Որոնել

2020 թուականին Ճանապարհ խաչի արարողութիւն 2020 թուականին Ճանապարհ խաչի արարողութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապի մարտ ապրիլ ամիսներու նախագահելիք արարողութիւններու յայտագիրը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ աւագ շաբթուան եւ Սուրբ Զատկուան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հաւատացեալներու սահմանափակ թիւի ներկայութեամբ յարգելու համար քովիտ 19 առողջապահական կանխարգիլման քայլերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 23 մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց մարտ եւ ապրիլ ամիսներու ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահելիք արարողութիւններու յայտագիրը։

Ունկդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ աւագ շաբթուան եւ Սուրբ Զատկուան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան հաւատացեալներու սահմանափակ թիւի ներկայութեամբ յարգելու համար քովիտ 19 առողջապահական կանխարգիլման քայլերը։

Ծաղկազրադի պատարագ

Կիրակի 28 մարտին, Ծաղկազարդի տօնի օրը, առաւօտեան ժամը 10.30,ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին նախագահութեամբ կը մատուցուի սուրբ Պատարագ։ 

Աւագ հինգշաբթի

Հինգշաբթի 1 ապրիլին, աւագ հինգշաթի օրը, առաւօտեան ժամը 10ին, սուրբ Bետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցէ սուրբ Պատարագ, մինչ՝ յետմիջօրէին, Յիսուսի վերջին ընթրիքի յիշատակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6ին, առանց ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեան, նախագահութեամբ կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Պաթիսթա Ռէյին։

Աւագ ուրբաթ` խաչի ճանապարհը Սուրբ Պետրսոի հրապարակին վրայ

2 ապրիլին, աւագ ուրբաթ օր, երեկոյեան ժամը 6ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Յիսուսի խաչելութեան արարողութեան ապա երեկոյեան ժամը 9ին, կը նախագահէ Ճանապարհ խաչի արարողութեան, որ ընդհանրապէս տեղի կ՝ունենար Հռոմի Քոլոսէօ ամփիթատրոնէն ներս։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, այս տարի ճանապարհ խաչի արարողութեան կայաններու խորհրդածութիւնները պատրաստած են Ումպրիա մարզի սկաուտները ինչպէս նաեւ Սանթի Մարթիրի տի Ուկանտա ժողովրդապետութիւնը։

Աւագ շաբաթ օրուայ հսկումը 19.30-ին

Շաբաթ, 3 ապրիլին, աւագ շաբաթ օր,յետմիջօրէին ժամը 7,30ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Սուրբ Զատկուայ ճրագալոյցի արարողութեան, մինչ կիրակի 4 ապրիլին, Յիսուսի Յարութեան տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10ին, Սուրբ Տետրոսի տաճարէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ սուրբ Պատարագի ապա կատարէ Հռոմի քաղաքի եւ համայն աշխարհի օրհնութեան կարգը։ 

Երկուշաբթի, 5 ապրիլին, Առաքելական Պալատին մատենադարանէն ֆրանչիսկոս Պապ կ՝արտասանէ Ուրախ լեր մարեմեան աղօթքը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2021, 09:29