Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին առաջին պաշտօնական ճառը Իրաքի մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձ կատարեց ճամբորդութեան նպատակի մասին, ակնարկեց Իրաքին ապրած ճգնաժամերուն ու ներկայ իրողութեան, մատնանշեց զօրակցութեան ու եղբայրութեան կարեւորութեան, կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան թիկունք կանգնելու Իրաքին ու քաջալերեց իրաքցիները ու յատկապէս քրիստոնեաները՝ գործելու բոլորը միասին, կերտելու համար աւելի լաւ ապագայի հեռանկարով երկիր մը, որ հաւատարիմ ըլլայ իր բազմազանութեան ինքնութեան, ուր կրօնական, մշակութային եւ ցեղային տարբերութիւնները ըլլան ոչ թէ առիթ բաժանումներու եւ անհասկացողութիւններու այլ հնարաւորութիւն եղբայրութեան, որպէս միակ նախահօր Աբրահամի զաւակներ, որոնք կը գործեն միասնաբար՝ «կառուցելու համար եղբայրական միութեան, զօրակցութեան եւ համերաշխութեան վրայ կերտուած ընկերութիւն մը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապին հանրային առաջին հանդիպումը կայացաւ Իրաքի նախագահական պալատին մէջ, ուր  տեղական ժամով 15.45ին (Հռոմի ժամով 13.45-ին), Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ Իրաքի քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ գործող դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ու գործարարական ու մշակոյթի աշխարհը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն հետ։

Իրաքի նախագահին արտասանած բարի գալուստի պաշտօնական ճառէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ անդրադարձ կատարեց ճամբորդութեան նպատակի մասին, ակնարկեց Իրաքին ապրած ճգնաժամերուն ու ներկայ իրողութեան, մատնանշեց զօրակցութեան ու եղբայրութեան կարեւորութեան, կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան թիկունք կանգնելու Իրաքին ու քաջալերեց իրաքցիները ու յատկապէս քրիստոնեաները՝ գործելու բոլորը միասին, կերտելու համար աւելի լաւ ապագայի հեռանկարով երկիր մը, որ հաւատարիմ ըլլայ իր բազմազանութեան ինքնութեան, ուր  կրօնական,  մշակութային եւ ցեղային տարբերութիւնները ըլլան ոչ թէ առիթ բաժանումներու եւ անհասկացողութիւններու այլ հնարաւորութիւն եղբայրութեան, որպէս միակ նախահօր Աբրահամի զաւակներ, որոնք կը գործեն միասնաբար՝ «կառուցելու համար եղբայրական միութեան, զօրակցութեան եւ համերաշխութեան  վրայ կերտուած ընկերութիւն մը»։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը սկսաւ երախտագիտութիւն  յայտնելով «քաղաքակրթութեան օրրան» Իրաքը այցելելու կարելիութեան համար, որ, ըսաւ Ան,  «Աբրահամ Պատրիարքի եւ բազմաթիւ մարգարէներու միջոցաւ, սերտ կերպով կապուած է փրկութեան պատմութեան եւ Հրէական, Քրիստոնէական ու Իսլամական  կրօնական մեծ աւանդութիւններուն»։  

Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց  իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար ու ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն, սկսեալ նախագահէն, քաղաքական իշխանութիւններէն ներառեալ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։

Եկած եմ որպէս ուխտաւոր

Ան ողջունեց նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերական դասը հաստատելով ՝թէ «ինք եկած է, որպէս ուխտաւոր զանոնք քաջալերելու իրենց հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ վկայութեան մէջ»։  Քահանայապետը հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց  միւս եկեղեցական հասարակութիւններուն ու նաեւ Իսլամական կրօնի պատկան անդամներուն եւ այլ  կրօնական աւանդութիւններու հետեւող անձերուն հայցելով՝ որ Աստուծոյ պարգեւը ըլլայ «քալել միասին, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, այն համոզումով որ կրօններու իսկական ուսուցումը կը հրաւիրէ մնալու խարսխուած խաղաղութեան արժէքներուն, փոխադարձ ճանաչողութեան, մարդկային եղբայրութեան եւ միասնական համակեցութեան արժէքներուն (Մարդկային եղբայրութեան Փաստաթուղթ)։

