Որոնել

 Ըմպելի ջուրը հասանելի դարձնել բոլորին Ըմպելի ջուրը հասանելի դարձնել բոլորին 

Քահանայապետը դատապարտեց «Մաֆիան» եւ կոչ ուղղեց ըմպելի ջուրը հասանելի դարձնելու բոլորին։

«Մեզի հաւատացեալներուս համար «քոյր» ջուրը, ապրանք մը չէ, այլ տիեզերական խորհրդանիշ մըն է եւ է աղբիւր կեանքի եւ առողջութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 21 մարտ 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ուղիղ եթերով արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղելով հաղորդամիջոցներու կապով աղօթքին միացած հաւատացեալներուն ըսաւ.

Մաֆիան կը հարստանայ կաշառակերութեան շնորհիւ

«Սիրելի եղբայրներ եւ քորեր, այսօր իտալիոյ մէջ կը յիշատակուի մաֆիայի անմեղ զոհերուն յիշատակութեան եւ յանձնառումին օրը։ Մաֆիան ներկայ է եւ կը գործէ տարբեր երկիրներուն մէջ եւ համաճարակը շահագործելով կը հարստանայ կաշառակերութեան շնորհիւ։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ դատապարտեց անոնց մահուան մշակոյթը եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ը զանոնք դատապարտեց, որպէս «մահուան ուղիներ։ Այս մեղքի հաստատութիւնները, մաֆիական հաստատութիւնները, հակառակ են Քրիստոսի Աւետարանին եւ հաւատքը կը փոխարինեն կռապաշտութեամբ։ Այսօր յիշենք բոլոր զոհերը ու նորոգենք մեր յանձնառումը մաֆիաներուն դէմ»։  

Ունկնդրէ լուրը

Ջուրը Աստուծային սքանչելի եւ անփոխարինելի պարգեւ

Սրբազան Պապը ապա յիշեց, որ վաղը կը յիշատակուի ջուրի համաշխարհային օրը որ «մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու այս սքանչելի եւ անփոխարինելի Աստուծոյ պարգեւի արժէքի մասին»։

«Մեզի հաւատացեալներուս համար «քոյր» ջուրը, ապրանք մը չէ,  այլ տիեզերական խորհրդանիշ մըն է եւ է աղբիւր կեանքի եւ առողջութեան» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով, որ բազմաթիւ են անոնք, որոնք շատ քիչ կամ ալ ապականած ջուր ունին եւ ասկէ մեկնելով հարկաւոր նկատեց բոլորին երաշխաւորել ըմպելի ջուր եւ մաքրութեան ծառայութիւններ։

Սրբազան Պապը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց որոնք պատասխանատուութեամբ կը գործեն այդ ուղղութեամբ, յիշելով Արժանթինի մէջ «Ջուրի համալսարանը», ապա ողջունեց եթերի միջոցաւ աղօթքին հետեւող բոլոր հաւատացեալները յատուկէն յիշելով հիւանդներն ու առանձնութեան մէջ ապրողները։

Ան ապա խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2021, 12:30