Որոնել

«Խաչին վրայ Աստուած յայտնուեցաւ ու կը թագաւորէ սիրոյ զինաթափ ու զինաթափող զօրութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապին Ծաղկազարդի տօնին քարոզը։

«Ի՞նչպէս կարող պիտի ըլլան վկայել Յիսւսին հանդիպելու ուրախութիւնը եթէ թոյլ չտանք ամէն օր զարմանալ Անոր զարմացուցիչ սէրէն, որ մեզ կը ներէ եւ թոյլ կու տայ վերսկսիլ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Մարտ 2021-ին, Կաթողիկէ աշխարհը կը տօնէ Ծաղկազարդի տօնը, Յիսուսին փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ։

Տիրող համաճարակային ճգնաժամին պատճառաւ այս տօնական օրերուն նախատեսուած բազմաթիւ արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան յարգելով համաճարակի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուած սահմանափակումները։ Այս պատահեցաւ նաեւ Վատիկանի մէջ ուր, նախորդ տարիներուն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը ընդհանրապէս կը կայանար Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ սակայն այս տարի որոշուեցաւ այս գեղեցիկ եւ խորհրդական արարողութիւնը կատարել Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս սահմանափակ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Արդարեւ կիրակի 28  մարտ 2021-ի առաւօտեան ժամը  10.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայէն ներս գլխաւորեց Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզը կեդրոնացուց օրուան ծիսակատարութեան ու խորհուրդին վրայ յայտնելով, որ «ամէն տարի այս ծիսակատարութիւնը մեր մէջ կը հրահրէ զարմանքի վարմունք. Երուսաղէմ մտնող Յիսուսը ընկալելու ուրախութիւնէն կ՛անցնինք ցաւին՝ զայն տեսնելով մահուան դատապարտուած ու խաչուած»։

Յիսուս կը զարմացնէ

«Յիսուս մեզ կը զարմացնէ անմիջապէս» ըսաւ ապա Քահանայապետը, «Իր ժողովուրդը հանդիսաւորութեամբ կ՛ընդունի զինք բայց Ան Երուսաղեմ կը մտնէ համեստ աւանակի վրայ: Անոր ժողովուրդը Զատկուան առթիւ կը սպասէր հզօր ազատագրողին, բայց Յիսուսը կու գայ Զատիկը կատարելու  իր զոհաբերութեամբ: Անոր ժողովուրդը կ՛ակնկալէր սուրով տօնել հռոմէացիներու վրայ յաղթանակը, բայց Յիսուս կու գայ խաչով տօնելու Աստուծոյ յաղթանակը»:

«Ի՞նչ պատահեցաւ այդ մարդոց, որ մի քանի օրերու մէջ Յիսուսը փառաբանելէ ետք սկսան աղաղակել «խաչէ զինք» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու պատասխանեց. «Այդ մարդիկը առաւելապէս կը հետեւէին Մեսիայի մը պատկերին քան Մեսիային»։

Զարմանք եւ հիացում

Անոնք կը հիանային Յիսուսի վրայ բայց պատրաստ չէին թոյլ տալ, որ Ան զարմացնէ զանոնք։ Զարմանքը արդարեւ տարբեր է հիացումէն։ Հիացմունքը կարող է ըլլալ աշխարհիկ, քանի որ կը  փնտռէ սեփական ճաշակն ու սպասելիքները. Մինչ զարմանքը կը  մնայ բաց միւսին, անոր նորութեան։

«Այսօր եւս շատեր կը հիանան Յիսուսին վրայ բայց անոնց կեանքը չի փոխուիր, որովհետեւ բաւարար չէ հիանալ Յիսուսին վրայ անհրաժեշտ է նաեւ հետեւիլ Անոր ճանապարհին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը թելադրելով «Հիացմունքէն  անցնիլ զարմանքի» ու նկատել տալով, որ Տիրոջ մէջ զարմանք պատճառողը այն է թէ Ան «Փառքին կը հասնի նուաստացումի ճանապարհով»։

Յիսուս կը յաղթէ ընդունելով ցաւն ու մահը

«Ան կը յաղթէ ընդունելով ցաւն ու մահը, զոր մենք զանց պիտի ընէինք։ Մինչ Յիսուս «ունայնացուց ինքզինք, խոնարհեցուց ինքզինք»,  ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը եւ «այս մէկը կը զարմացնէ» հաստատեց Քահանայապետը։

«Զարմանք կը պատճառէ տեսնել Ամենակալը ոչնչացուած։ Տիեզերքին Աստուածը մերկացած ամէն բանէ։ Տեսնել զինք փուշէ պսակով փոխան փառքի պսակին։ Տեսնել զԱյն՝ բարութեան մարմնացումը, որ կը նախատուի եւ կ՛ոտնահարուի», աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հարց տուաւ «Ի՞նչու այս բոլոր նուաստացումը։ Ի՞նչու Տէր թոյլ տուիր, որ այս բոլորը պատահի»։

Յիսուս նուսատացաւ, խոնարհեցաւ մեր փրկութեան համար

Հարցին պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ան այս մէկը ըրաւ մեզի համար, որպէսզի լիովին շօշափէ մեր մարդկային իրականութիւնը, անցնելով մեր ամբողջ գոյութեան, մեր ողջ չարիքի մէջէն։ Այս ըրաւ մեզի  մօտենալու համար, որպէսզի մեզ միայնակ չի թողու ցաւին մէջ, մահուան մէջ։ Ըրաւ՝ որպէսզի մեզ փրկէ։ Յիսուս կը բարձրանայ Խաչին վրայ, որպէսզի իջնէ մեր տառապանքին մէջ։ Ան կ՛ապրի մեր ամենագէշ հոգեկան իրավիճակները. ձախողութիւնը, բոլորէն մերժուիլը, զինք սիրողներուն դաւաճանութիւնը եւ նոյնինքն Աստուծմէ լքուիլը։ Ան իր անձին մէջ կը փորձարկէ մեր ամենադաժան հակասութիւնները դարմանելով ու փոխակերպելով զանոնք։

