Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Քալենք Յիսուսին խաչի ճանապարհին վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց աղօթել բռնութիւններու զոհերուն համար։

Աստուծոյ շնորհքով, մենք եւս կարող ենք կտրել այս ճանապարհը։ Եւ առօրեայ խաչի Ճանպահի երկարութեան վրայ, կը հանդիպինք դժուարութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու, չանցնինք ու չերթանք, թոյլ տանք՝ որ սիրտը շարժի գթութեամբ ու մօտենանք անոնց։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 մարտ 2021-ին Ծաղկազարդի տօնին առթիւ Սուրբ Պետրոոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ հակիրճ խորհրդածութիւն մը ըսելով.

Մուտք գործեցինք Սուրբ Շաբթուան մէջ։ Երկրորդ անգամ ըլլալով այս մէկը կ՛ապրինք համաճարակի իրականութեան մէջ։ Անցեալ տարի աւելի ցնցուած էինք, այս տարի աւելի յոգնած։ Եւ տնտեսական ճգնաժամը դարձաւ աւելի ծանր։

Յիսուս իր վրայ կ՛առնէ մեր ցաւերը

Այս պատմական եւ ընկերային իրավիճակին  մէջ Աստուած ի՞նչ կ՛ընէ։ Խաչը կ՛առնէ։ Յիսուս Խաչը կ՛առնէ, այսինքն իր վրայ կ՛առնէ չարը որ պարունակուած է այս իրականութեան մէջ, ֆիզիկական, հոգեբանական եւ ամնէ առաջ հոգեւոր չարիքը, որովհետեւ  Չարը կ՛ օգտուի ճգնաժամերէն՝ անվստահութիւն, յուսահատութիւն և տարաձայնութիւններ սերմանելու համար:

Քալենք չարչարանքներու ճանապարհին վրայ

Իսկ մենք։ Ի՞նչ պէտք է ընենք։ Այդ մէկը մեզի ցոյց կու տայ Սուրբ Կոյս Մարիամը, Յիսուսին  Մայրը, որ է նաեւ Անոր առաջին աշակերտը։Ան հետեւեցաւ իր զաւկին։ Իր վրայ առաւ ցաւի, խաւարի եւ կորուստի իր բաժինը եւ քալեց չարչարանքներու ճանապարհին վրայ, իր սրտին մէջ վառ պահելով հաւատքին լապտերը։

Աստուծոյ շնորհքով, մենք եւս կարող ենք կտրել այդ ճանապարհը։ Եւ առօրեայ խաչի Ճանպահի երկարութեան վրայ, կը հանդիպինք դժուարութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու, չանցնինք ու չերթանք, թոյլ տանք՝ որ սիրտը շարժի գթութեամբ ու մօտենանք անոնց։

Աղօթք բռնութիւններու զոհերուն համար

Այդ պահուն, Կուռնելիոսի նման մենք  կարող ենք մտածել. «Ինչու՞ ես»: Բայց մենք պիտի բացայայտենք այն պարգեւը զոր առանց մեր վաստակի, մեզի շնորհուեցաւ» ըսաւ Սրբաչզան Պապը ու հրաւիրեց աղօթել  «բռնութիւններու բոլոր զոհերուն համար, յատկապէս այս առաւօտ Ինտոնեզիայի Մաքասսարի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերուն համար» ըսաւ Ան ու հայցելէ ետք Սուրբ Կոյս Մարիամին  օգնութիւնը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։

Ինտոնեզիայի մէջ ահաբեկչական արարքը

Նշենք թէ 28 մարտի առաւօտեան տեղական ժամով 9.26 անց Ինտոնեզիայի Հարաւային Սուլավալեսի նահանգի արևելքը գտնուող Մակասարի Յիսուսի Սուրբ սիրտ տաճարի դէմ իրականացուեցաւ անձնասպանական ահաբեկչական գործողութիւն, որուն արդիւնքով կան առնուազն 14 վիրաւորներ։

Ոստիկանութեան տեղական աղբիւրները, կը հաստատեն, որ Ծաղկազարդի կիրակի օրը Պատարագի աւարտին շարժանիւի վրայ անձ մը մօտենալով շէնքի կողային մուտքին, անձնասանական ահաբեկչական գործողութեամբ ինքզինք պայթեցուցած է:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2021, 11:56