Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքը» ՝ 20 Յունուարի ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Բաժանումներու դարմանը կը սկսի Աստուծմէ հայցելով խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ միութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 20 Յունուար 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց չորեքշաբթի  օրուայ հրապարակային ընդհանուր  ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով աղօթքի մասին խորհրդածութիւններուն շարքը, ընտրեց խօսիլ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի մասին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս խորհրդածութեան ընթացքին պիտի կեդրոնանամ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքին վրայ։

Արդարեւ 18 – 25 Յունուար երկարող շաբաթը յատուկ կերպով նուիրուած է Աստուծմէ հայցելու համար միութեան պարգեւը, յաղթահարելու համար Յիսուսին հաւատացողներուն միջեւ բաժանումին գայթակղութիւնը։

 «Որպէսի ամէնքը մէկ ըլլան»

Յիսուս վերջին ընթրիքէն ետք աղօթեց իրենիններուն համար, «որպէսի ամէնքը մէկ ըլլան» (Յովհ. 17,21)։ Ասիկա եղաւ Անոր աղօթքը չարչարանքներէն առաջ, կարող ենք ըսել անոր հոգեւոր կտակը։

Պէտք է սակայն նկատենք թէ Տէրը իր աշակերտներուն չի հրահանգեց միութիւնը։ Ոչ ալ անոնց ուղղեց ճառ մը՝ դրդելու համար անոր կարիքը։ Ոչ, Ան աղօթեց իր Հօր՝ մեզի համար, որպէսզի ամէնքս մէկ ըլլանք։ Եւ այս կը նշանակէ,  որ մենք միայն մեր ուժերով կարող չենք իրականացնելու համար միութիւնը։ Անիկա արդարեւ ամէնէն առաջ պարգեւ մը է, շնորհք մըն է, զոր պէտք է հայցենք աղօթքով։

Աստուծմէ հայցել խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ միութիւն

Բաժանումներու դարմանը մէկու մը դիմադրելը չէ,  որովհետեւ անհամաձայնութիւնը այլ անհամաձայնութիւն կը ստեղծէ։ Իսկական դարմանը կը սկսի Աստուծմէ հայցելով խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ միութիւն։

Եւ այս մէկը վաւեր է նախ եւ առաջ մեզի քրիստոնեաներուս համար. Միութեան կարելի է հասնիլ միայն աղօթքով։ Դիւանագիտական ջանքերը, ակադեմիական երկխօսութիւնները բաւարար չեն։ Յիսուս գիտէր այս մէկը ու մեզի բացաւ ճամբան, աղօթելով։ Մեր միութեան համար աղօթքը այդպէսով կը դառնայ խոնարհ ու վստահ մասնակցութիւն Տիրոջ աղօթքին, որ մեզի խոստացաւ թէ իր անունով եղած որեւէ աղօթք լսելի պիտի ըլլայ իր Հօր։

Աղօթել միութեան համար

Եթէ մենք վերատեսենք մեր աղօթքներուն դիտաւորութիւնները պիտի անդրադառնանք,  թէ շատ քիչ անգամ եւ մի գուցէ երբեք չենք աղօթած քրիստոնեաներու միութեան համար։ Բայց եւ այնպէս ճիշդ ասորմէ է, որ կախեալ է աշխարհին հաւատքը. Տէրը մեր միջեւ միութիւնը հայցեց,«որպէսզի աշխարհը  հաւատայ» (Յովհ. 17, 21)։

Աշխարհը պիտի հաւատայ ոչ թէ որովհետեւ մենք բարի փաստարկներով պիտի համոզենք զայն, այլ միայն երբ մենք վկայենք մեզ միացնող ու մեզ բոլորին մօտիկ դարձնող սէրը։

Այս ծանր անհանգստութեան ժամանակներուն՝ աղօթքը,  առ աւելիով կարեւոր է, աղօթքը որպէսզի միութիւնը գերակայէ հակամարտութիւններուն վրայ։ Հրատապ է մէկդի  դնել առանձնայատկութիւնները, նպաստելու համար ընդհանուր բարիքին, ուստի  հիմնական է մեր բարի օրինակը եւ էական է, որ քրիստոնեաները շարունակեն իրենց ճանապարհը դէպի լիակատար եւ տեսանելի միութիւնը։

Սատանան կը բաժնէ. Սուրբ Հոգին կը միացնէ

Վերջին տասնամեակներու ընթացքին դէպի առջեւ մեծ քայլեր կատարուեցան, բայց մենք պէտք է դեռ պայքարինք, որովհետև մեր թշնամին՝ սատանան, բաժնող է,: Ան պառակտում կը սերմանէ ամենուրէք եւ ամէն ձեւերով, մինչդեռ Սուրբ Հոգին ամէն ինչ կը մղէ միութեան։

Սատանան մեզ կը փորձէ օգտուելով եղբայրներու տկարութենէն։ Խորամանկ է։ Կը հսկայացնէ ուրիշներուն սխալներն ու դերութիւնները, անհամաձայնութիւն կը սերմանէ, քննադատութիւններ կը հրահրէ։ Մինչ Աստուծոյ ճամբան տարբեր է, Ան մեզ կ՛ընդունի ինչպէս որ ենք, տարբեր մէկը միւսէն, մեղաւորներ, ու մեզ կը մղէ միութեան։

«Մնացէք իմ սիրոյ մէջ, շատ պտուղ կու տաք» 

Այս տարուայ աղօթքի շաբթուայ նիւթն է «մնացէք իմ սիրոյս մէջ, շատ պտուղ կու տաք» խօսքը (Յովհաննէս 15, 5 – 9)։ Քրիստոսին սէրը արմատն է հաղորդութեան, որ մեզի թոյլ կու տայ յաղթահարել նախապաշարումները, որպէսզի միւսին մէջ տեսնէք եղբայր ու քոյր մը, զոր պէտք է սիրել մշտապէս։

Աղօթել միւս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար ու միասին

Այսպէսով կը բացայայտենք թէ այլ դաւանանքներու քրիստոնեաները իրենց աւանդութիւններով, իրենց պատմութեամբ Աստուծմէ տրուած պարգեւներ են…սկսինք աղօթել անոնց համար եւ երբ կարելի է աղօթել անոնց հետ միասին։ Այդպէսով է, որ պիտի սորվինք սիրել ու գնահատել զանոնք։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը կը յիշեցնէ,  որ աղօթքը համամիութենական շարժումի սիրտն է։ Թող ան ըլլայ մեկնակէտը, որպէսզի կարողանանք օգնել Յիսուսին՝ իրականացնելու իր երազը, որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 09:33