Որոնել

Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին առթիւ ժամասացութեան արարողութիւն Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին առթիւ ժամասացութեան արարողութիւն 

Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին եւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ արարողութիւն։ Քահանայապետին քարոզը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մնանք միացած Քրիստոսին մէջ, Սուրբ Հոգին որ զեղուած է մեր սրտերուն մէջ մեզ զգալ տայ թէ Հօր զաւակներէն ենք. Իրար միջեւ եղբայրներ եւ քոյրեր. Եղբայրներ եւ քոյրեր միեւնոյն մարդկային ընտանիքին։ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, սիրոյ հաղորդութիւն մեզ աճեցնէ միութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 25 Յունուար 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 5.30-ին, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին եւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եզրափակող օրուան առթիւ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Ժամասացութեան արարողութիւնը, զոր գլխաւորեց Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը, փոխան Ֆրանչիսկոս Պապին, որ զստոսկրի ջղացաւի պատճառաւ չի կարողացաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան,  որուն ի մէջ այլոց իրենց մասնակցութիւնը բերին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ սահմանափակ թիւով հաւատացեալներ։

«Մնացէք իմ սիրոյս մէջ»

Ժամասացութեան ընթացքին Աւետարանական հատուածի ընթերցումէն ետք Կարդինալ Քոխը կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ պատրաստած քարոզը, որուն սկիզբը Ան մատնանշելով  քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան այս տարուայ բնաբանին «Մնացէք իմ սիրոյս մէջ», կը հաստատէ թէ Յիսուս իր այս խնդրանքը կը կապէ որթատունկին ու անոր ճիւղերուն»։

Արդարեւ Յովհաննէսի աւետարանէն  քաղուած  (Յովհ. 15 -5-9) աւետարանական հատուածին մէջ կը կարդանք։

«Ե՛ս եմ որթատունկը եւ դուք` ճիւղերը։ Ո՛վ որ մէջս հաստատուած է եւ ես անոր մէջ` այնպիսին շատ պտուղ կը բերէ. որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել։  Եթէ մէկը իմ մէջս հաստատուած չըլլայ, ճիւղին նման դուրս կը նետուի ու կը չորնայ, եւ յետոյ կը ժողվեն զայն, կրակ կը նետեն ու կ՛այրի։  Եթէ դուք իմ մէջս հաստատուիք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ, ինչ որ ուզէք` խնդրեցէք, պիտի տրուի ձեզի։  Ասով կը փառաւորուի Հայրս, որ դուք առատ պտուղ բերէք, եւ իմ աշակերտներս ըլլաք։ Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, ես ալ ձեզ սիրեցի. հաստատուն կեցէք իմ սիրոյս մէջ»(Յովհ. 15, 5 – 9)։

Յիսուսը՝ որթատունկ

«Որթատունկը նոյնինքն Տէրն է, իսկական որթատունկը, որ չի դաւաճաներ սպասումները այլ հաւատարիմ կը մնայ սիրոյն, հակառակ մեր մեղքերուն եւ մեր բաժանումներուն։ Այդ որթատունկին մէջ բոլոր մկրտեալներս պատուաստուած ենք որպէս ուռեր եւ այս կը նշանակէ թէ մենք կարող ենք աճիլ եւ պտուղ տալ միայն եթէ միացած ըլլանք Յիսուսին» կը նշէ Սրբազան Քահանայապետը քարոզին մէջ անդրադառնալով միութեան երեք օղակներու՝  նման ճիւղի օղակներուն։

Յիսուսին մէջ մնալ

Առաջին օղակը ներքին է «Յիսուսին մէջ մնալն է»  եւ  այստեղէն է, որ կը մեկնարկէ իւրաքանչիւրի միութիւնը, յատկապէս այսօրուայ արագ ու բարդ իրականութեան մէջ։

«Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ իր մէջ մնալու հաստատութեան գաղտնիքը։ Ան գիտէ թէ առանց իրեն կարելի չէ  ոչ մի բան իրագործել ու մեզի օրինակ կը հանդիսանայ ցոյց տալով ինչ պէտք է ընել. «Ամէն օր ամայի տեղեր կը քաշուէր աղօթելու համար»։

«Մենք կարիքը ունինք աղօթքին. նման ապրելու համար ջուրին»։ Աղօթքին մէջ մենք կը փորձարկենք Յիսուսին սէրը ու մեր գոյութիւնը կեանք կը քաղէ նման ուռին որ սնունդ կը քաղէ  կոճղէն»։

 Քրիստոնեաներու միութեան օղակը՝ միեւնոյն որթատունկի ուռեր

Երկրորդ օղակը Քրիստոնեաներու միութեան օղակն է։ Մենք միեւնոյն որթատունկին ուռերն ենք, իւրաքանչիւրիս գործած բարին ու չարը կ՛ազդէ միւսներուն վրայ։ Այն չափով, որ մենք կը մնանք Աստուծոյ մէջ այնքանով մենք կը մօտենանք ուրիշներուն եւ այն չափով, որ մենք կը մօտենանք ուրիշներուն կը մնանք Աստուծոյ մէջ։   Աղօթքը կարող է միայն սիրոյ առաջնորդել։ Անկարելի  է արդարեւ Յիսուսին հանդիպիլ առանց հանդիպելու անոր Մարմնոյն, կազմուած բազմաթիւ անդամներէ, այնքան որքան են մկրտելաները։ Եթէ մեր աղօթքը հարազատ է պիտի աճինք սիրոյ մէջ հանդէպ անոնց, որոնք կը հետեւին Յիսուսին,  որովհետեւ անոնք նոյնիսկ եթէ «մեզմէ չեն» Յիսուսինն են։

