Որոնել

Յիսուս Մանուկ Յիսուս Մանուկ 

«Աստուծոյ ողորմած հայեացքը սեւեռած է աշխարհին վրայ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մեր կատարած ծառայական իւրաքանչիւր արարքի մէջ, ողորմածութեան ամէն մէկ գործի մէջ, Աստուած կը յայտնուի եւ իր հայեացքը կը սեւեռէ աշխարհին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Ուրբաթ 15 Յունուար 2021ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ կատարեց նոր գրառում մը,  որուն մէջ յայտնեց.

“«Մեր կատարած ծառայական իւրաքանչիւր արարքի մէջ, ողորմածութեան ամէն մէկ գործի մէջ, Աստուած կը յայտնուի եւ իր հայեացքը կը սեւեռէ աշխարհին վրայ»։”

Սոյն խօսքերը քաղուած են Նորին Սրբութեան անցեալ կիրակի 10 Յունուարի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութենէն ուր Սրբազան Պապը խօսեցաւ Յիսուսի միջոցաւ ու Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով մեր Աստուծոյ սիրուած զաւակներ դառնալու մասին, ի մէջ այլոց հաստատելով նաեւ թէ  «մեր որեւէ քայլէն առաջ մեր կեանքը յատկանշուած է ողորմութեամբ, որ մեր վրայ հանգչեցաւ։ Մենք փրկուեցանք ձրիաբար։ Փրկութիւնը ձրիութեամբ տրուած է։ Ան Աստուծոյ ողորմած ժեստն է մեր նկատմամբ։ Եւ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ Մկրտութեան Խորհուրդով, բայց նաեւ բոլոր անոնք որոնք մկրտուած չեն կ՛ընդունին Աստուծոյ ողորմութիւնը, որովհետեւ Աստուած զանոնք կը սպասէ։ Կը սպասէ որ անոնք բանան իրենց սրտերուն դռները։ Կը մօտենայ եւ մեզ կը փայփայէ իր ողորմութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2021, 13:30