Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Գովաբանութեան աղօթքը». Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Յունուարի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Գովասանական աղօթքը մեզի կը ծառայէ ոչ թէ այն պահուն երբ կեանքը մեզ կը լեցնէ երջանկութեամբ, այլ առաջին հերթին դժուար պահերու ընթացքին, երբ ճանապարհը դէպի վեր է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ով Աստուած, իմ թագաւորը, կ՛ուզեմ քեզ գովաբանել եւ օրհնել քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից։ Մեծ է Տէրը եւ շատ օրհնեալ. Անոր մեծութեանը չափ չ’կայ։ Իմ բերանը Տիրոջ օրհնութիւնը երգէ, եւ անոր անունով օրհնէ իւրաքանչիւր էակ յաւիտեանս յաւիտենից» (Սաղմոս 145,1-3.21) Սաղմոսերգուին սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 13 Յունուարի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան զոր Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց ուղիղ եթերի միջոցաւ առաքելական պալատի մատենադարանէն շարունակելով աղօթքի մասին իր մտորումները ու շեշտը դնելով գովաբանական աղօթքին վրայ։

Խորհրդածութեան սկիզբը Ան ակնարկեց Յիսուսի կեանքին մէջ տագնապալի մէկ պահին։ «Յիսուսին գործած առաջին հրաշքներէն եւ առաքեալներուն Աստուծոյ թագաւորութեան հռչակումին գործին մէջ ներգրաւումէն ետք Մեսիային առաքելութիւնը կ՛ապրի ճգնաժամ մը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Հիասթափութեան  պահուն  Յիսուս իր Հօր կը բարձրացնէ ուրախութեան օրհներգ

 Յովհաննէս Մկրտիչ, որ բանտն էր կը տարակուսի, որովհետեւ վստահ չէր եթէ սխալեցաւ եւ միջնորդներու միջոցաւ Յիսուսին կ՛ուղղէ  հարցում մը. «Դո՞ւն ես Ան որ պիտի գա՞ր, թէ ուրիշ մէկու մը սպասենք» (Մատթ, 11,3)։  Կենաքին մէջ միշտ ալ խաւար պահեր կան եւ Սուրբ Յովհաննէս այդ պահը կ՛ապրի բանտին մէջ։ Արդարեւ այդ ժամանակ բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ ուր Յիսուս հրաշքներ գործած էր թշնամանք յառաջացած էր։ Եւ այդ հիասթափութեան  պահուն  Յիսուս իր Հօր կը բարձրացնէ ուրախութեան օրհներգ մը. «Կը գովաբանեմ Քեզ, Հայր, Տէր երկնքի եւ երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ բանգէտներէն եւ յայտնեցիր մանուկներուն»։

Տագնապի պահուն Յիսուս կ՛օրհնէ Հայրը, կը գովաբանէ զԱյն։ Եւ այս կ՛ընէ որովհետեւ ամէն առաջ Ան «Տէրն է երկնքի եւ երկրի»։  Ապա զայն կ՛օրհնաբանէ, որովհետեւ Հայրը կը նախընտրէ մանուկները, որոնք բաց են եւ կ՛ընկալեն իր պատգամը մինչ իմաստուններն եւ բանգէտները փակ կը մնան։

Գովաբանել Աստուած խոնարհ մարդոց պարգեւին համար

Մենք եւս պէտք է ուրախանանք եւ գովաբանենք Աստուած, որովհետեւ պարզ եւ խոնարհ մարդիկը կ՛ընկալեն Աւետարանը։

Աշխարհի ապագային մէջ եւ Եկեղեցւոյ յոյսերուն մէջ կան «փոքրիկներ»ը, անոնք՝ որոնք իրենք զիրենք միւսներէն լաւ չեն նկատեր, որոնք կը ճանչնան  իրենց սահմանափակ կարողութիւնները եւ իրենց մեղքերը, որոնք չեն ուզէր գերիշխել ուրիշներուն վրայ եւ որ Հօր Աստուծոյ մէջ իրար զիրար կը ճանչնան որպէս եղբայրներ։

Այդ բացայայտ ձախողութեան պահուն Յիսուս կ՛աղօթէ գովաբանելով Հայրը։ Անոր աղօթքը կ՛առաջնորդէ նաեւ մեզ, Աւետարանին ընթերցողներս, տարբեր ձեւով դատելու մեր անձնական ձախողութիւնները, իրադարձութիւնները, որոնց մէջ յստակ  կերպով չենք նշմարեր Աստուծոյ ներկայութիւնն ու գործը, երբ կը թուի թէ չարը կը գերակայէ եւ զայն կասեցնելու ոչ մէկ ձեւ կայ։

Յիսուս որ շատ յանձնարարեց նաեւ աղերսանքի աղօթքը, ճիշդ այն պահուն՝ երբ պատճառ ունէր բացատրութիւններ խնդրելու Հօրմէն՝ կը փառաբանէ զԱյն։

Գովաբանական աղօթքը մեզի կը ծառայէ

Կարիքն ունինք Գովաբանական աղօթքին ոչ թէ այն պահուն երբ կեանքը մեզ կը լեցնէ երջանկութեամբ, այլ առաջին հերթին դժուար պահերու ընթացքին, երբ ճանապարհը դէպի վեր է։ Ահա այդ է փառաբանութեան ժամանակը։ Որովհետեւ այդ վերելքի միջոցաւ, այդ յոգնեցուցիչ արահետի ընդմէջէն,   այդ դժուար անցուղիներու միջոցաւ մենք կը տեսնենք նոր համայնապատկեր մը, աւելի բաց հորիզոն մը։

Այս առընչութեամբ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին կեանքի աւարտին, զրկանքներու մէջ յօրինած աղօթքին մէջ  կայ մեծ ուսուցում մը. «Եղբայր Արեւ» կամ «արարչութեան» օրհներգը։  Աղքատիկ սուրբը զայն չի յօրինեց ուրախ պահի այլ դժուարութիւններու ընթացքին։  Կեանքի աւարտին, կուրութեան եզրին, Ան կը նշմարէ թէ աշխարհը տակաւին չէ փոխուած մինչ մահուան քայլերը կը մօտենան իրեն։

Այդ պահը կարող էր յուսալքումի ամենավատ պահը ըլլար, Ան սակայն ճիշդ այդ պահուն կ՛աղօթէ «Գովեալ ըլլաս, Իմ Տէր…»։

Փառաբանել Աստուած

Ֆրանչիսկոսը Աստուած կը փառաբանէ ամէն ինչի համար, արարչութեան պարգեւներուն համար եւ նոյնիսկ մահուան համար զոր Ան քաջութեամբ կը կոչէ «քոյր»։

Սուրբերն ու Սրբուհիները մեզի ցոյց կու տան թէ կարելի է մշտապէս փառաբանել, ըլլայ լաւ ըլլայ վատ բախտի մէջ, որովհետեւ Աստուած հաւատարիմ Ընկերն է. եւ Անոր սէրը երբեք չի պակսիր։ Գովաբանութեան հիմքը այս է. «Աստուած հաւատարիմ Ընկեր է»։ Ան միշտ մեզի մօտիկ է։ Խաւար եւ դժուար պահերուն քաջութիւնը ունենանք ըսելու «Օրհնեալ ըլլաս Դուն, որ Տէր»։ Փառաբանենք Տէրը։ Այս մէկը մեզի շատ բարիք պիտի պարգեւէ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2021, 09:32