Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակի 25 անօթեւաններ Վատիկանի մէջ ստացան պատուաստը։

Յառաջիկայ օրերուն ասոնց կը յաջորդեն այլ խումբեր։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հրապարակեց  հաղորդագրութիւն մը հաստատելով թէ

«Չորեքշաբթի 20 Յունուարի առաւօտեան, Մինչ Վատիկանի Պետութեան ներքոյ կը շարունակուին պատուաստումներու գործընթացքը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան նախասրահին մէջ, անօթեւաններու 25 հոգիէ բաղկացած առաջին խումբ մը, որ ընդհանրապէս կ՛ապրին Քահանայապետական Ողորմաբաշխութեան խնամակալութեան եւ օգնութեան կառոյցներուն մէջ, ստացան Քովիտ19- ժահրի դէմ պատուաստի առաջին դեղաչափը։ Յառաջիկայ օրերուն ասոնց կը յաջորդեն այլ խումբեր»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 13:59