Որոնել

Աւսրալիոյ մէջ բնական աղէտ Աւսրալիոյ մէջ բնական աղէտ 

Քահանայապետին կոչերը Նիճերի եւ Աւստրալիայի ի նպաստ

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Նիճերի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհերուն եւ Աւստրալիայի մէջ բնական աղէտէն վնասուածներուն ի սպաս ապա յիշեց Թուպերքոլոսի հիւանդութեան դէմ միջազգային օրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 24 մարտին, Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, աղօթելու Նիճերի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհերու եւ Աւստրալիայի մէջ բնական աղէտէն վնասուող անձերուն ապա յիշեց  Թուպերքոլոսի հիւանդութեան դէմ պայքարի օրը, մաղթելով ապաքինում այդ հիւանդութենէ տառապողներուն։

Կոչին մէջ սրբազան Հայրը ըսաւ.

Նիճերի մէջ ահաբեկչական յարձակումներ

Տխրութեամբ իմացայ Նիճերի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներու լուրը որուն պատճառ մահացան 137 անձ։ Աղօթենք զոհերու համար, անոնց ընտանիքներու ու համայն ժողովուրդին համար , որպէսզի այդ ահաբեկչական արարքը կորուստի չմատնէ ժողովրդավարութեան վստահութեան արդարութեան եւ խաղաղութեան։ուղեւորութիւնը։

Աւստալիան հարուածող ջրհեղեղներ

Աւստրալիայի մէջ տեղի ունեցած բնական աղէտին ի լուր ֆրանչիսկոս Պապ յղած կոչի մէջ ըսաւ այս օրերուն, մեծ ջրհեղեղներ ծանր վնասներ պատճառեցին Աւստրալիոյ Նովօ Կալլդս հարաւային շրջանին մէջ։ «Մօտիկ եմ ,այդ աղէտէն վնասուող ընտրանքներու ու անձերու յատուկէն անոնց` որոնք կորսնցուցին իրենց բնակարանները եւ կը քաջալերեմ շտապ օգնութեան հասնող կամաւորները» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Թուպերքոլսի հիւանդութեան դէմ պայքարի միջազգային օր

Ան ապա յիշեց այսօր նշուող Թուպերքոլսի հիւանդութեան դէմ պայքարի միջազգային օրը մաղթելով որ այս յիշատակումի օրը նպաստէ այդ հիւանդութեան դէմ խնամք գտնելու գործընթացին եւ աճեցնէ զօրակցութիւնի հիւանդութենէն տառապողներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրոջ սփոփանք հայցեց Թուպերքոլոսի Հիւանդութենէն տառապողներուն ու անոնց ընտանիքներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2021, 10:57