Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր անձնական բժիշկ նշանակեց Փրոֆ Պերնապէի։Ան ծնած է Ֆիրենցէ քաղաք 24 յունուար 1952ին ու բժշկութիւն կը դասաւանդէ Հռոմի Կաթողիկէ համալսարանին մէջ։ Փրոֆ Պերնապէի ֆրանչիսկոս Պապին անձնական բժիշկ նշանակուեցաւ նորին Սրբութեան անձնական բժիշկ Փրոֆ Սոքորսի, անցեալ 9 յունուարին մահէն ետք։
Փրոֆ Պերնապէի բժշկութիւն ուսանած է Հռոմի Սիրտ Յիսուս կաթողիկէ համալսարանին մէջ եւ մասնագիտացած է սրտաբանութեան մէջ։ Ան հրատարակած է բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններ։