս բուժէ իմ սիրտս».  

«Յիսուս բուժէ իմ սիրտս». Ֆրանչիսկոս Պապին 11 մարտի թուիթը։

Մեզի պէտք է Յիսուսին բուժումը, մենք պէտք է մեր վէրքերը դնենք անոր առջեւ եւ անոր ըսենք. «Յիսուս, ես այստեղ եմ Քու առջեւդ, իմ մեղքերովս, իմ թշուառութիւններովս: Դուն կարող ես ինձ ազատել: Բուժէ իմ սիրտս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բոլորս ունինք հոգևոր հիւանդութիւններ, զոր չենք կարող միայնակ բուժել: Մեզի պէտք է Յիսուսին բուժումը, մենք պէտք է մեր վէրքերը դնենք անոր առջեւ եւ  ըսենք. «Յիսուս, ես այստեղ եմ Քու առջեւդ, իմ մեղքերովս, իմ թշուառութիւններովս: Դուն կարող ես ինձ ազատել: Բուժէ իմ սիրտս։ # ՄեծՊահք»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հինգշաբթի 11 Մարտին հրապարակած թուիթը որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 17 փետրուարին` մոխրոց օրուան առթիւ արտասանած քարոզէն։

 Պահքի ուղեւորութիւնը արտագաղթ մըն է ստրկութենէն դէպի ազատութիւն

Այդ օր Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսած էր «Պահքի ուղեւորութիւնը արտագաղթ մըն է ստրկութենէն դէպի ազատութիւն։ Քառասուն օրեր են, որոնք կը յիշեցնեն քառասուն տարիները, որոնց ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդը ճամբորդեց անապատին մէջ, վերադառնալու համար աւետեաց երկիր։ Բայց որքան դժուար էր թողուլ Եգիպտոսը։ Ճանապարհորդութեան ընթացքին յաճախ փորձութիւնը կար ետ վերադառնալու, կաշկանդուած ըլլալու անցեալի յուշերուն եւ մի քանի կուռքերուն։ Մեզի համար ալ նոյնն է. Դէպի Աստուած վերադարձի ճամբորդութիւնը խոչընդոտուած է մեր անառողջ կապուածութիւններէն, ան կասեցուցած է արատներու գայթակղիչ որոգայթներէն, դրամի եւ երեւնալու սուտ ապահովութիւններէն, մենք մեզ զոհեր զգալու ողբի անշարժութենէն»։

Հետեւիլ Անառակ Որդիի օրինակին, վերադառնանք Հօր

«Քալելու համար պէտք է դիմակազերծել այս պատրանքները» ըսած էր ապա Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով այս առընչութեամբ նայիլ Անառակ Որդիին, հասկնալու համար՝ թէ մեզի համար եւս ժամանակ է վերադառնալու Հօր։ «Մենք ալ մոռցանք տան բոյրը, վատնեցինք արժէքաւոր բարիքները ու մնացինք ձեռնունայն եւ դժգոհ սրտով։ Մենք ինկանք։ Զաւակներ ենք, որոնք յաճախ կ՛իյնան եւ վերականգնելու համար պէտք ունին իրենց հօրը» ըսած էր միշտ Քահանայապետը, դիտել տալով, որ «Հօր ներումն է, որ մեզ դարձեալ ոտքի կը վերականգնեցնէ։ Ներումը՝ Խոստովանանքը, առաջին քայլն է մեր վերադարձի ուղեւորութեան համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2021, 13:30