Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը, Պանկլատէշի մէջ տարբեր կարեւոր տօնակատարութիւններուն առիթով։

Պատգամին մէջ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Պանկլատէշ հանրապետութիւնը նշելով որ այդ երկիրը բնական հազուագիւտ գեղեցկութիւն ունեցող եւ ժամանակակից երկիրն մըն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պանկլատէշի մէջ 16-էն 26 մարտին տեղի ունեցող տօնակատարութիւններու առիթով, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, չորեքշաբթի, 24 մարտին պատկերասփռուած պատգամ ուղղեց որուն մէջ ողջունեց եւ շնորհաւորեց Պանկլատէշի հանրապետութեան նախագահը, վարչապետն ու սիրելի ժողովուրդը Շէյխ Մուժիպուր Ռահմանի ծննդեան հարիւր ամեակն ու Պանկլատէշի անկախութեան 50 ամեակը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Պանկլատէշ հանրապետութիւնը նշելով որ այդ երկիրը բնական հազուագիւտ գեղեցկութիւն ունեցող եւ ժամանակակից երկիրն մըն որ ջանք կը թափէ միութեան մէջ պահելու լեզուն, մշակոյթը, յարգանքը տարբեր մշակոյթներուն ու հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնք կը բնակին երկրին մէջ։ Սա մէկ ժառանգութիւններէն մին է որ թողուց Մուշիպուր Ռահման շէյխը բոլոր Պանկլատէշցիներուն, ըսաւ սրբազան հայրը աւելցնելով որ ան խոստացաւ հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթ մը բնութագրուած իմաստութեամբ եւ լայն ու հեռատես տեսլականութեամբ։ Շէխը համոզուած է որ միայն ներառական եւ բազմակողմանի ընկերութեան մէջ ուր ամէն անհատ կրնայ ապրիլ ազատութեան եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան մէջ կրնայ կառուցել աւելի արդար ու եղբայրական աշխարհը մը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ իր նախորդներու շուքին հետեւելով անձնապէս փորձարկեց այդ աւանդութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը, Պանկլատէշի տուած առաքելական այցելութեան ժամանակ՝ 2017ին, Օգոստոս ամսոյն։ 

Պանկլատէշը յատուկ տեղ գտած է Քահանայապետերուն սիրտերու մէջ

Պանկլատէշը երիտասարդ ազգ մըն եւ միշտ յատուկ տեղ ունեցած է Պապերուն սիրտին ներքեւ որոնք միշտ աջակցեցան ժողովուրդին ու միշտ փնտռեցին ընկերանալ դժուարութիւններուն վերացման մէջ զօրակցելով ազգ կերտելու աճումին ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ Պանկլատէշի եւ Սուրբ Աթոռի բարի յարաբերութիւնները աճին ու ծաղկին, վստահեցնելով որ միջ կրօնական եւ հանդիպումի նպաստաւոր հանդիպումի միջավայր, զոր ապրեցաւ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, շարունակէ հաւատացեալներուն թոյլ տալ ազատօրէն արտայայտելու իրենց խորին կարծիքները կեանքի աւարտին ու իմաստին մասին, եւ շարունակելու զարգացնել հոգեւորական արժէքները որոնք ապահով հիմքն են խաղաղ եւ արդար ընկերութեան մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը քաջալերելով Պանկլատէշի բարեկամները, իւրաքանչիւր անձ, յատուկէն երիտասարդ սերունդները, վերանորոգելու խաղաղութեան համար գործելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ ազնիւ ազգին բարգաւաճութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց նաեւ շարունակել զօրակցութեան մարդասիրական իրազեկումի յանձնառութիւնը գաղթականներուն, աղքատներուն, մեկուսացեալներուն, ու ձայնէ զրկուողներուն ի սպաս։

«Այս ջերմ շնորհաւորութիւններով,Պանկլատէշի ու անոր համայն քաղաքացիներու վրայ կը հայցեմ Աստուածային օրհնութիւնները։» Ըսաւ Սրբազան Հայրը 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2021, 11:30