Որոնել

«Յանձառու ըլլանք եղբայրութիւնը ապրիլ ամէն օր» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետին կոչը ի նպաստ Մարդկային Եղբայրութեան առաջին Օրուան յիշատակութեան որուն նպատակն է խթանել միջ կրօնական եւ միջ մշակութային երկխօսութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 3 Փետրուար 2021-ի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Մարդկային Եղբայրութեան առաջին Օրուան, որ պիտի յիշատակուի 4 Փետրուարին՝ «այնպէս ինչպէս սահմանուած է Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան վերջերս ընդունած մէկ որոշումով», ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով, որ «ձեռնարկը նկատի կ՛առնէ նաեւ 4 Փետրուար 2019-ին Ապու Տապիի հանդիպումը, «երբ ես եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպը, միասին ստորագրեցինք Համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան Մարդկային եղբայրութեան Փաստաթուղթը», յարեց Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնելով, որ «աշխարհի բոլոր ազգերը միանան այդ տօնախմբութեան, որուն նպատակն է խթանել միջ կրօնական եւ միջ մշակութային երկխօսութիւնը»։

«Ասոր համար վաղը յետմիջօրէին՝ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութերեսի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ միասին  պիտի մասնակցիմ «վիրթուալ» հանդիպումի մը» հաստատեց ապա Քահանայապետը ընդգծելով որ «ՄԱԿ-ը վերոնշեալ բանաձեւով կ՛ընդունի  «ներդրումը ՝որ կարող է ունենալ  բոլոր կրօնական խումբերու միջեւ երկխօսութիւնը, բարելաւելու համար համայն մարդկութեան կողմէ միասնական բաժնեկցւոած արժէքներուն իրազեկութիւնն ու ընկալումը։

«Թող այս ըլլայ այսօր մեր աղօթքը եւ ըլլայ նաեւ տարուայ ամէնօրեայ յանձնառումը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով Մարդկային Եղբայրութեան առաջին Օրուան յիշատակութեան առթիւ ուղղած կոչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2021, 09:59