Գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ Սուրբերու Դատի Ժողովի նոր քարտուղար։
Վատիկան Նիուզ
Երկուշաբթի 18 Յունուար 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրամանագիրով Սուրբերու Դատի Ժողովի քարտուղար նշանակուեցաւ գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ որ 2017-էն ի վեր կը վարէր Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ենթաքարտուղարի պաշտօնը։ Ան պիտի համագործակցի Ժողովին կառավարիչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին հետ։
1959-ի ծնունդ գերապայծառ Ֆապենէ իր կազմաւորումը ստացած է Վիթերպոյի Քահանայապետական նահանգային նորընծայարանէն ներս։ Քահանայ ձեռնադրուած է 26 մայիս 1984ին եւ Եկեղեցական իրաւաբանական ուսմունքը աւարտած է Լատերանի Քահանայապետական համալսարանէն ներս։ 2010 սկսեալ կը կանչուի Վատիկան, ուր կը ստանձնէ Եպիսկոպոսներու Ժողովի գրասենեակի ղեկավարութիւնը հուսկ Կարդինալական դասի քարտուղարութեան տեղակալի պաշտօնը։
8 Փետրուար 2014-էն սկսեալ գերապայծառ Ֆապենէ կը նշանակուի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ենթաքարտուղար։ Հեղանակ է զանազան յօդուածներու եւ գիրքերու
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