Որոնել

2020 թուականին ճանապարհ խաչի աղօթք 2020 թուականին ճանապարհ խաչի աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ ճանապարհ խաչի արարողութիւնը պատանիներու ընկերակցութեամբ։

Ճանապարհ խաչի աղօթքին, ֆրանչիսկոս Պապին պիտի ընկերանան 20 պատանիներ, մինչ 14 կայաններու խորհրդածութիւնները այս տարի պատրաստած են Սանթի Մարթրի Տուականտա ժողովրդապետութեան կաթողիկէ վարդապետութեան հետեւողները ինչպէս նեաւ Ֆոլինօ Ա սկաուտական խումբի անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ամէն տարի աւանդութեան համաձայն աւագ ուրբաթ օրուան ճանապարհ խաչի արարութիւնը տեղի կ՝ունենար Հռոմի Քոլոսէօ ամփիթատրոնէն ներս, Սուրբ Պետրոսի յաջորդի նախագահութեամբ։ Այս տարի երկրորդ տարին ըլլալով, համաճարակի առողջապահական հարցերուն հետեւանքով, Ճանապարհ խաչի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանյապետին նախագահութեամբ Սուրբ Պետրոսի տաճարին հրապարակի վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Ճանապարհ խաչի աղօթքին, ֆրանչիսկոս Պապին պիտի ընկերանան 20 պատանիներ, մինչ 14 կայաններու խորհրդածութիւնները այս տարի պատրաստած են Սանթի Մարթրի Տուականտա ժողովրդապետութեան կաթողիկէ վարդապետութեան հետեւողները ինչպէս նեաւ Ֆոլինօ Ա սկաուտական խումբի անդամները։ Մինչ կայարաններու լուսանկարները պատրաստած են Հռոմի երկու խնամակալական տուներու հիւրերը։

Սուրբ Պետրոսի տաճարի հրապարակի վրայ կայանալիք ճանապարհ խաչի աղօթքի ֆիզիքապէս ներկայ պիտի գտնուին, 20 պատանիներ որոնք պիտի ընկերանա Ֆրանչիսկոս Պապին, մինչ այլ 40 պատանիները արարողութեան պիտի հետեւին տաճարին փակէն ։

Յիսուսի տառապանքը Խաչի տակ Մօր ներկայութեամբ։

Պատանիներու կողմէ պատրաստուած 14 կայարաններու խորհրդածութեան նիւթին անդրադառնալով Հայր Լուիճէ Տէնրիքօ նշեց որ զինք ամէնէն շատ տպաւորած են պատանիներուն տպաւորութիւնը,որ է Տիրամօր առջեւ Յիսուսի ապրած չարչարանքները։

Չորս պատանիներ պիտի կարդան կայարաններու ընթերցուածները։ մինչ ութը պատանիներ պիտի կրեն խաչը Ճանապարհ  խաչի աղօթքի կայարաններու ընթերցանութիւնները պիտի կատարեն չորս պատանիներ մինչ 8 պատանիները պիտի կրեն խաչը եւ այլ 8 պատանիներ պիտի կրեն ջահը, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տարածուած 14 կայարաններու միջեւ։

Քովիտ 19 համաճարակի պայքարի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապին ճանապարհ խաչի արարողութեան պիտի ընկերանան, բժիշկներ, հիւանդապահներ, մատրանապետներ, բանտի պահակներ ինչպէս նաեւ Տօն Լուիճի քրիստոնէական վարդապետութեան պատանիներ եւ խումբ մը սկաուտներ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2021, 10:53