Որոնել

«Անապատը վայրն է ուր Աստուած կը խօսի մարդու սրտին»։ Մարեմեան աղօթքի Քահանայապետական խորհրդածութիւնը։

«Քառասնորդացի շրջանին Սուրբ Հոգին մեզ ալ կը մղէ Յիսուսին նման մտնելու անապատ։ Անիկայ ֆիզիկական վայր մը չէ այլ գոյութենական ոլորտ մըն է, ուր պէտք է լռութիւն պահել, ու մենք մեզ դնել Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեան տակ, որպէսզի իրականանայ իսկական դարձ մը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, անցեալ չորեքշաբթի, մոխիրի ապաշխարական ծիսակատարութեամբ, սկսանք քառասնորդացի ուղեւորութիւնը։ Այսօր այս ծիսական ժամանակի առաջին կիրակին, Աստուծոյ խօսքը մեզի կը ներկայացնէ ուղին` պտղաբեր կերպով ապրելու համար այս քառասուն օրերը, որոնք մեզ կ՛ առաջնորդեն սուրբ Զատկուայ տարեկան տօնակատարութեան։ Յիսուսին անցած ճանապարհն է, զոր Աւետարանը, Մարկոսի ոճով, կ՛ ամփոփէ ըսելով` թէ «Ան իր քարոզութիւնը սկսելէ առաջ քառասուն օրեր քաշուեցաւ անապատ ուր փորձուեցաւ սատանայէն»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերով սկիզբ տուաւ կիրակի 21 փետրուարին, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ,  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան, որուն սկիզբը շեշտը դրաւ Աւետարանիչի յատուկ մէջ խօսքին վրայ.  «Սուրբ հոգին է` որ Յիսուսը մղեց անապատ»։ Քահանայապետը այս ուղղութեամբ հաստատեց թէ Յիսուսին համայն կեանքը դրուած է Աստուծոյ Հոգիի նշանին տակ, Ան է, որ զայն կ՛ ոգեւորէ, կը ներշնչէ եւ կ՛առաջնորդէ։

Անապատը վայր ուր Աստուած կը խօսի մարդու սրտին

ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ անդրադարձաւ «անապատ» բառի մասին, դիտել տալով` որ անիկայ վայրն է ուր Աստուած կը խօսի մարդու սրտին եւ ուր դուրս կու գայ աղօթքի պատասխանը։ Սակայն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անիկա վայրն է նաեւ փորձութեան, ուր Փորձիչը օգտուելով մարդուս դիւրաբեկութենէն ու անոր պահանջներէն, իր ստախօսութեան ձայնը կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ ձայնին այլընտրանք։

«Արդարեւ Յիսուսին անապատին մէջ ապրած քառասուն օրերուն ընթացքին սկիզբ կ՛ առնէ Անոր եւ սատանայի միջեւ պայքարը, որ իր աւարտին պիտի հասնի չարչարանքով եւ Խաչելութեամբ» յարեց ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով, որ «Քրիստոսի համայն խորհուրդը պայքար մըն է Չարին դէմ» ու այս ուղղութեամբ նկատել տալով,  որ մահը վերջին անապատն է, որով անցաւ Յիսուս վերջնական յաղթանակ կնքելու համար սատանային վրայ ու մեզ բոլորս ազատելու անոր իշխանութենէն։

Քրիստոնէական կեանքը հակամարտութիւն մըն է չար ոգիին դէմ

Ամէն տարի քառասնորդացին սկիզբը անապատին մէջ  Յիսուսին այս փորձութիւններուն աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ, որ քրիստոնէական կեանքը, Յիսուսին հետքերուն վրայ, հակամարտութիւն մըն է չար հոգիին դէմ։ Մեզի ցոյց կու տայ, որ Յիսուս կամաւոր կերպով դիմագրաւեց Փորձիչը ու յաղթեց անոր, միեւնոյն ատեն մեզի կը յիշեցնէ նաեւ թէ սատանան կարելիութիւնը ունի մեզ ալ փորձութեան մատնելու։ «Պէտք է առ այդ իրազեկ ըլլանք այս խորամանկ թշնամիի ներկայութեան, որ հետաքրքրուած է մեր յաւիտեան կորուստով, մեր ձախողութիւններով, ու պէտք է պատրաստուինք պայքարելու անոր դէմ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «Աստուծոյ շնորհքը` հաւատքի, աղօթքի, ապաշխարութեան հետ միասին մեզի կը հաւաստիացնէ թշնամիին վրայ յաղթանակը»։

Սատանային հետ չի խօսիլ

Յիսուս սատանայի հետ երբեք երկխօսութիւն չէ ունեցած։ Մենք ալ պէտք է օրինակ առնենք Յիսուսէն, չի փորձուինք  խօսելու սատանայի հետ, այնպէս ինչպէս ըրաւ Եւան։ Սատանային հետ պէտք չէ խօսիլ երբեք, պատասխանելու ենք միայն Աստուծոյ խօսքով, ինչպէս ըրաւ Յիսուսը։ Երբեք չի խօսինք սատանային հետ..» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

«Քառասնորդացի շրջանին Սուրբ Հոգին մեզ ալ կը մղէ Յիսուսին նման մտնելու անապատ։ Անիկայ ֆիզիկական վայր մը չէ այլ գոյութենական ոլորտ մըն է, ուր պէտք է լռութիւն պահել, ու մենք մեզ դնել Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեան տակ, որպէսզի իրականանայ իսկական դարձ մը» նշեց հուսկ Քահանայապետը ընդգծելով, որ  «Մենք կանչուած ենք քալելու Աստուծոյ արահետներուն վրայ, նորոգելով Սուրբ մկրտութեան մեր խոստումները. Հրաժարիլ սատանայէն ու անոր գործերէն եւ գայթակղութիւններէն»։

ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ապաւինիլ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2021, 12:10