Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մեքսիքացիներուն քահանայապետական վարժարանի անդամները

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միշտ ունենալ Քրիստոսի քնքշութեան նայուացքը ու իբրեւ տիպար ունենալ Տիրամայրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 29 մարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Մեքսիքացիներու քահանայապետական վարժարանի անդամները։

Նշենք, թէ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպումին ուշ հասնելու պատճառով ներկայացուցած ողջոյնին պատգամէն առաջ բարի լոյս մաղթեց ու ներողութիւն հայցեց ուշացումիմ համար , նկատել տալով որ Քահանայապետական տան ղեկավարութիւնը ճշգրիտ եւ կանոնաւոր աշխատանք կազմակերպելով հանդերձ ինք չհնազանդիր ժամադրութիւններուն՝ երկար ու խանդավառ խօսակցութեան պատճառաւ «որուն գինը դուք կը վճարէք» ըսաւ սրբազան հայրը ներողութիւն հայցելով բոլորէն։

Ան ապա այս առթիւ ներկայացուցած պատգամին սկիզբը յիշեց 2016 թուականին Մեքիսքօ կատարած առաքելական այցելութիւնը եւ որուն յիշատակը ամէն տարի կը վերանորոգէ Կուատալուփէ Տիրամօր տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ համաճարակի տագնապէն բխած հարցերուն յորդորելով ունենալ Տիրոջ նայուածքը, որուն միջոցաւ հաւատքը կը կերպարանափոխուի ու կ՝ունենայ քնքշութեան, համերաշխութեան եւ եղբայրութեան նայուածքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ունենալ Բարի հովիւին կարեկցութիւնը ու նմանիլ անոր, որպէսզի իւրաքանչիւրին մէջ աճի հովուական ծառայութեան սէրը ու ոչ մէկէն բացառուի աղօթքի հոգատարութիւնը։

Ունենալ համերաշխութեան հայեացք

Ան քաջալերեց միշտ ունենալ համերաշխութեան հայեացքը, նկատել տալով որ ընկերային դժուարութիւնները, կաշառակերութեան խնդիրները կարիքը ունին նայուածքի մը որ գիտէ հիւսել դիւրաբեկ թելերը որոնք կը կազմեն ընկերային ու կրօնական ազգային խաւը, ուշադրութիւն ցուցաբերելով բացառուածներուն։ Հովիւները կանչուած են վերակառուցելու անձերու միջեւ յարգելից եւ կառուցողական յարաբերութիւնները առաջարկելով հաշտուիլ Աստուծոյ հետ ու յանձնառու դառնալ ընկերութեան վերակառուցման։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց ունենալ միասնականութեան եւ միութեան տեսլական, որ կը խթանէ ստեղծել եղբայրութիւն, որ կը դիւրացնէ եղբայրական հաղորդութիւնն ու մասնակցութիւնը ու կը քաջալերէ առաջնորդել հաւատացեալները հասարակաց տան մէջ յարգելից դառնալու ու նոր աշխարհ կառուցողներ, համագործակցութեամբ բարի կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներուն։

Նմանիլ բարի հովիւին

Նմանելու համար բարի հովիւին անհրաժեշտ է ունենալ յոյս, հաւատք եւ իմաստութիւն անոր, որ գիտէ խոկալ Աստուծոյ խորհուրդի մասին եւ գիտէ կարդալ ժամանակներու նշանները։ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ,  Ան ապա քաջալերեց Մեքիսաքիցնրու վարժարանի անդամները ամրապնդելու իրեցն հաւատքը, սեւեռելու իրենց նայուածքը Քրիստոսին վրայ ունենալով տիպար Կուատալուփէյի տիրամայրը։ Սրբազան հայրը ապա Տիրամօր եւ Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութիւնը հայցելով ապա առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2021, 12:12