Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Հրեաներու աւագ Տաճար այցելութեան հինգերորդ տարեդարձը։ Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Հրեաներու աւագ Տաճար այցելութեան հինգերորդ տարեդարձը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի Հրեաներու աւագ Տաճար այցելութեան հինգերորդ տարեդարձը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ նման Հրեաները որակեց «Աւագ Եղբայրներ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր   17 Յունուարին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին  Հռոմի Հրեաներու Աւագ Տաճար` ''Սինակոկ'' այցելութեան հինգերորդ տարեդարձը (17 Յունուար 2016)։ Այդ մէկը պատմութեան մէջ եղաւ Հռոմի հրեաներու տաճարին տուած Քահանայապետի մը երրորդ այցելութիւնը ։ Արդարեւ առաջին ու պատմական այցելութիւնը տեղի ունեցած է 13 ապրիլ 1986-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի օրով։  Սուրբ ՅՊԲ եղաւ առաջին Քահանայապետն որ այցելեց Հռոմի Հրեաներու Մայր տաճարը, այդ օրուայ Րաբունապետ Էլիօ Թոաֆի հրաւէրով։

 Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը եւս այցելեց տաճարը՝ 17 Յունուար 2010-ին։  Ան  Քահանայապետութեան  շրջանին այցելեց նաեւ  հրէական երկու այլ տաճարներ` Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքի տաճարը` 19 օգոստոս 2005-ին, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Գերմանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին, եւ Նիւ Եորքի Սինակոկը` 18 ապրիլ 2008-ին Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս։

Իր նախորդին նման Ֆրանչիսկոս Պապ`  հրեաներու տաճարը այցելեց  17 յունուարին, Հրեաներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութեան զարգացման ու խորացումի 27-րդ օրուան առթիւ։ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ նման Հրեաները որակեց «Աւագ Եղբայրներ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2021, 08:47