Որոնել

Սուրբ Գաբրէլ Տէլ Ատոլորադա Սուրբ Գաբրէլ Տէլ Ատոլորադա 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սուրբ Գաբրիէլ Տէլ Ատոլորադայի յոբելենական  սուրբ տարուան բացման արարողութեան առիթով։

Այսօր եւս Սուրբ Գաբրիէլ կը հրաւիրէ երիտասարդները ճանչնալու իրենց մէջ կեանքի այն փափաքը, որ չկրնար բաժնուիլ Աստուծոյ որոնումէն, որուն վրայ անհրաժեշտ է հիմնել կեանքի գոյութիւնը, ծառայելով եղբայրներուն , յատուկէն տկարներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 27 փետրուարին, Սուրբ Գաբրիէլ Տէլ Ատոլորադայի ծննդեան յոբելենական հարիւր ամեակի առիթով,  բացումը կը կատարուի յոբելենական սուրբ Տարուան , Սուրբին նուիրուած մայր տաճարի Սուրբ դրան բացման արարողութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ յղած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս սրբազան Պապը նշեց. 

«Հարիւր տարի անցան երբ իմ նախորդս Պենետիկտոս ԺԵ սրբադասեց Սուրբ Գաբրիէլ Տէլ Ատոլորադան, որ վախճանեցաւ  Իզոլա Տէլ Կրան Սասսօ շրջանին մէջ՝ 27 փետրուար 1862ին, 24 տարեկանին։

Յիշատակելով այս տարեդարձը, կը փափաքիմ հոգեպէս միանալ Սուրբին թեմին, Փասիոնիսթ հայրերուն, Ապրուցօ եւ Մոլիէ մարզի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք մաս կը կազմեն յոբելենական տարուան առիթով, երիտասարդներուն պաշտպան, սուրբի սրբավայրին սուրբ  դրան բացման արարողութեան։։

Սուրբ Գաբրիէլը, երիտասարդ մըն էր, լի կեանքով եւ խանդավառութեամբ, ոգեւորուած լիութեան փափաքով, որ զինք կը մղէր աշխարհի իրականութենէն անդին՝ ապաւինելու համար Քրիստոսի։ Այսօր եւս, ան կը հրաւիրէ երիտասարդները ճանչնալու իրենց մէջ կեանքի փափաքը, որ չկրնար բաժնուիլ Աստուծոյ որոնումէն, Անոր խօսքին հետ հանդիպումէն, որուն վրայ անհրաժեշտ է հիմնել գոյութիւնը, ծառայելով եղբայրներու, յատուկէն տկարներուն։

Իր կարճ կեանքով Սուրբ Գաբրիէլ թողուց հետք մը  որ կը տոկայ իր ամբողջ արդիւնականութեամբ։ Թող որ այս կրօնաւոր երիտասարդին օրինակը, զօրաւոր հաւատքը, առաջնորդէ հոգեւորական անձերուն եւ հաւատացեալ աշխարականներու ուղեւորութիւնը Աստուծոյ և մերձաւորի հանդէպ սիրոյ լարուածութեան մէջ: 

Յատուկէն այս առողջապահական ճգնաժամի օրերուն, եւ ընկերային ու տնտեսական դժուար պահերուն անհրաժեշտ է որ Տիրոջ աշակերտները միշտ դառնան հաղորդութեան եւ եղբայրութեան միջոցներ, Քրիստոսի սէրը սփռելով ուրիշներուն, մօտիկութեան քնքշութեան ու անձնուիրումի շօշափելի կեցուածքներու միջոցաւ։»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը  բոլոր անոնց որոնք կը մասնակցին  Սուրբ Գարիէլ Տէլ Ատոլոդոդային նուիրուած յոբելենական ձեռնարկին տարբեր նախաձեռնութիւններուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2021, 11:00