Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Մոսուլի մէջ «Եղբայրութիւնը աւելի զօրեղ է եղբայրասպանութիւնէն»

Եթէ Աստուած կեանքի Աստուած է - եւ է - մեզի համար թոյլատրելի չէ սպաննել եղբայրները իր անունով։ Եթէ Աստուած խաղաղութեան Աստուած է – եւ է – մեզի համար թոյլատրելի չէ պատերազմ ընել իր անունով։ Եթէ Աստուած սիրոյ Աստուած է - եւ է - մեզի համար թոյլատրելի չէ ատել եղբայրները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 Մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Մոսուլ քաղաքը ուր նախագահեց պատերազմի զոհերուն նուիրուած հոգեհանգստեան աղօթքը։ 

Աղօթքի արարողութիւնը սկիզբ առաւ  Քաղդէացիներու Արքեպիսկոպոսին ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք ներկայացուեցան երկու վկայութիւններ սիւննի իսլամի եւ մայրապետի մը վկայութիւնները որոնց յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին պատերազմի զոհերուն նուիրուած  աղօթքը։

Մոսուլի«Hosh al-Bieaa» հրապարակին վրայ կայացած պատերազմի զոհերուն նուիրուած աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց նախ շնորհակալական խօսք ուղղել Մոսուլի Արքեպիսկոպոսին իրեն ուղղած բարի գալուստի խօսքերուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ  Հայր Ռիատին վկայութեան համար՝ որ Մոսուլ վերադարձաւ պատերազմի աւարտին եւ այսօր ուրախութիւնը ունի յայտարարելու թէ ինք յարգուած է նաեւ մահմետականներէն, որոնց հետ բարեկամութիւն մշակած է ու զինք կը կոչեն Հայր Ռիատ, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Քութայպա Աղա անունով սիւննի հաւատացեալին իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան մասին տուած վկայութեան համար։

Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա «Քրիստոսի աշակերտներու» թիւի նուազումին այդ մէկը նկատելով անհամար կորուստ մը, համայն ընկերութեան համար։

Գորգի մը  փոքրիկ թելը կարող է վնասել միասնութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը ընկերութեան մը նոյնիսկ ամենափոքր անդամի կորուստը նկատեց մեծ կորուստ նման, ըսաւ Ան, զարադարուն գորգի մը՝ որուն փոքրիկ թել մը կարող է վնասել միասնութիւնը։

Անդրադառնալով ապա Մոսուլի իսկական ինքնութեան, որուն մասին խօսեցաւ իսլամ աշխարհականը Քահանայապետը ընդգծեց տարբեր ծագումներով եւ տարբեր մշակոյթներով մարդոց միջեւ ներդաշնակ համակեցութեան կարեւորութիւնը ու քաջալերեց Քրիստոնեաներուն վերադարձը դէպի Մոսուլ։

Իրաքը քաղաքակրթութիւններու բնօրրան թիրախ տմարդկային փոթորիկի

Այսօր ըսաւ ապա Ան մեր ձայները կը բարձրացնենք աղօթքով Ամենակալ Աստուծոյ, պատերազմի ու զինեալ հակամարտութիւններուն բոլոր զոհերուն համար։ Այստեղ Մոսուլի մէջ պատերազմի եւ յարձակումներու ողբերգական հետեւանքները ակնյայտ են։ Որքան դաժան է՝ որ այս Երկիրը, քաղաքակրթութիւններու բնօրրանը, թիրախ դարձաւ այսպիսի տմարդկային փոթորիկի մը, ուր պաշտամունքի հնագոյն վայրեր կործանուեցան ու հազարաւոր անձեր,  - իսլամ, քրիստոնեայ, եզտի եւ այլք –  բռնի կերպով տեղահան եղան կամ սպաննուեցան

Եղբայրութիւնը աւելի հզօր է եղբայրասպանութիւնէն

 «Այսօր, շարունակեց Սրբազան Հայրը, հակառակ ամէն ինչի, մենք կը վերահաստատենք մեր համոզումը՝ թէ եղբայրութիւնը աւելի հզօր է եղբայրասպանութիւնէն, թէ յոյսը աւլի ուժեղ է մահէն, թէ խաղաղութիւնը աւելի զօրաւոր է պատերազմէն»։

«Այս համոզումը կը խօսի ատելութենէ ու բռնութենէ աւելի խօսուն ձայնով մը, որ երբեք կարելի չէ  խեղդել արիւնին մէջ, զոր կը հոսեցնեն անոնք՝ որոնք կը կ՛աղաւաղեն Աստուծոյ անունը դիմելով ոչնչացումի ուղիներուն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա նախ քան պատերազմի զոհերուն նուիրուած աղօթքը սկսիլը ընդգծեց հետեւեալը.

