Վատիկանի մէջ Համաճարակի պատճառած տագնապը. Աշխատավարձքի կրճատումներ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Ինքնագիր նամակով մը յայտարարած է, թէ «տնտեսապէս կայուն ապագայ մը կը պահանջէ, որ այսօր, այլ որոշումներու կողքին, որդեգրուին նաեւ սահմանումներ անձնակազմի աշխատավարձքի նկատմամբ»։
Աշխատավարձքի կրճատումներ
Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը որոշած է Կարդինալներու աշխատավարձքը կրճաել 10 տոկոսով. Սուրբ Աթոռի զանազան բաժանմունքներու ղեկավարներուն եւ քարտուղարներուն աշխատավարձքը կրճատել 8 տոկոսով. քահանաներու, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու աշխատավարձքը կրճատել 3 տոկոսով։ Իսկ բոլոր պաշտօնեաներուն համար հանգստեան թոշակի տարիքի փոփոխութիւններ պիտի չկատարուին մինչեւ 2023 թուական (բացի առաջինէն երրորդ աստիճանի աշխարհական պաշտօնեաներէն)։
Սրբազան Պապը չ՚ուզեր աշխատանքէ արձակել պաշտօնեաներ, սակայն Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի ընթացիկ ծախսերը կը շարունակեն մնալ։ Այս պատճառաւ Սրբազան Հայրը կը միջամտէ՝ «ըստ համաչափութեան եւ յառաջդիմութեան չափանիշերու», փոփոխումներ կատարելով յատկապէս հոգեւորականներու, կրօնաւորներու եւ բարձր աստիճանաւորներու պարագային։ Քահանայապետի որոշումին դրդապատճառ եղած է Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան կրած վնասը վերջին տարիներու ընթացքին, որ սրած է համավարակի պատճառած իրավիճակով, «որ բացասական կերպով հետք ձգած է Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի հասոյթներու բոլոր աղբիւրներուն վրայ»։ Յիշեալ միջոցառման նպատակն է, նաեւ այլ չափանիշերու որդեգրմամբ, երաշխաւորելու տնտեսապէս կայուն ապագայ մը Եկեղեցւոյ կենդրոնական մարմիններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