Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին խոկումները ամփոփող «Հոգիին կեանքը Աստուած մարդու սիրտին կը խօսի» տիտղոսակիր նոր գիրքը

Վերոնշեալ գիրքին նախաբանը ստորագրած է Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս կարդինալ Անճէլօ Տէ Տոնադիսը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 6 ապրիլին, Սուրբ Պօղոս տպագրատունը լոյս կ՝ընծայէ ֆրանչիսկոս Պապին «Հոգիին կեանքը, Աստուած մարդու սրտին կը խօսի» տիտղոսակիր գիրքը, որուն մէջ պարունակուած են ֆրանչիսկոս Պապին խոկումները պատրաստուած Հայր ֆրանքօ Նարտինի կողմէ ։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ գիրքին նախաբանը ստորագրած է Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս կարդինալ Անճէլօ տէ Տոնադիսը։

Նախաբանին մէջ ծիրանաւորը նշած է, որ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, վերջին վարդապետական փաստաթուղթերուն հոգեւորական խօսքերը կեդրոնացած են Աստուածաբանական եւ մարդաբանական միտքի վրայ, որ նոյնինքն քահանայապետը կը սահմանէ Հոգիին կեանքը։ Սիրտի ճշմարիտ հոգեւորականութիւն մը, որ գիտէ ամբողջացնել եկեղեցւոյ աւանդութիւնները եւ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի հոգեւորականութիւնը։

Գիրքին տիտղոսը, «Հոգիին կեանքը, Աստուած մարդու սիրտին կը խօսի» կ՝ուզէ ընդգծել ֆրանչիսկոս Պապին միտքը, պարզապէս հոգեւոր մտորումներու եւ յիշատակներու հաւաքածով մը չէ  այլ իսկական ու յատուկ հոգեւորական եւ Աստուածաբանական գիրք մը՝ երրորդութեան ճշմարտութեան, գրուած մարդուն սիրտին մէջ, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան։ Սուրբ Հոգին է, արդարեւ որ որդեգրուած զաւակներ կը դարձնէ որուն միջոցաւ կը բացականչենք «Աբբա» Հայր (Հռոմ 8,15)։ Այդտեղէն է, որ ան կ՝առաջարկէ, որ սկսինք նոր խանդավառութեամբ հռչակել Քրիստոսի Ճշմարտութեան խօսքն ու գեղեցկութիւնը։

Աստուածաբանական համամիութենական միտք մը իբրեւ զօրաւոր նպաստ հոգեւորական կեանքին շատ մը հաւատացեալներուն, կրօնաւորներու, քահանաներուն, որպէսզի առաջնորդուին ու բացուին ոչ միայն հոգիին ձայնէն, սիրտին կարծրութիւնը բուժելու համար, այլ սիրտին մէջ միշտ ունենալ զատորոշումի կարողութիւնը՝ ըլլայ անհատական, ըլլայ հովուական ծառայութեան հասկնալու համար Աստուածային նախախնամութեան նշաններ, որ կը թողունք ամէն օր, եկեղեցիներու բեղուն երկխօսութեան համար ինչպէս նաեւ մշակոյթներուն եւ կրօններու։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2021, 11:33