Անպտուղ ուռը  կը կտրուի. պտղաբեր ուռը կը մաքրուի

«Եղբայրները սիրելը դիւրին չէ, որովհետեւ շուտով ի յայտ կու գան անոնց թերութիւնները ու մեր մտքին մէջ դարձեալ կը ծաղկին անցեալին վէրքերը» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առնչութեամբ կարեւոր նկատելով Հօր ներգործութիւնը, որ որպէս մասնագէտ մշակ  մը (Յովհ 15, 1), գիտէ՝ թէ ինչ պէտք է ընել. «Ամէն ուռ որ վրաս հաստատուած է եւ պտուղ չի տար կը կտրէ զայն։ Եւ ամէն ուռ որ պտուղ կու տայ կը մաքրէ զայն» (Յովհ 15-2)։

«Հայցենք Հօրմէ, որ մեզմէ հեռացնենք ուրիշներուն նկատմամբ նախապաշարումները եւ աշխարհի կաշկանդումները, որոնք արգելք են իր բոլոր զաւակներու լիակատար միութեան, որպէսզի  բիւրեղացած սիրոյ մէջ կառողանանք երկրորդ կարգի վրայ դնել երկրային հանգոյցներն ու ժամանակի արգելքները, որոնք մեզ կը շեղեցնեն Աւետարանէն»։

Սուրբ Հոգին մեզի կը սորվեցնէ սիրոյ գործնականութիւնը

Միութեան երրորդ օղակը «համայն մարդկութեան» օղակն է։ Այս ուղղութեամբ կրնանք խորհրդածել Սուրբ Հոգւոյն վրայ ։ Ան կը բջէ ուր որ կ՛ուզէ եւ կը փափաքի տանիլ միութեան։ Ան մեզ կը մղէ սիրելու ոչ միայն ան, որ մեզ կը սիրէ, այլ ամէնքը՝ ինչպէս մեզի սորվեցուց Յիսուս։ Մեզի կարող կը դարձնէ ներերու թշնամիները ու կը մղէ ստեղծագործ ըլլալ սիրոյ մէջ։ Կը յիշեցնէ որ մենք կանչուած ենք ըլլալու դիւրաբեկ մարդկայնութեան համար բարի սամարացիներ։

Թող որ Սուրբ Հոգին մեզ օգնէ ապրելու ձրիութեան մէջ, սիրելու առանց որեւէ ակնկալումի, որովհետեւ մաքուր եւ անձուրաց սիրոյ մէջ է, որ Աւետարանը պտուղներ կու տայ։Սուրբ Հոգին մեզի կը սորվեցնէ սիրոյ գործնականութիւնը հանդէպ բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնց հետ կը կիսենք միեւնոյն մարդկայնութիւնը, զոր Քրիստոսը միացուց իրեն մեզի ըսելով, թէ զինք կը գտնենք ամենաաղքատ ու կարիքաւոր մարդոց մէջ։

Միասնաբար ծառայել աճելու համար միութեան մէջ

Անոնց ծառայելով միասնաբար մենք մեզ կը վերագտնենք եղբայրներ ու կ՛աճինք միութեան մէջ։ Սուրբ Հոգին մեզ կը խրախուսէ հոգ տանելու մեր հասարակաց տան, եւ այդ ուղղութեամբ կատարելու արի ընտրութիւններ։ Սուրբ Հոգին, որ է նաեւ համամիութեան ճանապարհորդութեան ճարտարապետը, մեզ բերաւ այստեղ այս երեկոյ, աղօթելու համար միասին։

Շնորհակալութիւն Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքին

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց  որոնք այս շաբթուայ ընթացքին աղօթեցին եւ կը շարունակեն աղօթել Քրիստոնեաներու միութեան համար։ Ապա ողջունեց  արարողութեան ներկայ գտնուող քոյր եկեղեցիներու բոլոր ներկայացուցիչները ու նաեւ անոնց որոնք համաճարակի պատճառաւ  չի կարողացան ներկայ գտնուիլ ինչպէս «Պոսսէյի համամիութենական հասարակութիւնը»։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մնանք միացած Քրիստոսին մէջ, Սուրբ Հոգին որ զեղուած է մեր սրտերուն մէջ մեզ զգալ տայ թէ Հօր զաւակներէն ենք. Իրար միջեւ եղբայրներ եւ քոյրեր. Եղբայրներ եւ քոյրեր միեւնոյն մարդկային ընտանիքին։ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, սիրոյ հաղորդութիւն մեզ աճեցնէ միութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2021, 18:07