Որոնել

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետ 

«Երկու Պապեր չկան» կը կրկնէ Վաստակաւոր Քահանայապետը:

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը Իտալական «Corriere della Sera» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը հաստատէ թէ հրաժարականը եղաւ դժուար ընտրանք բայց առնուած ամենայն գիտակցութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

8 տարիներ առաջ 28 փետրուարին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին առած որոշումը ուժի մէջ կը մտնէր եւ ան կը հրաժարէր Սուրբ Պետրոսի Գահէն։ Անիկա եղաւ դժուար ընտրանք մը բայց առնուած լրիւ խղճով, որուն համար Ան երբեք չէ զղջացած։  Վաստակաւոր Քահանայապետը անգամ մը եւս կը կրկնէ բազմաթիւ անգամներ կրկնած խօսքերը հերքելու համար մոլեռանդ  բարեկամներուն մտածումները, որոնք կը շարունակեն իր այդ որոշումին ետին տեսնել «դաւադրական տեսութիւններ»։ Ժոզէֆ Ռացինկեր այս մէկը անգամ մը եւս կը հաստատէ իտալական «il Corriere della Sera» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրբ Պետրոսի գահէն հրաժարելէ  ութերորդ տարեդարձին առիթով։

«Դժուար ընտրանք մը եղաւ այդ մէկը, ըսաւ վաստակաւոր Քահանայապետը սակայն զայն առի լրիւ խղճով եւ կը կարծեմ թէ լաւ ըրի այդ ընտրանքը կատարելով։ Իմ Քիչ մը մոլեռանդ մի քանի բարեկամներս, դեռ տակաւին ջղայնացած են, չուզեցին ընդունիլ իմ այդ ընտրանքս։ Կը մտաբերեմ դաւադրական տեսութիւնները, որոնք հետեւեցան այդ որոշումին, ոմանք Վաթիլիքսի գայթակղութեան վերագրեցին զայն, ուրիշներ միասեռականներու լոպիին, եւ այլք Լը Ֆեվրին հետեւող Ռիչըրտ Վիլիամսոն աստուածաբանի հարցին։ Անոնք չեն ուզեր հաւատալ գիտակից կերպով կատարուած ընտրութեան մը։ Բայց խիղճս հանգիստ է։

Հարցազրոյցին ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան. «Կարծեմ թէ շատ կարեւոր ճամբորդութիւն մըն է։ Դժբախտաբար կը կատարուի շատ դժուար պայմաններու մէջ, որոնք զայն կը դարձնեն նաեւ վտանգաւոր ճամբորդութիւն, Քովիտի կապուած ապահովութեան պատճառներու բերումով։ Եւ կայ նաեւ Իրաքի անկայուն իրավիճակը» ըսաւ Վաստակաւոր Քահանայապետը հաստատելով. «Ֆրանչիսկոսին պիտի ընկերանամ իմ աղօթքովս»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2021, 08:03