Որոնել

Պայքար կլիմայական փոփոխութիւններուն դէմ Պայքար կլիմայական փոփոխութիւններուն դէմ 

Քահանայապետին պատգամը Կենսաբազմազանութեան մասին ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի ֆորումին։

«Եթէ մենք կ՛ուզենք արդիւնաւէտ կերպով պայքարել կլիմայի փոփոխութեան դէմ, պէտք է գործենք միասին ՝ սրբագրելու համար ներկայ զարգացման համակարգին բացերը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 24 Մարտ 2021-ին ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած եւ Կենսաբազմազանութեան նուիրուած առցանց քննարկումին առթիւ ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Ֆոլլօ ընթերցումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին 27 հոկտեմբեր 2020-թուակիր պատգամին զոր Ան ուղղած էր ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ կազմակերպուած «Կլիմայի փոփոխութիւն և աղքատութիւն. Բարոյական սկզբունքներ և գիտական ​​պատասխանատուութիւն» նիւթով առցանց գիտաժողովին։

Կլիմայական փոփոխութիւններու եւ ծայրայեղ աղքատութեան իրարկախուածութիւնը

Պատգամին մէջ Քահանայապետը ընդգծած էր կլիմայական փոփոխութիւններու եւ ծայրայեղ աղքատութեան դէմ պայքարի նպատակներու բարդութիւնն ու այս երկու իրականութիւններու իրարկախուածութիւնը, հարկաւոր նկատելով վերատեսել զարգացումի նոր կերպ մը, որ բոլոր մարդիկը ընտրէ որպէս կեդրոն եւ որպէս հիմնասիւն, զոր պէտք է յարգել ու պաշտպանել, ընդունելով մեթոդաբանութիւն, որ միաւորէ զօրակցութեան և «քաղաքական բարեգործութեան» բարոյականութիւնը (Fratelli tutti, 180, 182):

Պայքարիլ անտարբերութեան համաճարակին դէմ

«Միայն այսպէսով հնարաւոր պիտի ըլլայ խթանել հասարակաց բարիք մը, որ ըլլայ իսկապէս տիեզերական, սիրոյ իսկական քաղաքակրթութիւն մը, ուր տեղ չկայ անտարբերութեան և թափօններու համաճարակին» հաստատած էր Սրբազան Պապը հրաւիրելով բարելաւել կեանքի, առողջութեան, տեղափոխութիւններու եւ ուժանիւթի անվտանգութիւնը ստեղծելով աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններ։

Երիտասարդ սերունդին կազմաւորումի անհրաժեշտութիւնը

Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը ընդգծած էր նաեւ երիտասարդ սերունդին կազմաւորումի կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք գիտակցին ու կազմաւորուին պաշտպանելու համար արարչութիւնը ու յանձնառու ըլլան «խթանելու արտադրութեան եւ սպառումի նոր սովորութիւններ, ստեղծելու համար տնտեսական աճի նոր համակարգ մը, ուր բնութիւնն ու մարդիկը հանդիսանան որպէս կեդրոն»։

Գործել միասին ի սպաս մարդկութեան

«Եթէ մենք կ՛ուզենք արդիւնաւէտ կերպով պայքարել կլիմայի փոփոխութեան դէմ, պէտք է գործենք միասին ՝ սրբագրելու համար ներկայ զարգացման համակարգին բացերը» նշած էր միշտ Քահանայապետը պատգամին մէջ «բարոյական հրամայական» նկատելով այդ մէկը ու հաստատելով, որ «ընդհանուր լուծումներ որոնելու համար ժամանակը քիչ է» ու թէ ներկայի առողջապահական արտակարգ իրավիճակը «մեզ կը ստիպէ մտածել մարդ արածներու մասին, բոլորի մասին, փոխանակ ոմանց օգուտներու մասին»։

«Հետևաբար, գրած էր Սրբազան Պապը պատգամին աւարտին, յոյս ունիմ որ այս դասախօսութիւնը, կարող ըլլայ նպաստելու բարեփոխման գործընթացներու ամրապնդմանը, որոնք անհրաժեշտ են կլիմայի փոփոխութեան երեւոյթին հակազդելու և միևնոյն ժամանակ պայքարելու աղքատութեան դէմ ՝ այդպիսով խթանելով մարդու իրական համապարփակ զարգացումը»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2021, 10:07