Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշէ ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած 21 քրիստոնեաները՝ մերօրեայ մարտիրոսներ։

Առցանց կազմակերպուած յիշատակի օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ղպտի օրթոտոքսներուն Թավատրոս Պատրիարքը ու Անկլիքան եկեղեցւոյ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Վելպին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 15 փետրուարին, յիշատակի օրն է, 2015ին, փետրուար 15ին, ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքով սպաննուած, մարտիրոս քրիստոնեաներու, 20 եգիպտացի Ղպտի համայնքէն քրիստոնեաներ եւ մէկ Կանացի։

Առցանց կազմակերպուած յիշատակի օրուան իրենց մասնակցութիւնը  բերին Ղպտի օրթոտոքսներուն Թավատրոս Պատրիարք ու Անկլիքան եկեղեցւոյ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ժասթին Վելպին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը եւս լսատեսողական պատգամով մը ուզեց միանալ ոգեկոչման արարողութեան հաստատելով, որ անոնք բոլոր քրիստոնեաներուն սուրբեր են.

Պատգամին ի մէջ Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ..

«Այսօրուան օրը կը կրեմ սիրտիս մէջ, 2015ի, փետրուար ամսուան օր մը։ Սիրտիս մէջ կը կրեմ այն արեան մկրտութիւնը, 21 այր մարդ, մկրտուած ջուրով ու Հոգիով եւ այդ օրը մկրտուեցան արեամբ։ Անոնք մեր սուրբերն են, բոլոր քրիստոնեաներուն սուրբերը, բոլոր դաւանանքներու եւ քրիստոնեայ աւանդութիւններուն սուրբերը։ Անոնք են, որ սպիտակացուցին իրենց կեանքը գառնուկի արեան մէջ, անոնք են Աստուծոյ ժողովուրդը, Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդը։

Այդ մարդիկը վկայութիւն տունին Յիսուս Քրիստոսի։

Անոնք արտասահման գացին, զօրակցելու համար իրենց ընտանիքներուն։Բարի մարդիկ, ընտանիքի հայրեր, զաւակներ ունենալու յոյսով մարդիկ, այր մարդիկ, աշխատաւորներու արժանապատւութեամբ, որոնք ոչ միայն փնտռեցին հաց տանիլ իրենց բնակարանները, այլ իրենց բնակարանները տարին գործի արժանապատւութեամբ։ Այդ մարդիկը վկայութիւն տունին Յիսուս Քրիստոսի։ «Տահեշ»ի դաժանութենէն սպաննուեցան ըսելով,  Տէր Յիսուս, խոստովանելով Յիսուսի անունը։

Շիտակ է, որ կայ դաժանութիւն մը, այդ մարդիկը իրենց կեանքը լքեցին ափին վրայ, սակայն՝ շիտակ է նաեւ որ ափը օրհնուեցաւ իրենց արիւնով։ Աւելի ճշմարիտ է նաեւ, որ անոնց համեստութենէն, անոնց հետեւողական պարզ հաւատքէն ստացան ամենէն մեծ պարգեւը զոր քրիստոնեան կրնայ ստանալ. Վկայութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, մինչեւ կեանքի աւարտը։

Գոհաբանութիւն Հօր Աստուծոյ վկաներու պարգեւին համար

Շնորհակալ եմ մեր Հօր Աստուծոյ, որ մեզի պարգեւեց այդ քաջ եղբայրները։ Գոհութիւն Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ անոնց ուժ ու զօրութիւն շնորհեց Յիսուս Քրիստոսը դաւանելու, մինչեւ արիւն։ Շնորհակալ եմ եպիսկոպոսներուն, Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ քահանաներուն, որոնք դաստիարակեցին զանոնք ու սորվեցուցին աճիլ հաւատքին մէջ։ Շնորհակալ եմ այդ մարդոց մայրիկներուն,  որոնք հաւատք սնուցին այդ 21  մարդոց, բարբառ մը, որ դուրս կու գայ լեզուներէն անդին, պատկանելիութիւններուն բարբառը։

Ձեզի կը միանամ Եպիսկոպոս եղբայրներ, որ կը գտնուիք այս ոգեկոչման մէջ։ Քեզի Սիրելի Թավատրոս եղբայր ու բարեկամ եպիսկոպոս։ Քեզի Ժասթին Վելպի, որ ուեզեցիր միանալ այս հանդիպումին։ Եւ բոլոր եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն, յատկապէս կը միանամ Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդին, որ իր համեստութեան մէջ, իր հետեւողականութեամբ, անհետեւողականութեամբ, շնորհքով ու մեղքերով, յառաջ կը տանի Յիսուս Քրիստոսի դաւանանքը. Յիսուս Քրիստոս Տէրն է։

Շնորհակալ եմ 21 Սուրբերուն, բոլոր խոստովանութիւններուն, քրիստոնեայ սուրբերուն, ձեր վկայութեան համար։ Եւ շնորհակալ եմ քեզի, Տէր Յիսուս Քրիստոս, ժողովուրդիդ նեցուկ ըլլալուդ համար,  չմոռնալու համար։

Այսօր աղօթենք միասին, այս 21 ղպտի մարտիրոսներուն յիշատակի օրուան ընթացքին, որպէսզի բարեխօսեն մեզի բոլորիս համար Հօր Աստուծոյ առջեւ։ Ամէն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2021, 18:30