Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Սրբուհի Քովալսաքայի դամփանին առջեւ (2016) Ֆրանչիսկոս Պապը Սրբուհի Քովալսաքայի դամփանին առջեւ (2016) 

Բանանք մեր սիրտը հաւատքով եւ ըսենք «Տէր քեզի կը վստահիմ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը յիշեց Լեհաստանի «Płock» ի սրբավայրը «ուր Տէրը Յիսուս 90 տարիներ առաջ յայտնուեցաւ Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսաքային անոր յանձնելով Աստուածային ողորմութեան յատուկ պատգամը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Կիրակի 21 փետրուար 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը  արտասանելէ ետք ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ համախմբուած ուխտաւոր հաւատացեալները ու յատուկէն Լեհ ուխտաւորները մտաբերելով Լեհաստանի «Płock» ի սրբավայրը «ուր Տէրը Յիսուս 90 տարիներ առաջ յայտնուեցաւ Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսաքային  անոր յանձնելով Աստուածային ողորմութեան յատուկ պատգամը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով, որ «այդ պատգամը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի միջոցաւ տարածուեցաւ համայն աշխարհ ու թէ այդ մէկը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Յիսուս Քրիստոսին Աւետարանը, Ան որ մեռաւ եւ յարութիւն առաւ ու մեզի կը շնորհէ Հօր ողորմութիւնը»։

Բանանք մեր սիրտը հաւատքով եւ ըսենք «Տէր քեզի կը վստահիմ» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով նաեւ Հռոմի «San Giovanni dei Fiorentini» ժողովրդապետութեան «Talitha Kum» երիտասարդներու եւ չափահասներու խումբին ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2021, 12:18