Եթէ Աստուած կեանքի Աստուած է - եւ է - մեզի համար թոյլատրելի չէ սպաննել եղբայրները իր անունով

Եթէ Աստուած խաղաղութեան Աստուած է - եւ է – մեզի համար թոյլատրելի չէ պատերազմ ընել իր անունով

Եթէ Աստուած սիրոյ Աստուած է - եւ է - մեզի համար թոյլատրելի չէ ատել եղբայրները։

Եւ այժմ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, աղօթենք միասին պատերազմներու բոլոր զոհերուն համար, որպէսզի Ամենակալ Աստուած անոնց շնորհէ յաւիտենական հանգիստ ու զանոնք ընդունի իր սիրալիր ողջագուրումին մէջ։

Աստուծոյ աչքերուն առջեւ բոլորս եղբայրներ եւ քոյրեր ենք

«Աղօթենք նաեւ մեզի բոլորիս համար, որպէսզի կրօնական պատկանելիութիւններէն անդին, կարողանաք ապրիլ ներդաշնակութեամբ եւ խաղաղութեամբ, այն գիտակցութեամբ, որ Աստուծոյ աչքերուն առջեւ բոլորս եղբայրներ եւ քոյրեր ենք» ։

Աղօթքին մէջ Սրբազան Պապը ակնարկեց Ամենակալ Աստուծոյ ողորմութեան ու Անոր հայրական հոգատարութեան ու սիրոյն, զոր վերապահած է համայն մարդկութեան, մարդկութիւն՝ որ սակայն ապերախտ կը գտնուի Աստուծոյ նկատմամբ ու յաճախ ձրուած է եւ մտահոգ միայն երկրային բարիքներով։

Կարիքը ունինք ապաշխարութեան շնորհքին

Մենք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, յաճախ մոռցանք քու խաղաղութեանդ եւ ներդաշնակութեանդ ծրագիրները։ Փակուեցանք մենք մեր մէջ ու մեր շահերուն մէջ, անտարբերութիւն ցուցաբերելով Քեզի եւ միւսներուն, ու խաղաղութեան առջեւ փակեցինք դռները։

Քահանայապետը մատնանշեց հուսկ Յովհան մարգարէին եւ նինուէացիներու  ճիչին նշելով՝ որ «մենք եւս այսօր մինչ քեզի կը յանձնենք ատելութեան զոհերու հոգիները կը հայցենք քեզմէ ներում եւ կը խնդրենք ապաշխարութեան շնորհքը»։

Ի գործ դնել սիրոյ, խաղաղութեան եւ հաշտութեան ծրագիրներ

Սրբազան Պապը հուսկ խնդրեց՝ որ Տէրը մեզի հասկցնէ թէ ի գործ դնելով իր սիրոյ, խաղաղութեան եւ հաշտութեան ծրագիրները, կարելի պիտի ըլլայ վերակառուցել այս քաղաքը ու համայն երկիրը եւ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ խնամել ցաւէն վիրաւոր սրտերը։

«Օգնէ մեզի ժամանակ չի յատկացնելու եսասիրութեան, անձնական կամ խմբային շահերուն, այլ ծառայելու՝ քու սիրոյ ծրագիրիդ։ Եւ երբ շեղինք մեր ճամբէն այնպէս ըրէ՝ որ կարողանանք ունկնդրել Աստուծավախ մարդոց ձայնը ու դարձի գանք ժամանակին, որպէսզի մենք մեզ չոչնչացնենք մահով եւ կործանումներով։

Յաւիտենական հանգիստ բոլոր ննջեցեալներուն համար

«Քեզի կը յանձնենք անոնք՝ որոնց երկրային կեանքը կրճատեցաւ իրենց եղբօր բռնութեան ձեռքով ու կը պաղատինք նաեւ անոնց համար՝ որոնք չարիք հասցուցին իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որպէսզի դարձի քան, շնորհիւ քու ողորմութեանդ զօրութեան» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ աղօթքը եզրափակեց Յաւերժական հանգիստ հայցելով ննջեցեալներուն համար։

Նշենք թէ Պատերազմներու զոհերուն նուիրուած աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ՝ պատերազմի զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի մը բացումը ապա երկինք արձակուեցան՝ խաղաղութեան խորհրդանիշ  աղաւնիներ։

Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Քարաքոշ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2021, 08:45