Որոնել

Դառնանք՝ Աստուծոյ բուժիչ քնքշութեան վկաները։ Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Ամէն տեսակ հիւանդներու հոգ տանիլը Եկեղեցւոյ համար կամընտիր գործունէութիւն մը չէ, ան ամբողջական մաս է անոր առաքելութեան, ինչպէս է Յիսուսին առաքելութիւնը, որ է Աստուծոյ քնքշութիւնը տանիլ տառապող մարդկութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 Փետրուար 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ անցեալ 20 դեկտեմբերէն ընդհատած ու միայն ուղիղ եթերի միջոցաւ կատարած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը սկսաւ դարձեալ գլխաւորել իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ՝ ի տես  մէկ Փետրուարէն սկսեալ քորոնավիրուսի առողջապահական  ճգնաժամին բերումով հաստատուած փակման դրութիւններու թուլացումին։

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հաւատացեալները նշեց թէ այսօրուան Աւետարանը  (Մարկոս 1, 29-39), կը ներկայացնէ Յիսուսին կողմէ կատարուած Պետրոսի զոքանչին բուժման դրուագը, ու նաեւ իր շուրջ հաւաքուած այլ շատ մը հիւանդներուն եւ տառապողներուն բուժումը։

Պետրոսի զոքանչի բուժումը

Մարկոս Աւետարանիչը կը պատմէ թէ Յիսուս՝ Յակոբի եւ Յովհաննէսի հետ եկաւ Սիմոնի եւ Անդրէասի տունը։ Սիմոնի զոքանչը ջերմէ բռնուած կը պառկէր։ Յիսուս մօտեցաւ անոր, ձեռքէն բռնեց եւ ոտքի հանեց։ Ջերմը իսկոյն  թողուց զինք եւ սկսաւ անոնց սպասարկել։ 

«Որքան քնքշութիւն կայ Յիսուսին այդ պարզ արարքին մէջ։ Անոր բուժիչ ուժը դիմադրութիւն չի գտնէր եւ բուժուած անձը կը վերադառնայ իր բնական կեանքին, անմիջապէս ուրիշներուն մտածելով եւ ոչ թէ ինքն իրեն եւ այս կը նշանակէ իսկական առողջութիւն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, որ  այդ օրը շաբաթ օր էր եւ մայրամուտէն ետք մարդիկ սկսան հիւանդներ եւ այսահարներ բերել Յիսուսին քով ու ան բժշկեց բոլորը ու սատանաները արտաքսեց չի թողելով՝ որ անոնք խօսէին ու յայտնէին թէ ինքը Քրիստոսն էր։

Յիսուսի նախընտրութիւնը տառապող մարդկութեան

Յիսուս սկիզբէն ի վեր ցոյց կու տայ իր նախընտրութիւնը մարմնով եւ հոգիով տառապող անձերուն նկատմամբ։ Հօր նախընտրութիւնն է այդ եւ Ինք այդ մէկը կը մարմնացնէ խօսքերով եւ գործերով։ Անոր աշակերտները ականատէս վկաներ են։ Բայց Յիսուս չուզեց, որ անոնք ըլլան լոկ իր առաքելութեան հանդիսատեսներ, զանոնք ներգրաւեց,  զանոնք հրաւիրեց, անոնց տալով նաեւ հիւանդներ բուժելու եւ դեւերը արտաքսելու իշխանութիւնը։  Եւ այս մէկը անընդհատաբար շարունակուեցաւ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, մինչեւ այսօր։

Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը

«Ամէն տեսակ հիւանդներու հոգ տանիլը Եկեղեցւոյ համար կամընտիր գործունէութիւն մը չէ, ան ամբողջական մաս է անոր առաքելութեան, ինչպէս է Յիսուսին առաքելութիւնը, որ է  Աստուծոյ քնքշութիւնը տանիլ տառապող մարդկութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով յառաջիկայ 11 փետրուարին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ հաստատուած  Հիւանդներու Համաշխարհային օրուան ու այդ օրուան նուիրուած «Salvifici doloris» առաքելական նամակին։

Մօտիկութիւնը, քնքշութիւնը եւ գթութիւնը Աստուծոյ ոճն են

«Իրականութիւնը, որուն մէջ կ՛ապրինք համայն աշխարհին մէջ համաճարակի պատճառաւ, յատուկ կերպով այժմէական կը դարձնէ այս պատգամը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Յոբ նահապետի աղաղակին ու ցաւին դիմաց յաճախ մեր սրտէն բխած «ի՞նչու» հարցումին  ու այդ հարցումին Մարմնացեալ Յիսուսին տուած պատասխանին, որ բացատրութիւն մը չէ՝ «այլ սիրոյ ներկայութիւն, որ կը մօտենայ, ձեռքէն կը բռնէ եւ կը կանգնեցնէ, այնպէս ինչպէս ըրաւ Պետրոսի զոքանչին հետ», նշեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով՝ թէ «միւսին վերէն վար նայելու միակ իրավական ձևը՝  անոր նայիլ անոր ձեռք երկարելու եւ վերականգնեցնելու համար եւ այս մէկը Յիսուսին Եկեղեցւոյ յանձնած առաքելութիւնն է»  ըսաւ Ան  հաստատելով՝ որ «Աստուծոյ Որդին իր Տէրութիւնը կը յայտնէ մօտիկութեան, քնքշութեան եւ գթութեան միջոցաւ»։ «Մօտիկութիւն, քնքշութիւն եւ գթութիւն Աստուծոյ ոճն են» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով նաեւ թէ «այսօրուայ Աւետարանը ապա մեզի կը յիշեցնէ որ այդ գթութեան արմատները մխրճուած են Հօր հետ կապի մէջ, Յիսուս արդարեւ արեւածագէն առաջ ու մայրամուտէն ետք կը քաշուէր ու առանձնութեան մէջ կ՛աղօթէր (Մարկոս, 1, 35)։ Անտեղէն է որ Ան իր առաքելութեան համար ուժ կ՛ընկալէր, քարոզելով եւ բժշկելով։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը թող մեզ օգնէ, որպէսզի թոյլ տանք բժշկուիլ Յիսուսէն, մենք մշտապէս կարիքը ունինք անոր, բոլորս, որպէսզի մեր կարգին դառնանք՝ Աստուծոյ բուժիչ քնքշութեան վկնաերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2021, 12:08