Համաճարակը՝ ճգնաժամէն դուրս գալ աւելի լաւ քան առաջ

Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ աշխարհը յուզող համաճարակի տագնապին, նշելով՝  թէ «ան չի հարուածեց միայն առողջութիւնը, այլ յառաջացուց ընկերային եւ տնտեսական պայմաններու վատթարացում»։

Այս տագնապին համար անհրաժեշտ են միասնական ջանքեր, «որոնց շարքին է բոլորի համար պատուաստի հաւասար բաշխումը» յարեց Նորին Սրբութիւնը աւեցնելով, թէ հարկաւոր է նաեւ «վերատեսել մեր կեանքի ապրելաձեւը եւ ճգնաժամէն դուրս գալ աւելի լաւ քան ինչպէս էինք առաջ»։

Պատերազմին հետեւանքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ վերջին տասնամեակներուն Իրաքի մէջ պատերազմին յառաջացուցած աղէտներուն եւ ահաբեկչական արարքներուն, «որոնք, ըսաւ Ան, իրենց հետ բերին մահ, կործանում, եւ աւերներ, որոնք մինչեւ այսօր տեսանելի են» ու այս մէկը ոչ միայն նիւթական գետնի վրայ, որովհետեւ «այդ աղէտներուն յառաջացուցած աւերները շատ աւելի խոր են, եթէ մտածենք բազմաթիւ անձերու եւ հասարակութիւններու սրտերու վէրքերուն, որոնց բուժման համար շատ տարիներ պէտք է» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Եզտիները անմեղ զոհեր տմարդկային եւ անիմաստ բարբարոսութեան

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը յիշեց Իրաքի Եզտի հասարակութիւնը՝ «անմեղ զոհեր տմարդկային եւ անիմաստ բարբարոսութեան, հալածուած եւ սպաննուած իրենց կրօնական պատկանելիութեան համար, որոնց  նոյնինքն ինքնութիւնը եւ գոյութիւնը վտանգուեցան» ըսաւ Քահանայապետը  հաստատելով, որ «միայն երբ կարողանանք իրար նայիլ, հակառակ մեր տարբերութիւններուն, որպէս միեւնոյն մարդկային ընտանիքի անդամներ, կարող ենք ի գործ դնել կառուցումի իսկական գործընթացք մը ու ապագայ սերունդներուն թողուլ աւելի լաւ, աւելի արդար եւ աւելի մարդկային աշխարհ մը»։

Իրաքը օրինակ աշխարհին

Այսօր Իրաքը կանչուած է բոլորին ցոյց տալու, որ «տարբերութիւնները փոխանակ հակամարտութեան առիթ ըլլալու պէտք  են ըլլալ ներդաշնակ համագործակցութիւն քաղաքացիական կեանքէն ներս» նշեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «եղբայրական համակեցութիւնը կարիքը ունի անկեղծ եւ համբերող երկխօսութեան, որ երաշխաւորուած ըլլայ արդարութեամբ եւ օրէնքի յարգանքով»։

«Ասոր համար է, որ Սուրբ Աթոռը երբեք չի յոգնիր կոչ ուղղելէ իրաւասու մարմիններուն, որպէսզի բոլոր կրօնական հասարակութիւններուն շնորհեն  ճանաչում, յարգանք, իրաւունքներ եւ պաշտպանութիւն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը գնահատելով այդ ուղղութեամբ որդեգրուած բոլոր ջանքերը։