Աստուծոյ յաղթութեան արմաւենին կ՛անցնի խաչին փայտէն

«Անոր սէրը կը մօտենայ մեր դիւրաբեկութիւններուն եւ կը հասնի այնտեղ ուր մենք աւելիով ամօթի մէջ ենք։  Այժմ մենք գիտենք թէ միայնակ չենք։ Աստուած մեր հետն է ամէն մէկ վէրքի մէջ, ամէն մէկ վախի մէջ. Ոչ մէկ չարիք, ոչ մէկ մեղք ունի վերջին խօսքը։ Աստուած կը յաղթէ բայց յաղթութեան արմաւենին կ՛անցնի խաչին փայտէն։ Ասոր համար է, որ արմաւենին ու խաչը միասին են», հաստատեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով հայցել զարմանքի շնորհքը ու դիտել տալով, որ Քրիստոնէական կեանքը առանց զարմանքի կը դառնայ  գորշ։

«Ի՞նչպէս կարող պիտի ըլլանք վկայել Յիսւսին հանդիպելու ուրախութիւնը եթէ թոյլ չտանք ամէն օր զարմանալ Անոր զարմացուցիչ սէրէն, որ մեզ կը ներէ եւ թոյլ կու տայ վերսկսիլ» աւելցուց Քահանայապետը ու հաստատեց «եթէ հաւատքը կորսնցնէ զարմանքը կը դառնայ խուլ եւ չի լսեր Շնորհքին սքանչելիութիւնը, եւ այլեւս չի ընկալեր եղբայրներու գեղեցկութիւնը եւ արարչութեան պարգեւը»։

Հայեացքը բարձրացնենք Խաչին ընկալելու համար զարմանքի շնորհքը

«Այս Սուրբ Շաբթուան ընթացքին մեր հայեացքը բարձրացնենք Խաչին ընկալելու համար զարմանքի շնորհքը»   յարեց ապա Սրբազան Պապը նշելով, որ «մի գուցէ մեր հաւատքը մաշած է սովորութիւններուն պատճառաւ։ Մի գուզէ մենք փակ կը մնանք ափսոսանքներուն մէջ եւ թոյլ կու տանք անշարժանալ մեր  դժգոհութիւններուն պատճառաւ: Գուցէ մենք կորսնցուցինք նոյնիսկ վստահութիւնը եւ կը կարծենք թէ սխալ ենք։ «Բայց այս բոլոր «գուցէ»ներու ետին կայ այն փաստը, որ մենք բաց չենք Սուրբ Հոգւոյն պարգևի առջև, Անոր՝ որ մեզի կը պարգեւէ  զարմանքի շնորհքը» յարեց Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց. «Եկէք նորէն սկսենք զարմանքէն։ Եկէք նայինք Խաչելութեան  և անոր ըսենք «Տէ՛ր, որքան կը սիրես զիս: Որքան թանկ եմ քեզի համար»: Եկէք թոյլ տանք զարմանքի մատնուիլ Յիսուսէն, որպէսզի կեանքի վերադառնանք, որովհետեւ  կեանքի մեծութիւնը կը կայանայ  ոչ թէ  ունենալու և հաստատուելու մէջ, այլ բացայայտելու թէ սիրուած ենք։ Սիրելու գեղեցկութեան մէ»ջ:

Յիսուս վերջիններուն  մերժուածներուն մէջ կը գնտուի

Խաչելութեան մէջ մենք կը տեսնենք  Աստուած  նուաստացած, Ամենազօրը վերածուած թափօններու: Եւ զարմանքի շնորհով մենք կը հասկնանք, որ մերժուածները ընկալելով, կեանքին մէջ նուաստացածներուն  մօտենալով ՝ մենք կը սիրենք Յիսուսին, որովհետև Ան այնտեղ է, վերջիններուն  մերժուածներուն մէջ:

Յիսուսը մեռաւ սիրելով

Այսօր Յիսուսի մահէն անմիջապէս ետք, Աւետարանը մեզի կը բացայայտէ զարմանքի ամէնէ գեղեցիկ պատկերը. Հարիւրապետը, որ տեսնելով Յիսուսը, որ հոգին կ՛աւանդէր կ՛ըսէ «Ասիկա իսկապէս Աստուծոյ Որդին էր»։ Ան տեսած էր Յիսուսը, որ կը մեռնէր սիրելով։ Յիսուս կը տառապէր, ուժասպառ էր բայց կը շարունակէր սիրել։ Ահա այս է զարմանքը Աստուծոյ առջեւ որ գիտէ նոյնիսկ մահը լիացնել սիրով։

Այս անհատոյց և աննախադէպ սիրոյ մէջ հեթանոս հարիւրապետը կը գտնէ Աստուած։  «Ան իսկապէս Աստուծոյ Որդի էր»:Անոր  այս նախադասութիւնը կը կնքէ Չարչարանքները։ Խաչին վրայ Աստուած յայտնուեցաւ ու կը թագաւորէ սիրոյ զինաթափ ու զինաթափող զօրութեամբ։

Այսօր Աստուած տակաւին կը զարմացնէ մեր սիրտն ու մեր միտքը։ Թոյլ տանք, որ այս զարմանքը համակէ մեզ մենք ալ նայինք Խաչելութեան եւ ըսենք. Դուն իսկապէս Աստուծոյ Որդին ես։ Դուն իմ Աստուածս ես։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2021, 11:13