Որոնել

Քոնկոյի մէջ զոհուածներուն աճիւնները Հռոմ ժամանեցին Քոնկոյի մէջ զոհուածներուն աճիւնները Հռոմ ժամանեցին 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները Քոնկոյի ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար, «Խաղաղութեան ծառայողներ»։

«Ցաւով իմացայ ողբերգական յարձակումին լուրը Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ, որուն պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցին երիտասարդ իտալացի դեսպան Լուքա Աթթանազիոն, 30 ամեայ «Քարապինիրերի» զինուորական Վիթթորիօ Եաքովաչչի եւ անոնց Քոնկոլացի վարորդը Մուսթաֆա Միլամպոն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիայի նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլային ուղղած հեռագիրով մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւը կը յայտնէ Իտալացի Դեսպանին ու անոր թիկնապահ զինուորին ու վարորդին սպանութեան համար, որ տեղի ունեցաւ 22 փետրուարին Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ։

Խաղաղութեան եւ օրէնքի ծառաներ

«Ցաւով իմացայ ողբերգական յարձակումին լուրը  Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ, որուն պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցին երիտասարդ իտալացի դեսպան Լուքա Աթթանազիոն, 30 ամեայ «Քարապինիրերի» զինուորական Վիթթորիօ Եաքովաչչի եւ անոնց Քոնկոլացի վարորդը Մուսթաֆա Միլամպոն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը Իտալիայի նախագահին յղած ցաւացկագիրին մէջ ուր ապա իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ նաեւ զոհերու հարազատներուն, իտալիայի  դիւանագիտական մարմնին ու «քարապինիերիներու»  զօրքին «խաղաղութեան եւ օրէնքի ծառաներուն մահուան համար» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը իտալացի դեսպանը որակելով «օրինակելի վկայութեան, մարդկային ու քրիստոնէական  ակնառու յատկութիւններ ունեցող անձնաւորութիւն մը, միշտ պատրաստակամ հիւսելու եղբայրութեան եւ սիրալիր կապեր, այդ ափրիկեան Երկրին մէջ համերաշխ փոխյարաբերութիւններու հաստատման համար» կը գրէ Սրբազան Պապը մինչ զինուորականին մասին կը յայտնէ՝ թէ ան «մասնագէտ եւ վեհանձն էր իր ծառայութեան մէջ ու մօտ ատենէն ընտանիք պիտի կազմէր»։

Աղօթք եւ սփոփանք

Նորին Սրբութիւնը առ այդ աղօթքներ կը բարձրացնէ «իտալիոյ ազնիւ զաւակներու յաւիտենական հանգիստին համար» ու կը խրախուսէ վստահիլ Աստուածային նախախնամութեան, «ուր գործուած բարիքէն ոչ մէկ բան կը կորսուի, յատկապէս երբ ան վերահաստատուած է ցաւով եւ զոհաբերութեամբ»։ Քահանայապետը  հեռագիրը կ՛աւարտէ Նախագահին,  զոհերու հարազատներուն եւ գործընկերներուն  ինչպէս նաեւ  բոլոր անոնց՝ որոնք կ՛ողբան անոնց մահը ի սրտէ օրհնութիւններ ուղարկելով։

Նախնական տուեալներուն համաձայն վերոնշեալ զինեալ յարձակումը տեղի ունեցած է  Հիւսիսային Իւուի նահանգի Կոմա քաղաքի շրջանին մէջ, ՄԱԿ-ի Պարենաւորման համաշխարհային կազմակերպութեան ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ: Քանի մը ինքնաշարժներ ինկած են անծանօթ զինեալներու կողմէ լարուած թակարդին մէջ: Անոնց նպատակը եղած է պատանդներու առեւանգումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2021, 08:30