Եթէ խմբային հոգի չկայ չկայ իսկական մարզանք։
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ճենովայի ջրագնդակի խումբին հետ։
Վատիկան Նիուզ
Ուրբաթ 12 մարտ 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ճենովայի ջրագնդակի խումբին ու անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ներկաներուն ուղղեց հակիրճ խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց խմբային աշխատանքի կարեւորութիւնը. «Եթէ չկայ խումբ չկայ մարզանք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ անոնք որոնք կ՛ուզեն առանձին գործել, վերջաւորութեան ոչ մէկ բան կ՛ընեն կամ կը փնտռեն իրենց անձնական շահը եւ կը վնասեն խումբին։
Քահանայապետը ապա կ՛աւելցնէ, որ պէտք չէ երբեք կորսնցնել սիրողական ոգին, «որովհետեւ իսկական մարզանքը սիրողական է», ըսաւ Ան ու դարձեալ կրկնեց թէ պէտք է պահպանել խմբային հոգին ու սիրողական ոգին։
12/03/2021, 13:49