Զօրակցութիւնը՝ տագնապէն դուրս գալ աւելի լաւ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ շեշտը դրաւ զօրակցութեան վրայ՝ որ, ըսաւ Ան, կ՛օգնէ միւսը դիտելու, որպէս մեր մերձաւորը, մեր ճամբորդութեան ընկերը։ «Առաքինութիւն մըն է, որ մեզ կը մղէ ծառայութեան ու խնամքի գործնական արարքները կատարելու յատկապէս կարիքաւորներուն նկատմամբ», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով այն անձերը, որոնք բռնութեան, հալածանքներու ու ահաբեկութեան պատճառաւ կորսնցուին հարազատներ, տուն եւ առաջնային պիտոյքներ։

«Տագնապէ մը ետք բաւարար չէ վերակառուցումը, պէտք է զայն կատարել լաւապէս, այնպէս՝ որ բոլորը կարենան ապրիլ արժանավայել կեանք մը» ըսաւ ապա Քահանայապետը անգամ մը եւս կրկնելով որ «տագնապէ մը դուրս կու գանք կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ, կարելի չէ դուրս գալ առաջուայ նման»։

Պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ

Խօսքը ուղղելով ուղղակիօրէն քաղաքական եւ դիւանագիտական պատասխանատուներուն Քահանայապետը ընդգծեց՝ թէ անոնք կանչուած են  խթանելու «եղբայրական զօրակցութեան հոգին» ու այս ուղղութեամբ հարկաւոր նկատեց պայքարիլ կաշառակերութեան ախտին դէմ, իշխանութեան չարաշահումին եւ անարդարութեան դէմ ու «նաեւ, ըսաւ Ան, կառուցել արդարութիւնը, աճեցնել ազնուութիւնը, թափանցիկութիւնը եւ հզօրացնել ասոնց հայող պատասխանատու հաստատութիւները»։

Ապաշխարող ուխտաւոր, Քրիստոսի անունով խաղաղութեան ուխտաւոր

«Ես կու գամ, որպէս ապաշխարող ուխտաւոր, որ ներողութիւն կը հայցէ երկինքէն ու եղբայրներէն, այսքան կործանումներու եւ դաժանութեան համար» յարեց ապա Սրբազան Պապը։ «Կու գամ, որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր, Քրիստոսի անունով, խաղաղութեան իշխանը։ Այս տարիներու ընթացքին մենք շատ աղօթեցինք Իրաքի խաղաղութեան համար։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ջանք չի խնայեց ու աղօթքներ եւ տառապանք նուիրեց այդ ուղղութեամբ» դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Աստուած մտիկ կ՛ընէ, Ան միշտ մտիկ կ՛ընէ։ Մեզի կը մնայ մտիկ ընել Անոր, քալել անոր արահետներուն վրայ»։

Թող  լռեն զէնքերը

«Թող լռեն զէնքերը։ Թող սահմանափակուի անոնց տարածումը այստեղ եւ ամենուրէք։ Թող դադրին մասնակի շահերը. Թող ձայն տրուի կառուցողներուն, խաղաղութեան  արհեստաւորներուն, փոքրիկներուն, աղքատներուն, պարզ մարդոց, որոնք կ՛ուզեն ապրիլ աշխատիլ եւ աղօթել խաղաղութեամբ» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուց «Բաւ է բռնութիւններ, ծայրայեղութիւն, անհանդուրժողականութիւն։ Թող բոլոր քաղաքացիներուն առիթ տրուի միասին կառուցելու այս Երկիրը»։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը  կարեւորեց  բոլորին մասնակցութիւնը, ըլլան անոնք քաղաքական խումբեր, ընկերային կամ կրօնական հաստատութիւններ. «Թող ոչ մէկը համարուի երկրորդ դասակարգի քաղաքացի» ըսաւ Ան,  քաջալերելով մինչեւ օրս առնուած քայլերը ու մաղթելով՝ որ անոնք  ամրապնդեն անդորրութիւնը եւ հաշտութիւնը.

