Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Հնդկաստանի մէջ աղէտի զոհերուն, շնորհաւորութիւնները Լուսնի Նոր Տարիին կապակցութեամբ ու կոչը յիշելու աղքատները։

Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան ու ամէն բարիքի պարգեւին համար յիշեցնելով, որ այս մէկը կարելի է ձեռք բերել բարութեամբ, յարգանքով քաջութեամբ եւ հեռատեսութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 10 Փետրուարին, առաքելական պալատի մատենադարանէն  գլխաւորած Հրապարակային Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան ուղիղ եթերով իրեն հետեւող հաւատացեալներէն հրաժեշտ առնելը, յատուկէն յիշեց Հնդկաստանի հիւսիսային շրջանի մէջ սառնակոյտի մը փլուզումէն յառաջացած սաստիկ  ջրհեղեղի պատճառաւ մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած աղէտը ու այդ աղէտին զոհերը,  մօտիկութիւն յայտնելով անոնց ու աղօթելով երկու կործանուած էլեկտրակայաններու մահացած աշխատաւորներուն համար, անոնց ընտրանքներուն ու բոլոր վիրաւոր ու վնաս կրած անձերուն համար։

Լուսնի Նոր Տարին բերէ եղբայրութեան եւ զօրակցութեան պտուղներ։

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ յառաջիկայ 12 Փետրուարին նշուող Լուսնի Նոր Տարին, եւ այդ տօնը  ապրող մարդոց ու կիներուն փոխանցեց իր բարի մաղթանքները՝ «որպէսզի Նոր Տարին բերէ եղբայրութեան եւ զօրակցութեան պտուղներ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Համաճարկը կ՛ազդէ ընկերային յարաբերութիւններուն վրայ

Ան ապա ակնարկեց մեր ապրած ժամանակներու ծանր մտահոգութիւններուն՝ դիմագրաւելու համար համաճարակին մարտահրաւէրները,« որոնք կը դպչին ոչ միայն մարմնին ու մարդոց հոգիներուն այլ ազդեցութիւն ունին նաեւ ընկերային յարաբերութիւններուն վրայ» յարեց Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնելով որ իւրաքանչիւր անձ կարողանայ առողջ եւ անդորր կեանք ունենալ։

Խաղաղութիւնը ձերք կը բերուի բարութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ի վերջոյ հրաւէր ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան ու ամէն բարիքի պարգեւին համար յիշեցնելով, որ այս մէկը կարելի է ձեռք բերել բարութեամբ, յարգանքով, քաջութեամբ եւ հեռատեսութեամբ։

Աղքատները չի մոռնալ

«Երբեք մի մոռնաք առանձնայատուկ խնամք վերապահել աղքատներուն ու տկարներուն» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր կոչի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2021, 10:44