Միջազգային հասարակութեան դերը

Սրբազան Քահանայապետը կարեւորեց նաեւ միջազգային հասարակութեան վճռական դերակատարութիւնը յատկապէս Երկրին ու համայն Միջին Արեւելքին  մէջ խաղաղութեան խթանման գործին մէջ, մատնանշելով դրացի երկիր Սուրիոյ կացութեան ու հաստատելով, որ «մարտահրաւէրները միշտ աւելիով կը հարցաքննեն համայն մարդկային ընտանիքը ու կը պահանջեն համընդհանուր համագործակցութիւն, դիմագրաւելու համար տնտեսական անարդարութիւնները եւ տարածաշրջանային լարուածութիւնները։

Շնորհակալութիւն Իրաքին թիկունք կանգնող հաստատութիւններուն

Նորին Սրբութիւնը ուզեց հուսկ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք կ՛աշխատին Իրաքի վերակառուցումը ապահովելու համար ու օգնութիւն կը մատուցեն  գաղթականներուն, ներքին տեղահաններուն եւ անոնց՝ որոնք դժուարութիւն ունին իրենց տուները վերադառնալու։ Այդ հաստատութիւններու շարքին են կաթողիկէ բազմաթիւ հաստատութիւններ որոնք տարիներէ ի վեր մեծ յանձնառութեամբ օգնութիւններ կ՛ապահովեն  քաղաքացիական բնակչութեան, նշեց  Քահանայապետը մաղթելով  նաեւ, որ Պետութիւնները ետ չի քաշեն Իրաքի ժողովուրդին իրենց երկարած բարեկամութեան եւ կառուցողական յանձնառումին ձեռքը, այլ շարունակեն գործել, միասնական պատասխանատուութեան հոգիով, տեղական իշխանութիւններուն հետ, առանց քաղաքական կամ գաղափարախօսական շահեր բանեցնելու։

Կրօնը ի ծառայութիւն խաղաղութեան եւ եղբայրութեան

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հաստատեց,  թէ «կրօնը իր բնութեամբ պէտք է ըլլայ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ծառայութեան տակ»։ Աստուծոյ անունը չի կրնար գործածուիլ արդարացնելու համար մարդասպանութիւններ, աքսորներ, ահաբեկութիւն եւ ճնշում։ Ընդհակառակը «Աստուած մարդ արարածները ստեղծեց հաւասար իրենց արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու մէջ, ու մեզ կը կոչէ տարածելու սէր, բարիք եւ համերաշխութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «Իրաքի մէջ եւս Կաթողիկէ Եկեղեցին կը փափաքի ըլլալ բոլորի բարեկամ եւ երկխօսութեան միջոցաւ համագործակցիլ կառուցողական կերպով բոլոր միւս կրօններու հետ միասին ի նպաստ խաղաղութեան դատին»։

Իրաքի քրիստոնեաները կ՛ուզեն շարունակել իրենց ծառայութիւնը

«Այս հողամասին վրայ Քրիստոնեաներու հինաւուրց ներկայութիւնը ու անոնց ներդրումը երկրի կեանքին մէջ կը կազմեն հարուստ մէկ ժառանգութիւն, որ կ՛ուզէ շարունակուիլ բոլորի ծառայութեան համար։ Անոնց մասնակցութիւնը հանրային կեանքին, որպէս լիիրաւ իրաւունքով, ազատութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ օժտուած քաղաքացիներ պիտի վկայէ՝ թէ կրօնական, ցեղային եւ մշակութային  առողջ բազմազանութիւն մը  կարող է սատարել Երկրին ներդաշնակութեան եւ բարգաւաճումին» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ այս կարեւոր ու երկարաշունչ ճառը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, իրենց ներդրումին համար, ի նպաստ «եղբայրական միութեան, զօրակցութեան եւ համերաշխութեան  վրայ կերտուած ընկերութեան մը կառուցումին»  ապա Ամենակալէն հայցեց, որ «թիկունք կանգնի անոնց եւ առաջնորդէ զանոնք իմաստութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճանապարհին վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2021, 15:01